Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ներկայացուցիչներու Համահայկական Խորհրդաժողով

January 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerid_012516

21-էն 23 յունուար 2016-ին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի հրաւէրով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողով, Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ:

Աշխարհի մօտ 20 երկիրներու մէջ գործող (Հայաստան, Արցախ, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Աւստրիա, Շուէտ, Իրան, Լիբանան, Սուրիա®) ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու 30 ներկայացուցիչներ քննարկեցին միութիւններու կազմակերպական վիճակին, սփիւռքեան համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն, դաշնակցական երիտասարդներու գաղափարաքաղաքական պատրաստուածութեան, Հայաստանի  ներքաղաքական ու ընկերային իրավիճակին եւ արտաքին հիմնախնդիրներուն առընչուող հարցեր:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան: Նաեւ դասախօսեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ  Կիրօ Մանոյեան:

Մասնակիցները նախ լսեցին միութիւններու անցնող երկու տարիներու գործունէութեան մասին զեկուցումներ, տեղեկացան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի աշխատանքներուն եւ  որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին մասին, ապա խորհրդակցեցան նոր ծրագիրներու եւ գործելադաշտերու շուրջ:

Ժողովը յատուկ կերպով քննարկեց շրջաններու կողմէ իրականացուող պատանեկան ճամբարներու ծրագիրները, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ, եւ հաստատեց, որ պէտք է շարունակել հայրենի հողին վրայ կազմակերպուող ամառնային ճամբարները,  ընդլայնել գործունէութեան մարզը եւ նոր ձեւեր կիրարկել յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին:

Քննարկման առարկայ դարձան միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի յառաջիկայ գործունէութեան առաջնահերթութիւնները եւ կատարելիք աշխատանքները:

Մասնակիցները կարեւոր նկատեցին դաստիարակչական արդի նիւթերու անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ աւելի զարգացած միութենականներ ունենալու նպատակին: Շեշտուեցաւ քարոզչական նոր ձեւեր կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը` միութիւններու աշխատանքներուն մասին լրատուութիւնը աւելի արագ ու աւելի լայն շրջանակի հասցնելու նպատակով:

Խորհրդաժողովը անդրադառնալով երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող  ընկերային բազմաթիւ հարցերուն, որոնցմէ են հայրենի երիտասարդութեան ու ուսանողութեան խնդիրները, վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը` շարունակելու բարձրաձայնել այդ հարցերը եւ պայքարելու ընկերային արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Ժողովը հաստատեց, որ իր կազմակերպական համահայկական կառոյցին ճամբով պիտի շարունակէ համախմբել սփիւռքի եւ հայրենիքի երիտասարդութիւնը` ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական հարցերու շուրջ:

Որոշուեցաւ ապահովել բոլոր շրջաններու համադրուած գործակցութիւնը` դիմադրելու եւ հակազդելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական եւ լոպիիստական խումբերու հակահայ աշխատանքներուն եւ սփռուող ապատեղեկատուութեան:

Խորհրդաժողովի աւարտին բոլոր շրջանները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` ամբողջ կարողականութեամբ ծառայելու հայ ազգի եւ հայրենիքի շահերուն եւ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին:

 

Նախորդը

Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները Կը Գրաւեն Լուսարձակները Եւ Կ՛որոշեն Կառավարութեան Ճակատագիրը

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Միջազգային Համայնքը Պէտք Է Աւելի Կտրուկ Ըլլայ Ազրպէյճանի Նկատմամբ»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.