Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Աղբալեանի Վաստակին Հետքերով. Գործակցութեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն` Երեւանի Պետական Համալսարանի Հրատարակչութեան Եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Միջեւ

Նոյեմբեր 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ybh_110515

Երէկ` հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան միջեւ գործընկերութեան յուշագիրի ստորագրութիւն` ներկայութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան:

Հրատարակչատան մուտքին ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Երեւանի պետական համալսարանին վերջին հրատարակութիւնները:

ybh-6_110515

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն հանդիպումին ներկաները համախմբողը միայն հայ գիրն ու գրականութիւնը չէ: 85 տարիներ վերջ այս 2 հաստատութիւնները համախմբողը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանն է, որ եղած է հիմնադիրը Երեւանի պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ անոր հրատարակչատան, որ յառաջիկայ տարի կը բոլորէ իր 85-ամեակը: Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ առաջին յարգանքը եւ առաջին նուաճումը կը պարտինք Նիկոլ Աղբալեանի, իր նախաձեռնութեան, որոշումներուն եւ անդուլ աշխատանքին` հայութեան բոլոր հատուածներուն մէջ: Ան ուրախալի նկատեց պահը, որովհետեւ «երբ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան մշակութային, կրթական եւ հրատարակչական մարզերուն մէջ յառաջանանք, սփիւռքը աւելի կը զօրանայ, Հայաստանը աւելի կը հարստանայ»` աւելցնելով, որ համաձայնագիրները թուղթի կտորներ են, եթէ անոնք կեանք չստանան գործակցութեամբ: Հաւաթեան ըսաւ, որ Երեւանի պետական համալսարանին հետ լիբանանահայ գաղութի համագործակցութիւնը  երկու տարուան դանդաղ քայլերով փորձառութիւն ունի,  եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք վերածուին հաստատ քայլերու եւ մօտիկ ապագային արդիւնաւորուին: Անդրադառնալով հրատարակչական մարզին` Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը իբրեւ խորհրդակցութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում բիւրեղացած է` աւելցնելով, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան համագործակցութիւնը հայաստանեան բազմաթիւ հրատարակչատուներու հետ, յատկապէս մանկապատանեկան գրականութեան մարզին մէջ, արդէն իր գործնական քայլերը առած է, եւ ներկայիս կան հրատարակութիւններ, որոնց հրատարակութիւնը համագործակցաբար կը պատրաստուի հայաստանեան հրատարակչատուներու հետ: «Այսօր այս համագործակցութիւնը մէկը աւելիով կը հարստանայ եւ կ՛արմատաւորուի ի դէմս Երեւանի պետական համալսարանին, այս պարագային գիտահետազօտական եւ հայ ժողովուրդի վաւերական արժէքներուն տարածման իմաստով, եւ առիթը կ՛ունենաք դնելու այս համագործակցութեան նոր հիմերը, որոնք պիտի ընդգրկեն ծրագիրներ գրատարածման մարզին մէջ, միացեալ հրատարակութիւններ, նաեւ ուսանողներու հրատարակութիւններու փոխանակում, որպէսզի սփիւռքը ծանօթանայ հայաստանեան իրականութեան եւ Հայաստանի ուսանողութիւնը ծանօթանայ սփիւռքի մտածողութեան ու ներուժին» հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան:

Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան տնօրէն Կարէն Գրիգորեան իր կարգին խօսք առնելով ներկայացուց համալսարանի հրատարակչատան տարած գործունէութիւնը: Ան յայտնեց, որ 1919  թուականին հիմնադրուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանը, եւ յստակ էր, որ յաջորդող տարիներուն պէտք էր հրատարակուէին գիրքեր, դասագիրքեր, ուսումնական եւ կրթական ձեռնարկներ: 1920 թուականին համալսարանին մէջ տպագրուած է առաջին դասագիրքը` որ հոգեբանութեան դասագիրք էր, նաեւ առաջին թերթը: Ան նկատել տուաւ, որ համալսարանի հրատարակչութիւնը այս տարի նշած է իր 95-ամեակը` աւելցնելով, որ տարիներու ընթացքին իրենց հրատարակչական աշխատանքները տարբեր ուղղութիւններով ընթացած են. հրատարակուած են արժէքաւոր բառարաններ, ինչպէս` հայոց լեզուի «Հայկազեան բառարան»-ը, Մալխասեանի «Հայերէնի բացատրական բառարան»-ը, Հրաչեայ Աճարեանի «Արմատական բառարան»-ը, Աշոտ Սուքիասեանի «Հոմանիշներու բացատրական բառարան»-ը, «Գրաբարի բառարան»-ը, «Արեւմտահայերէնի բառարան»-ը, լեզուներու բառարաններ: Կարէն Գրիգորեան ըսաւ, որ վերջերս լոյս տեսած է նաեւ հայերէն-անգլերէն եւ անգլերէն-հայերէն ցեղասպանագիտութեան բառարանը, ուր զետեղուած են ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր բառերը: Շարունակելով իր խօսքը` Գրիգորեան յայտնեց, որ համալսարանին հրատարակչական ուղղութիւնը զարգացած է նաեւ գեղարուեստական աշխատանքներու հրատարակութեամբ: Ան անդրադարձաւ վերջին տարիներուն համալսարանին իրականացուցած հիմնական աշխատանքներուն, ինչպէս` գիրքերու թուայնացման աշխատանքները, ելեկտրոնային գիրքերու ստեղծումը: Խօսելով «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ համագործակցութեան մասին` ան նշեց, որ կողմերը քննարկած են ելեկտրոնային գիրքեր ստեղծելու հարցը, ինչպէս նաեւ միացեալ հրատարակութիւններու իրականացման կարելիութիւնները, ինչպէս օրինակ` հայոց պատմութեան դասագիրքի հրատարակութիւնը: Գրիգորեան ըսաւ, որ համալսարանին հրատարակած գիրքերը կարելի է գտնել Համազգայինի գրախանութին մէջ` աւելցնելով, որ համալսարանը համագործակցութեան մէջ է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գրադարանին եւ հրատարակչութեան հետ եւ մտադրած են իրենց գիրքերէն նուիրել կաթողիկոսարանին, նաեւ մասնագիտական գիրքեր հրատարակել համագործակցութեամբ կաթողիկոսարանի հրատարակչութեան:

Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան ելոյթ ունենալով հպարտանքի եւ ուրախութեան պահ նկատեց սոյն հանդիպումը: Ան նկատել տուաւ, որ փոխադարձ կապերու ամրապնդումը կարելիութիւն կու տայ երկու կողմերուն ծանօթանալու հայագիտական մարզին մէջ եղող հարցերուն, որոնք տարիներու ընթացքին կ՛աւելնան: Ան առաջարկեց, որ յառաջիկային ոչ հայագիտական գիրքեր ալ հրատարակուին:

Աւարտին Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան տնօրէն Կարէն Գրիգորեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ստորագրեցին համաձայնագիրը:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Ծանր Պարտութեամբ Աւարտեց Ախոյեանութիւնը

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 14. «Մաշեցումի» Ռազմավարութիւնը` Ընդդէմ «Արժանապատուութեան» Պահանջատիրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?