Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Ամերիկան Դրական Ակնարկներ Կը Կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչման Կապակցութեամբ

November 2, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated110115

Հարաւային Ամերիկան, յատկապէս Ուրուկուէյը, նախորդ տարիներուն  ընթացքին շատ զօրաւոր պատգամներ յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցով:

Այս մասին News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ԱՊՀ երկիրներու, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան պետութիւններու Ընկերվար միջազգայնականի յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ աշխուժօրէն  կը մասնակցի Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ դատի գրասենեակի գործունէութեան:

Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը բնականաբար դիւրին հոլովոյթ չէ: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս տարի Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ շատ վառ ելոյթ ունեցած էր, որուն ընթացքին ողջունած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ յաջողութիւն մաղթած: Այդ յայտարարութեամբ ան հակուած էր ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: 3 տարի առաջ Ուրուկուէյը խորհրդարանական պատուիրակութիւն ուղարկած էր Ղարաբաղ: Երկրի խորհրդարանի ղեկավարն ու բազմակուսակցական պատուիրակութիւնը այցելած էին Լեռնային Ղարաբաղ եւ համապատասխան հանդիպումներ ունեցած», յիշեցուցած է Մարիօ Նալպանտեան:

Ան նշած է, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ շատ բարձր է ազգերու  ինքնորոշման իրաւունքի գիտակցութեան մակարդակը:

«Այդ մէկը կը խթանէ շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման աշխատանքները: Հոլովոյթը, ինչպէս ըսի, բարդ է, բայց այս պարագային ճշմարտութիւնը հայ ժողովուրդին կողմն է, եւ մենք պէտք է շարունակենք այդ աշխատանքներուն իրականացումը», աւելցուցած է Մարիօ Նալպանտեան:

 

Նախորդը

Աղբի Տագնապին Լուծման Նպատակով Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Սակայն Տակաւին Այդ Առումով Կառավարութիւնը Նիստի Մը Չէ Հրաւիրուած

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Յայտարարութիւնը Վերջին Շրջանի Ամէնէն Կարեւոր Յառաջընթացը Կարելի Է Նկատել

RelatedPosts

Ակնարկ.   Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը

March 7, 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ.  Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն  Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ. Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.