Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Կարեւոր Նկատած Է Վրաստանի Դերը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան Պահպանման Իմաստով

Հոկտեմբեր 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vra-31_103015

Աշխատանքային այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի հետ:

Երկու նախագահներու հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է բարձր մակարդակի հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգը, նախանշուած են անոր յառաջդիմութեան վերաբերող նոր հեռանկարները, անդրադարձ կատարուած է քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման վերաբերող ծրագիրներուն: Նախագահներ Սարգսեանն ու Մարկվելաշվիլին երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխշահաւէտ նախագիծերու իրականացման համար կարեւոր նկատած են համարկման տարբեր հոլովոյթներու ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Վրաստանի մնայուն համագործակցութիւնը: Երկու երկիրներու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու շուրջ` ընդգծելով շրջանի կայուն, խաղաղ եւ անվտանգ պահպանման կարեւորութիւնն ու այդ ուղղութեամբ եւս համագործակցութիւնը:

Հանդիպումէն ետք զոյգ նախագահները տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ վրացահայութեան: «Վստահ եմ, որ տեղեակ էք` այս այցելութեան ծիրին մէջ պիտի մասնակցիմ նաեւ Հին Թիֆլիսի պատմական վայրին մէջ նոր շունչ ստացած հայկական առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Վրաստանի իշխանութիւններուն այդ սրբավայրի վերականգնման աշխատանքներուն իրենց աջակցութիւնը բերելու համար: Մենք ալ մեր կարգին յատուկ հոգածութեամբ կը  վերաբերինք Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վրացական մշակութային ժառանգութեան, որուն բարենորոգման ուղղութեամբ աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Հաւատացած եմ, որ միայն այս ձեւով` հոգատարութեամբ մէկզմէկու մշակութային ժառանգութեան վերաբերուելով, մենք կրնանք պահպանել ու բազմապատկել մեր ձեռքբերումները»:

Նախագահը նաեւ հաստատած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ո՛չ միայն գոյութիւն ունի համագործակցութեան բարձր մակարդակ, այլեւ  լիակատար փոխադարձ վստահութիւն: Միացեալ ծրագիրներուն անդրադառնալով` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Մենք քննարկեցինք նաեւ այն ռազմավարական բնոյթի նախագիծերը, որոնց երկուստեք ձեռնամուխ եղած ենք: Կ՛ուզեմ շեշտել Բագրատաշէն-Սատախլօ սահմանային «Բարեկամութեան կամուրջի» շինարարութեան կարեւորութիւնը: Վստահ եմ, որ միացեալ ջանքերով մենք այդ եւ մնացեալ բոլոր ծրագիրները յաջողութեամբ աւարտին պիտի հասցնենք` այդպիսով յաւելեալ խթաններ ստեղծելով մեր երկիրներու յառաջընթացին եւ տնտեսական վերելքին համար: Աներկբայ է, որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Վրաստանը բաւարար ներուժ ունին խորացնելու տնտեսական համագործակցութիւնը` իրագործելով միջպետական փաստաթուղթերով ամրագրուած իրենց պարտաւորութիւնները: Աւելի՛ն, հաւատացած եմ, որ մեր երկիրներուն ներգրաւումը տարբեր համարկման կառոյցներու մէջ ոչ միայն չի խոչընդոտեր, այլեւ կ՛աւելցնէ մեր համակողմանի համագործակցութեան կարելիութիւնները` նոր հորիզոններ ուրուագծելով երկկողմանի եւ բազմակողմանի փոխշահաւէտ ծրագիրներու իրականացման համար»:

Հայաստանի նախագահը նաեւ դիտել տուած է, որ Վրաստանի նախագահին հետ քննարկած է շրջանային հարցերն ու մարտահրաւէրները` կարեւոր նկատելով Վրաստանի դերակատարութիւնը շրջանին մէջ կայունութիւն ու ապահովութիւն հաստատելու առումով: «Կարեւոր կը նկատեմ ընդգծել, որ նման հարցերու մէջ գոյութիւն ունեցող փոխըմբռնումը նախ եւ առաջ պայմանաւորուած է հայ-վրացական եղբայրութեան գերակայութեան գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ մտածելու կարողութեամբ: Աւելի՛ն, մեր ժողովուրդներու խորքային կապերուն վրայ խարսխուած աշխուժ  միջպետական երկխօսութիւնը լուրջ նախադրեալներ կը ստեղծէ  համակողմանի գործընկերութեան նորանոր ուղղութիւններ նախանշելու համար»:

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին ջերմութեամբ յիշած են ընթացիկ տարուան փետրուարին վերջինիս գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութիւնն ու կարեւոր նկատած են վերջին տարիներուն պարբերական բնոյթ ստացած բարձրաստիճան հանդիպումները, որոնք նոր շունչ կը հաղորդեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն` կարելիութիւն տալով քննարկել հայ-վրացական համակողմանի օրակարգի արդիական հարցերը:

vra_103015

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը ողջունած եւ կարեւոր նկատած է Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը` ընդգծելով, որ Սերժ Սարգսեան Վրաստանի մէջ մեծապէս յարգուած է ո՛չ միայն իբրեւ  Հայաստանի նախագահ, այլ նաեւ իբրեւ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման մեծ ջատագով: Դ. Ուսուփաշվիլի յոյս յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը յաւելեալ քայլ մը դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման առումով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է խորհրդարանականներուն դերը պատմական ամուր հիմերու վրայ կառուցուած հայ-վրացական եղբայրական եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով` նշելով, որ միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ միջխորհրդարանական կապերը վաղուց իրենց հաստատուն տեղը ունին. ան աւելցուցած է, որ այս մասին կը վկայէ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբերուն առկայութիւնը: Զրուցակիցները համակարծիք եղած  են այն մասին, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի զարգացումը, երկու բարեկամ ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած են հայ-վրացական սերտ համագործակցութեամբ եւ յարաբերութիւններու ամրապնդումով: Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին կարեւոր նկատած են բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ, փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը:

Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահին մասնակցութեան համար: Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ Վրաստանի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հոլովոյթին եւ տեղեակ են, որ փոփոխութիւններու նախագիծի մշակման հոլովոյթին մէջ մասնագիտական խումբը նաեւ պիտի ուսումնասիրէ Վրաստանի փորձառութիւնը: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկու պետութիւններուն կողմէ միմեանց համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող զգայուն հարցերու ու խնդիրներու նկատմամբ հաւասարակշռուած, շրջահայեաց եւ նրբանկատ վերաբերմունքն ու փոխադարձ շահերու յարգումը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Մեզի Համար «Այո»-էն Ոչ Պակաս Կարեւոր Է, Որ Այս Հանրաքուէն Անցնի Օրինական Պայմաններու Մէջ»

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 10. Միջազգային Օրէնքը, Խօսքի Ազատութիւնն Ու Ցեղասպանութեան Ժխտումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?