Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ Կազայի Շուրջ ՄԱԿ-ի Որոշումի Հրապարակման Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Յայտնեց

Նոյեմբեր 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ լաւատեսութիւն յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի հրապարակէ որոշում մը, որ կ՛աջակցի Կազայի մէջ միջազգային ապահովութեան ուժի տեղակայման:

Ռուպիօ Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք լրագրողներու յայտնեց. «Լաւատես եմ: Կը կարծեմ, թէ որոշումի բանաձեւման մէջ լաւ յառաջընթաց կ՛արձանագրենք եւ կը յուսանք, որ շատ շուտով ատոր վերաբերեալ քայլ կ՛որդեգրենք»:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունը հերքեց այն լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներ Կազայի սահմանին վրայ ժամանակաւոր ռազմակայանի տեղակայման կարելիութիւնը կը սերտեն` ընդգծելով, որ հրապարակուածը որեւէ պաշտօնական ծրագիրի վրայ հիմնուած չէ:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ լրագրողներու յայտնեց. «Շրջանառութեան մէջ դրուած յօդուածը հիմնուած է միայն մէկ փաստաթուղթի վրայ` ամերիկեան ծովուժի պաշտօնեաներէն մէկուն ապագայ հաւանական գաղափարի շուրջ բացատրութեան ներքին խնդրանքին վրայ, սակայն յօդուածը գրած լրագրողը զայն պաշտօնական ծրագիր նկատեց եւ հրապարակեց զեկուցում մը, որ կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներ անոր գործադրութիւնը կը սերտեն»:

«Դաշնակցային կառավարութեան մէջ բարձրագոյն մակարդակներու մօտ ստուգեցի եւ կրնամ վստահեցնել, թէ Միացեալ Նահանգներ ատոր մասնակից ըլլալ չեն փափաքիր: Ատիկա բան մըն է, որուն ներկայիս չենք մասնակցիր եւ զայն պիտի չֆինանսաւորենք», աւելցուց ան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ միշտ յստակօրէն ըսած է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցողին հարցով գետնի վրայ ամերիկեան ուժեր չ՛ուզեր տեսնել», նշեց Լեւիթ:

Սպիտակ տան բանբերը եզրափակեց ըսելով. «Կազայի վերաբերեալ խաղաղութեան ծրագիրին մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ այս հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի շարունակումը կ՛ուզենք»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթն ու «Շումրիմ» կայքը, մէջբերելով իսրայէլեան աղբիւրներ, հաղորդած էին, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի Կազայի սահմանին մօտ մեծ ռազմակայան մը ստեղծել, եւ զայն նկատած էին «Իսրայէլի մէջ ամերիկեան գործունէութեան մակարդակի մեծ բարձրացում»:

«Ամերիկացի պաշտօնատարներ այս առաջարկը ներկայացուցին իսրայէլեան կառավարութեան եւ իսրայէլեան բանակին հետ վերջին շաբաթներու ընթացքին իրենց կատարած բանակցութիւններու ընթացքին, եւ սկսան վայրի ուսումնասիրութիւնը Կազայի մերձակայքին մէջ հաւանական ռազմակայանին, որուն գինը շուրջ 500 միլիոն տոլար կը գնահատուի», նշած են աղբիւրները:

Անոնք աւելցուցած են, որ առաջարկուող ռազմակայանը «Կազայի մէջ ամերիկեան եւ միջազգային ուժերու կողմէ պիտի օգտագործուի` նպաստելու համար զինադադարի պահպանման, եւ կրնայ քանի մը հազար զինուոր պատսպարել»:

Նախորդը

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութիւն Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Կազայի Մէջ Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնելու Եւ Իրմէ Պահանջուածը Պիտի Կատարէ, Ներառեալ Ուժեր Ուղարկելը»

RelatedPosts

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական  Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Նոյեմբեր 17, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ  Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին  Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?