Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Կազայի Մէջ Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնելու Եւ Իրմէ Պահանջուածը Պիտի Կատարէ, Ներառեալ Ուժեր Ուղարկելը»

Նոյեմբեր 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց, որ աշխատանք կը տարուի պատրաստելու համար նախագիծ մը, որ պիտի ըլլայ միջազգային իրաւական փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի Կազայի մէջ «Միջազգային կայունութեան ուժի» լիազօրութիւններուն եւ աշխատանքի կերպին:

Ան յայտնեց, որ ներկայիս գոյութիւն ունի Իսրայէլի կողմէ հիմնուած քաղաքային-զինուորական գործակցութեան կեդրոն մը, որուն համակարգումը Միացեալ Նահանգները կը կատարեն` աւելցնելով. «Ատիկա բան մըն է, որ կրնայ միջազգային կայունութեան ուժին կորիզը ըլլալ»:

«Թուրքիան պատրաստ է Կազայի մէջ իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու եւ իրմէ պահանջուածը պիտի կատարէ, ներառեալ ուժեր ուղարկելը», յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Թուրքիան կը շարունակէ անդադար Կազա մարդասիրական իր օժանդակութիւնները ուղարկել, եւ Եգիպտոսի Օրէյշ նաւահանգիստ անոր ուղարկած օժանդակութիւնները անհամար են», ըսաւ ան:

«Թուրքիան կ՛աջակցի եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Կազայի մէջ զինադադարի վերաբերեալ Շարմ Շէյխի համաձայնութեան, սակայն աւանդական իմաստով երաշխիք չի տար», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Երբ հարցը Պաղեստինի եւ Դիմադրութեան կը վերաբերի, այնքան ատեն որ բռնագրաւումը կը շարունակուի, այնքան ատեն որ անիրաւութիւնը կը շարունակուի, զինեալ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի: Եթէ Համասը չըլլայ, ապա ուրիշ կողմ մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ատիկա գոյութիւն ունի բռնագրաւումի դիմակայման բնոյթին մէջ», շեշտեց Ֆիտան:

«Ամբողջ Պաղեստինը իրմէ պահանջուածը պիտի կատարէ, արեւմուտքցիները ատիկա գիտեն, եւ բոլորը ատիկա գիտեն», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ռուպիօ Կազայի Շուրջ ՄԱԿ-ի Որոշումի Հրապարակման Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Յայտնեց

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական  Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Նոյեմբեր 17, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ  Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին  Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?