Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պօղոս Սնապեանի Մտերմութեամբ» Խորագիրով Յուշ Երեկոյ Դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանի Մեկնաբանութեամբ

October 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

snabian-4_10-06-15

«Պօղոս Սնապեան Առանց Բարձրակոչ Տիտղոսներու
Իր Ձայնը Լսելի Դարձուց
Հայոց Աշխարհի Բոլոր Անկիւններուն Մէջ»

Ըսաւ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան

Երէկ` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սահին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը` «Պօղոս Սնապեանի մտերմութեամբ» խորագիրով, որուն բանախօսն էր դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան:

Ձեռնարկը սկսաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ գրականագէտ Պօղոս Սնապեան կը խօսէր իր եւ իր գրական գործունէութեան, գրական խոհերուն մասին:

Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան
Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան
Արազ Գոճայեան
Արազ Գոճայեան

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գոճայեան: Ապա Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ» եւ «Անտունի» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանին:

Բեմ հրաւիրուեցաւ բանախօս դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան, որ յաջողեցաւ բոլոր ներկաները փոխադրել այնպիսի ոլորտ, ուր նոր կեանք շնորհուեցաւ արժէքաւոր անձի մը, որուն ստեղծագործութիւնները հայ ժողովուրդի դիմագիծը կը կազմեն: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան ըսաւ, թէ Պօղոս Սնապեանի գործին առաջին ծանօթացումէն 51 տարի ետք բախտ վիճակուած է իրեն ներկայացնելու Սնապեան մարդն ու ստեղծագործողը անոր ապրած քաղաքին մէջ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս առիթը տուին իրեն:

Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան անդրադարձաւ Պօղոս Սնապեանի կենսագրական տուեալներուն` ժամանակագրական կարգով  յիշելով, թէ ինչպէ՛ս կեանքի փշոտ ու փոշոտ ճամբան իր անջնջելի հետքը ձգած են պատանի Պօղոս Սնապեանի հոգիին մէջ: Ապա Ապուսեֆեան հաստատեց, որ Պօղոս Սնապեան  անկաշառ բարեկամը, նուիրուած քաղաքացին, անձնուէր հայրենասէրը առանց բարձրակոչ տիտղոսներու իր ձայնը լսելի դարձուց հայոց աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ: Ապուսեֆեան ըսաւ, թէ Պօղոս Սնապեան աններող կեցուածք ունեցած է հայ գրականութիւնը եւ ազգային կեցուածքը խեղաթիւրողներուն նկատմամբ: Ապա նշեց, որ Սնապեան ճկուն էր արեւմտահայ լեզուն օգտագործելուն մէջ եւ իր գործերով ընթերցողները կը տեղափոխէր մարդկային սրտին խորերը: Սնապեան ամէն ինչ գրականութիւն կը փոխադրէր: Անոր պատմուածքները կը շօշափէին մարդկային տարբեր խորութիւններ` կերտելով մարդկային տարբեր կերպարներ:

Ապուսեֆեան ուշադրութեան հրաւիրեց, թէ ինչպէ՛ս հայ լեզուի ու մշակոյթի պաշտպան Պօղոս Սնապեան կ՛աշխատէր գրականութիւն հրամցնել ժողովուրդին, որովհետեւ կը հաւատար, որ ժողովուրդը իր լեզուն եւ մշակութային արժէքները կը պահէ աւելի շատ գրականութեամբ եւ ոչ թէ եկեղեցիներու առատութեամբ:

Բանախօսը անդրադարձաւ, թէ ինչքա՛ն դժուար է ստեղծագործողի ներքին տուայտանքները վերածել բառի, ապա հաստատեց, որ Պօղոս Սնապեան այն գրողներէն էր, որ կրցած էր ստեղծագործողի տուայտանքները բառերու վերածել, որպէսզի կարդացողը իմանայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի ստեղծագործողի ներաշխարհին մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս ստեղծագործողը կը տքնի իր էութենէն արարելու եւ մտածումը բառի վերածելու: Այս առումով ալ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան ուշագրաւ գտած է «Սպիտակ թուղթ» եւ «Սեւ թուղթ»  գրութիւնները:

Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան նաեւ ըսաւ, թէ Սնապեան օգտագործած է նաեւ այլաբանութիւնը, որ ընթերցողի երեւակայութիւնը ընդլայնի, եւ ոչ միայն մտածէ, այլ գրականութեան ետեւէն իյնայ:

snabian-3_10-06-15

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» հատորին, որ հայ ժողովուրդի ամբողջ ճակատագիր մը կը խտացնէ իր մէջ: Ապա յիշեց, թէ գրականագէտը ինչպէ՛ս իր էութեան մէջ մաքուր կը պահէր իր հայրենիքը: Սնապեան նոյնիսկ աշխատած է հայրենի գրողներուն մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ հասկցնել, որ պատմութիւնը չի ներեր:

Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան ըսաւ, թէ  Պօղոս Սնապեան  ստեղծած է անմոռանալի պատմուածքներ եւ հիասքանչ հաւաքածոներ: Եղած է նորարար նոյնիսկ իր մահէն ետք, վկայ ստեղծումն ու բացումը իր տուն-թանգարանին, որ ոչ միայն յիշելու վայր մըն է, այլեւ սփիւռքահայութեան սորվեցնելու միջավայր մը, որ բացի զուարճանալու վայրերէն կան նաեւ գրողներու տուներ, ուր կարելի է երթալ եւ զգալ գրողի շունչն ու ոգին եւ հարստացած դուրս գալ:

Բանախօսութեան աւարտին Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի բացման առիթով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը: Իսկ ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուեցաւ «Պօղոս Սնապեանի մտերմութեամբ» խորագրեալ խտասալիկ մը, որ կ՛ընդգրկէ երեք բաժիններ. առաջին բաժինով Պօղոս Սնապեան կ՛ընթերցէ իր գրութիւններէն երեքը` «Պարը», «Հողը» եւ «Քու նոր տարին, մեր նոր բարին», երկրորդ բաժինին մէջ կը ներկայացուին տարբեր առիթներով արտայայտուած խոհեր եւ մտածումներ, իսկ երրորդ բաժինով ՀՅ Դաշնակցութեան 96-ամեակի տօնակատարութեան առիթով հրապարակային դասախօսութենէն հատուածներ:

Խտասալիկին կ՛ընկերանայ փոքր չափի 20 էջնոց գրքոյկ մը, ուր ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացուին Սնապեանի կենսագրութիւնը, մտածումներէն պատառիկներ, լուսանկարներ, ձեռագիրի նմուշ մը եւ այլն:

Խտասալիկի մտայղացումը եւ իրագործումը կը պատկանի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, իսկ ձայնագրուած նիւթերու ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ գրքոյկի բովանդակութիւնն ու նկարները վերցուած են Սնապեանի անձնական արխիւէն:

Ձայնագրութիւնը իրագործուած է Յարութիւն Սուրճեանի կողմէ («Tweeter Music Shop»): Ձեւաւորումն ու գոյներու ընտրութիւնը կը պատկանի Ռոստոմ Գույումճեանի, իսկ տպագրութիւնը կատարուած է «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան մէջ:

 

 

Նախորդը

Պատժել Եւ Զինադադար Պարտադրել Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Պիելոռուսիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Ռուսական Ռազմակայանի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.