Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը ԵԽԽՎ-ի Կոչ Ուղղած Է Իր Բանաձեւերուն Մէջ Համահունչ Ըլլալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւններուն

January 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

EU-PARLIAMENT_012116

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին հաղորդած են, որ Սթրազպուրկի մէջ աւարտած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 16-րդ նիստը, որուն մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը:

Երկօրեայ քննարկումներու աւարտին որդեգրուած են միացեալ եզրափակիչ յայտարարութիւն եւ առաջարկներ: Որդեգրուած փաստաթուղթին մէջ, այլ հարցերու շարքին, անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջխորհրդարանական այլ կազմակերպութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ ընթացող մտահոգիչ քննարկումներուն:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափն է, եւ այս ուղղութեամբ մեծապէս կը խրախուսենք համաեւրոպական եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններն ու կառոյցները Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրենց տեսակէտներուն եւ բանաձեւերուն մէջ ըլլալու համահունչ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, որպէսզի այդ ձեւով նպաստեն տագնապի խաղաղ լուծումին»:

Միացեալ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հեռանկարներուն, այդ յարաբերութիւնները կարգաւորող նոր իրաւական փաստաթուղթին:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութեան վերջին` 16-րդ կէտին մէջ ըսուած է. «Կ՛արձագանգէ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի 10 յունիս 2015-ի կոչին, որուն մէջ կը յորդորուի կարգաւորել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ արձանագրութիւններու վաւերացման եւ միակողմանիօրէն փակուած սահմանի բացման միջոցով: Կ՛աջակցի շրջանային համագործակցութեան խթանման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն` համոզում ունենալով, որ անոնք կրնան վերջ դնել շրջանին մէջ որեւէ երկրի մեկուսացման: Լիայոյս ենք, որ նման զարգացումները պիտի օգնեն յաղթահարելու անցեալի ժառանգութիւնը եւ խիզախօրէն առերեսուելու անոր հետ»:

 

 

Նախորդը

Թեհրան Որեւէ Սահմանափակում Չունի Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու Մակարդակի Բարձրացման Առումով

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը` ԵԽԽՎ-ի Քննարկելիք Հակահայ Բանաձեւերուն Մասին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.