«Ֆըլըսթին» լրատու կայքը հաղորդեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երկուշաբթի, 18 յունուարին Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով հայ համայնքին կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ քրիստոնեաները Պաղեստինի աղն են եւ պիտի մնան իրենց հողերուն վրայ ու երկրին մէջ, իսկ ան որ կ՛ուզէ, որ հեռանան, պէտք է ինք հեռանայ, «եւ ոչ ոք անոր պիտի արտօնէ» հայերը եւ քրիստոնեաները հեռացնել:
«Մենք մէկ ժողովուրդ ենք, մէկ ընտանիքի անդամներ եւ եղբայրներ, մէկ Աստուած կը պաշտենք եւ կ՛ապրինք մէկ հայրենիքի մէջ, ու նախանձախնդիր ենք անոր նկատմամբ: Բոլորս նոյն մակարդակի վրայ ենք, ուստի երբ լսուեցան կարգ մը ձայներ, որոնք կ՛ըսէին, թէ պէտք է քրիստոնեաներէն, մասնաւորաբար հայերէն ձերբազատիլ, անոնց կ՛ըսենք` ձեր զայրոյթէն ճաթեցէ՛ք, հայերը պիտի մնան Երուսաղէմի, Ռամալլայի եւ Բեթղեհէմի մէջ»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած է նամակ մը եւ զինք կը հրաւիրէ Պաղեստին` մաղթելով, որ ան ընդառաջէ այդ հրաւէրին:
Ան նշեց, որ ինչպէս հայ ժողովուրդը իր երկրէն «գաղթելով մեր մօտ եկաւ, ապա այլուր գաղթեց, մենք եւս ներկայիս նոյն հարցէն կը տառապինք: 1948-ին գաղթեցինք եւ այժմ Սուրիա գտնուող գաղթականները կը գաղթեն դէպի ծով, դէպի աքսոր եւ այլուր»: