Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «ՀՅԴ Գաղափարական Ուղղութիւնները Եւ Անոնց Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով Կլոր Սեղան

Յունուար 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zom-2_012216

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 22 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` «ՀՅԴ գաղափարական ուղղութիւնները եւ անոնց մարտահրաւէրները այսօր» նիւթով: Զեկուցաբերներն էին Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Յովհաննէս Թասլաքեան:

zom_012216

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աքասիա Փօլատեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով ԶՈՄ-ը կարեւոր նկատած է անդրադառնալ կուսակցութեան 125-ամեայ երթին` լուսարձակի տակ առնելով անոր ներկայացուցած դերն ու արժէքը հայ ազգի կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնունդը եղած է ժողովուրդին երկարամեայ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացումներուն եւ շնորհիւ հիմնադիրներուն կուսակցութեան գաղափարական ու կազմակերպական հիմունքները առաւել եւս դրոշմուած են ՀՅԴ 125 տարիներու պատմութեան էջերուն մէջ: Ան անհրաժեշտ նկատեց վերանորոգ ու շինիչ ոգիով խորհրդածել կուսակցական գաղափարական հիմունքներուն մասին` ընկերվարութիւն, ազգ, հայրենիք, ժողովրդավարութիւն եւ յեղափոխութիւն:

Փօլատեան նաեւ յայտնեց, որ ԶՈՄ-ը ձեռնարկած է նաեւ անգլերէնով տեսերիզի մը պատրաստութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ օտար հասարակութեան ծանօթացնել ՀՅԴ գաղափարախօսութիւնն ու աշխարհահայեացքը:

Ապա խօսք առաւ Յովհաննէս Թասլաքեան, որ ներկայացուց Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը եւ խօսեցաւ ազգային ինքնութեան մասին: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան յեղափոխական էութիւնը թարգմանութիւնն է Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքին տեսութեան: Յեղափոխութիւնը Դաշնակցութեան էութեան հիմնական մասն է: Յեղափոխական տեսութիւնը խարսխուած է ե՛ւ գաղափարին, ե՛ւ յեղափոխական մարդուն վրայ, որուն վիճակուած է ըլլալ այդ ներգործօն դերակատարութիւնը պատմութեան ընթացքին:

Ան ըսաւ, թէ յեղափոխականը իր նուիրումով, զոհողութեամբ, օրինակով  կը խանդավառէ ու կը վարակէ ժողովրդային զանգուածները:  Յեղափոխութեան գաղափարը կ՛ընդգրկէ խթանում միտքերու եւ գաղափարներու փնտռտուքի, մերժում անարդարութեան եւ իրաւազրկման, մերժում ամէն տեսակի բռնութեան, ճիգ, բնութեան տարերքը մարդուն կամքին հպատակեցնել,  խթանում վերլուծական ու քաղաքական միտքին:

Յովհաննէս Թասլաքեան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը համադրական պատմափիլիսոփայութիւն է: Պատմութեան տարերքը առանձին չէ, որ կը վճռէ մարդկային ընկերութեան պատմութեան ընթացքը:

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ մարդկութիւնը իր ապրած կեանքին ընթացքին, եթէ իր մէջ պակսի հաւատքը, կամքը, խիղճը, իտէալը, տրամադրութիւնը, գիտակցութիւնը հաւաքական շահին եւ հարցերու մօտեցման իր տրամադրութիւնը, կը նշանակէ, թէ ան յանձնուած է բնութեան տարերքին: Իսկ երբ մարդկութիւնը ուզած է իր հաւատքով, մտքով, խղճով, իր պատկերացումներով, իր գիտակցութեամբ իր վճիռը տալ, յաջողած է ներգործութիւն կատարել պատմութեան հոլովոյթին վրայ: Ան ընդգծեց, որ ըստ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայութեան, մարդկային կեանքի զարգացումը պայմանաւորուած է առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու փոխազդեցութեամբ եւ փոխներգործութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի ազգային տեսութեան, Յովհաննէս Թասլաքեան ըսաւ, որ ազգը այն միջավայրն է, ուր մարդ էակը լաւագոյնս կը զարգանայ: Մարդկային ընկերութիւնը հարուստ է ազգերու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու այլազանութեամբ: Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ անհրաժեշտ է պահպանել այդ բազմազանութիւնը, որուն մէջ հայ ժողովուրդը իր տեղն ու դերը ունի: Ազգերը իրենց բնականոն զարգացման ու կենսագործման համար անհրաժեշտ է, որ զերծ ըլլան ներքին կապանքներէ: Դաշնակցութիւնը կը հաստատէ, որ ազգերը իրաւունք ունին վայելելու բնութեան ստեղծած բարիքները հաւասարապէս: Հայ ազգը իր բնականոն զարգացման ու կենսագործման համար կարիք ունի կենսական տարածքի` իր հայրենիքին, անոր վրայ վերամիաւորուելու համար: Ազգերու իրաւազրկումի վերացումն ու արդարադատութեան վերականգնման ճիշդ ճամբան ազգերու միջեւ խաղաղ գոյակցութեամբ կ՛իրականանայ,  որ խարսխուած պիտի ըլլայ արդարութեան եւ ազատութեան սկզբունքներուն վրայ:

Խօսք առաւ նաեւ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ խօսեցաւ Դաշնակցութեան ընկերվարական եւ ժողովրդավարական էութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ ներկայ օրերուն սահմանումները բաւարար չեն ըմբռնելու կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնը: Ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս ընկերվարական կուսակցութիւնները Համաշխարհային Բ. պատերազմէն մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը երկարող ժամանակաշրջանին իրենց անունին փակցուցին ժողովրդավար մակդիրը` համապատասխան ձեւով ներկայացնելով իրենց քաղաքական եւ ընկերային ծրագիրը:

Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս տասնամեակներու ընթացքին ընկերային պայքարով ձեռք բերուած յաջողութիւնները աստիճանական կորուստ ապրեցան տնտեսութեան համաշխարհայնացման ազդակներուն պատճառով:

Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց նաեւ, որ ներկայիս համայն մարդկութիւնը հիմնովին փոփոխութեան ենթարկող համակարգչային ահաւոր յորձանուտին մէջ կը գտնուին հաւաքականութիւնները: Խոստացուած համամարդկային խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը վերածուած է տարածուն թշուառութեան:

Ան ըսաւ, թէ մարդիկ հիմնովին համոզել կարենալու համար արագօրէն եւ հետեւողականօրէն կը գործածուի զանգուածային լրատուական միջոցներու հրատապ զէնքը: Այդ միջոցներու ծանրութեան կեդրոնը ատենին կը գտնուէր պետական հակակշիռին տակ, իսկ ժողովրդավար երկիրներուն մէջ պետութիւնը սկզբունքով հարազատօրէն կը ներկայացնէր երկրին հասարակութիւնը: Այսինքն լրատուութիւնը պետական միջոցով կը ծառայէր հասարակութեան: Իսկ մերօրեայ հասարակութիւններուն մէջ լրատուական միջոցներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը գտնուի անհատական ձեռքերուն մէջ եւ կը ծառայէ անհատական շահերուն, այսինքն` չի համընկնիր ժողովուրդի շահերուն: Հրապուրիչ միջոցներով տրուած քարոզչութիւնը հասարակութեան հաւանական հակազդեցութիւնը, բողոքի եւ ընդհանրապէս ազատ կարծիքի արտայայտումը արդիւնաւէտ կերպով արգելակելու կարողութիւն ունի: Մկրտիչ Մկրտիչեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ

տնտեսական տագնապներով լեցուն միջազգային մթնոլորտի մը մէջ զարգանալու դատապարտուած են համեմատաբար տկար հասարակութիւնները: Մերօրեայ պետութիւնները ենթակայ են համաշխարհայնացուած տնտեսութեան  պարտադրած օրէնքներուն: Իսկ ժողովրդավարութեան ծաղկելուն համար պէտք է ազատ մթնոլորտ: Ժողովրդավարութեան պայքարը երկար է, եւ ինչքա՛ն յանձնառու կերպով կը գործեն անհատներն ու հաւաքականութիւնները իրենց իսկ գաղափարաբանութեան ցոյց տուած ուղիին վրայ, կախեալ է իրենց հաւատքի աստիճանէն, նոյնքան իրենց իսկ կազմած առաջնահերթութիւններու ցանկէն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, լուսաբանական հարցումներ ուղղուեցան եւ կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի Տունը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?