Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբ Թափելը Քննելի Նիւթ Չէ, Իսկ Միշել Մըրի Առաջարկը Ապագայի Ծրագիր Մըն Է, Որ Պէտք Է Ուսումնասիրել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

November 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hagop_pakradouni2_110215

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» եւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին վերահաստատեց, որ կտրականապէս կը մերժուի Պուրճ Համուտի մէջ բուռ մը աղբ թափել:

Անդրադառնալով երեսփոխան Միշել Մըրի կատարած երէկուան յայտարարութեան, թէ Պուրճ Համուտի տարածքին մէջ կը ծրագրուի հաստատել աղբերու զտման գործարան մը, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա նորութիւն մը չէ` աւելցնելով, որ 1990-ին զօր. Միշել Աունի կառավարութեան կողմէ տրուած որոշում մըն է, ուր կ՛ըսուի, թէ հարիւր հազար քառ. մեթրի հասնող տարածք մը պիտի յատկացուի Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան: «Ըստ այդ որոշումին, այդ տարածքին վրայ պիտի իրագործուի աղբերու զտման եւ փճացման ծրագիր մը: Բնականաբար ասիկա այսօրուան դրութեամբ գործադրուելիք ծրագիր մը չէ, եւ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է Պուրճ Համուտի մէջ առողջապահական չափանիշներով աղբանոց հաստատելու կառավարութեան որոշումին, որ արդէն իսկ մերժած ենք», վերահաստատեց ան` հարիւրերորդ անգամ ըլլալով ըսելով, որ դէպի Պուրճ Համուտ նոր աղբեր բերելու եւ աղբանոց հաստատելու խնդիրը կարմիր գիծ է: «Այս հարցին մէջ մենք ոչ մէկ զիջում պիտի կատարենք: Սակայն եթէ նկատի ունենանք, որ աղբի տագնապին լուծման կառավարութեան ծրագիրին գործադրութենէն 18 ամիս ետք, իւրաքանչիւր քաղաքապետութիւն պէտք է իր աղբի հարցը լուծէ եւ անհրաժեշտ պարագային հաստատէ նաեւ համապատասխան գործարաններ, ապա այդ շրջագիծին մէջ հինէն եկող այս ծրագիրը արժանի է ուսումնասիրութեան: Ուսումնասիրութիւնը բնականաբար պիտի կատարուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ, այդ ծրագիրին ունենալիք կենսոլորտային ազդեցութիւնները պէտք է նկատի առնուին, ինչպէս նաեւ սերտուի աղբին քանակը», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Մըրի կատարած առաջարկը աղբերու զտման գործարանի հաստատում է եւ ոչ աղբերու հրկիզման գործարան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ բոլորին համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին սկզբունքային կեցուածքէն ոչինչ փոխուած է, ոչ մէկ ձեւով կարելի է Պուրճ Համուտի մէջ աղբ թափել, իսկ այն, ինչ որ հետագային ծրագրելի է, ապա անոր քննարկումը կը կատարուի ապագայ այլ առաջարկներու կողքին:

«Մտահոգիչ ոչ մէկ հարց կայ, ընդհակառակն` քայլ մը առաջ ենք` աղբերը զտելու եւ զանոնք Պուրճ Համուտէն դուրս փոխադրելու իմաստով», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Նախորդը

Բանակայիններու Ամսաթոշակներուն Հարցը Լուծուած Է

Յաջորդը

«Հայաստան» Հիմնադրամի Այս Տարուան Թելեթոնը Տուն Պիտի Նուիրէ 5 Եւ Աւելի Երեխայ Ունեցողներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.