Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը` ԵԽԽՎ-ի Քննարկելիք Հակահայ Բանաձեւերուն Մասին

January 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Karabagh-AJ_012116

21 յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հարցին առնչուող բանաձեւերու նախագիծերու ընդգրկման անդրադարձող հետեւեալ յայտարարութեամբ, զոր ստորագրած են «Հայրենիք», «Դաշնակցութիւն», «Ժողովրդավարութիւն», «Շարժում-88» եւ «Վերածնունդ»  խմբակցութիւնները:

«Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ Ռոպըրթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ» եւ Միլիցա Մարքովիչի «Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» զեկուցումներուն հիման վրայ պատրաստուած երկու բանաձեւերու նախագիծերու ընդգրկումը լուրջ անհանգստութիւն  յառաջացուցած է Արցախի հանրային շրջանակներուն մէջ եւ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մօտ:

Ղարաբաղեան կողմը միշտ ալ պատրաստակամ եղած է միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան հարցերուն մէջ, սակայն մենք անընդունելի կը նկատենք միակողմանի եւ կանխակալ զեկուցումներն ու անոնց մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները: Ակնյայտ է, որ նշուած զեկուցումները եւ նախագիծերը` ԵԽԽՎ-ի չափանիշերու եւ սկզբունքներու խախտումով, կազմուած են միայն մէկ` ազրպէյճանական կողմի տեսակէտներու հիման վրայ` հաշուի չառնելով հայկական կողմերու առաջարկները եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման միակ միջազգային միջնորդ կառոյցի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան դիրքորոշումը:

Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան զօրքերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճի աստիճանը Ազրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքին սատարող բանաձեւերու ընդունումը Պաքուի իշխանութիւններուն ո՛չ միայն կարելիութիւն կու տայ շարունակելու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկներու անտեսումը, այլեւ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ  տագնապի ուժային ձեւերով լուծելու քարթ-պլանշ:

Որեւէ կողմնակալ, միջազգային միջնորդներու հետ չհամաձայնեցուած գործողութիւն կրնայ խախտել այն փխրուն հաւասարակշռութիւնը, որ  ներկայիս լարուած իրավիճակը կը բաժնէ լայնածաւալ պատերազմէ:

Նկատի առնելով վերոնշեալը եւ ընդունելով Եւրոպական խորհուրդը` իբրեւ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան, իրաւական պետութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներու տարածման յառաջատար կառոյց, մենք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներս, կոչ կ՛ուղղենք Խորհրդարանական վեհաժողովի մեր յարգարժան գործընկերներուն` հաւատարիմ ըլլալու Եւրոպական խորհուրդի նպատակներուն եւ առաքելութեան եւ զերծ մնալու շրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը վտանգող փաստաթուղթերու ընդունումէ»:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը ԵԽԽՎ-ի Կոչ Ուղղած Է Իր Բանաձեւերուն Մէջ Համահունչ Ըլլալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւններուն

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Քննարկուած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.