Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Մեզի Համար «Այո»-էն Ոչ Պակաս Կարեւոր Է, Որ Այս Հանրաքուէն Անցնի Օրինական Պայմաններու Մէջ»

October 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated82

Այսքան տարի ՀՅԴ-ն մասնակցած է ընտրութիւններուն` բազմաթիւ ձեւերով, բազմաթիւ տարբերակներով, եւ մէկ բան ակնյայտ է` եթէ  տեղամասերուն մէջ վերահսկողութիւն չիրականացուի, այդ մեքանիզմը պիտի մնայ թուղթի վրայ. երէկ խորհրդարանական լսումներու ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Վերահսկողութեան առումով` ընդդիմութիւնը այս զօրաշարժը չէ  ունեցած: Ընդդիմութեան ամբողջ խնդիրը այդ է: Անոնք չեն կրցած 2000  տեղամասերու մէջ պատշաճ վերահսկողութիւն իրականացնել: Անոր  իմաստը այն է, որ կարելի է հասկնալ` ինչ խախտումներ եղած են: Եթէ  ըլլայ վերահսկողութիւն, անվաւերութեան հարցը փաստերով ներկայացնելու կարելիութիւն պիտի ըլլայ: Այդ պատճառով ես կ՛ըսեմ, որ այս համակարգը ամբողջութեամբ պէտք է փոխուի», ըսաւ  պատգամաւորը` աւելցնելով, որ քանի տակաւին սահմանադրական կարգը, ընտրական կարգը չեն փոխուած, այս խօսակցութիւնները պիտի շարունակուին:

«Ես վստահ եմ, որ ամբողջական համակարգը պէտք է փոխուի: Քանի չենք փոխած համակարգը, մենք չենք կրնար խօսիլ անբիծ ընտրութիւններու մասին: Պէտք է անցնիլ բնականոն, ծրագրաւորուած  համակարգի, որմէ ետք անցնիլ ընտրութիւններու վերահսկողութեան մեքանիզմին վստահութեան», նշեց Ռուստամեան:

Ռուստամեանի խօսքով` ՀՅԴ-ն այս հարցին մէջ մտած է շատ պարզ տրամաբանութեամբ: «Մեզի համար «Այո»-էն ոչ պակաս կարեւոր է, որ այս հանրաքուէն անցնի օրինական պայմաններու մէջ: Մենք ալ պէտք է վստահ ըլլանք, որ ամէն ինչ անցած է անկեղծ ու բաց: Դաշնակցութեան վերաբերեալ ըսեմ, որ, ի տարբերութիւն այլ` մեծ-մեծ խօսող քաղաքական ուժերու, ներկայ պիտի ըլլանք 2000 ընտրատեղամասերու մէջ: Մենք բոլոր տեղերուն մէջ ներկայ պիտի ըլլանք եւ վերահսկենք, որ այս քուէարկութիւնը կատարուի ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան», ըսաւ Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Որոշումը

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահը Կարեւոր Նկատած Է Վրաստանի Դերը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան Պահպանման Իմաստով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.