Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ

November 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն-Դամասկոս յարաբերութիւնները նոր շրջափուլ կը թեւակոխեն հիմնական երկու ուղղութեամբ` անվտանգային եւ տնտեսական: Անվտանգային առումով յայտարարուած առաջադրանքը Սուրիան եւ տարածաշրջանը ահաբեկչազերծելն է:

Տարածաշրջանի քաոսացումին մէջ Սուրիան էփիկեդրոն էր: Տարբեր միջավայրերէ Սուրիա հասած ահաբեկչական տարրերը իրենց գործողութիւններով ոչ միայն առաջադրանք ունէին սուրիական կեդրոնական իշխանութիւններու տկարացումը, այլ նաեւ այնտեղէն դէպի այլ միջավայրեր գործուղուելով տարածաշրջանը վերահսկելի քաոս դարձնելու օրակարգին իրենց մասնակցութիւնը բերելը: Գէթ արդիւնքը այդ բոլորին կը յանգեցնէ այդ համապատկերին: Ցեղային զտումներ, ժողովրդագրական պատկերներու փոփոխութիւններ եւ յատկապէս Սուրիա-Իրաք գիծին վրայ ուժերու նոր տեղաբաշխումներու համար նոր ենթահողի ձեւաւորում:

Հիմա կը յայտարարուի այդ տարրերու մնացորդացին դէմ պատերազմ: Ձեւաւորուելիք դաշինքին համար Միացեալ Նահանգներ նկատի ունին Իսրայէլ-Թուրքիա-Սուրիա առանցքը: Այդքան պարզ չէ այս առանցքի կազմութիւնն ու միանշանակ նպատակուղղուած գործողութիւններու առարկայացումը:

Այս դաշինքը ունի տարբեր խնդիրներ: Ուաշինկթընը  ներկայացնող ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութեամբ` «Դամասկոսը այժմ մեզի պիտի օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի, Համասի, Հըզպալլայի եւ այլ ահաբեկչական ցանցերու մնացորդներու դիմակայման ու կազմաքանդման, եւ խաղաղութեան հաստատման ձգտող միջազգային ջանքերուն յանձնառու գործընկեր մը պիտի ըլլայ»:

Ահաբեկչական դասակարգումին տակ կ՛իյնան, այս ձեւով, ՏԱՀԷՇ-ը, Իրանի յեղափոխական պահակագունդը, Համասը, Հըզպալլան: ՏԱՀԵՇ-էն զատ միւսները փաստօրէն Իրան եւ արբանեակներ կը նշանակեն: Թիրախը Թեհրանն է ամերիկեան ընկալումով: «Այլ խմբակներ»-ու երեւոյթին մէջ ներդաշինքային խնդիր կրնայ ըլլալ:

Սուրիան եւ տարածաշրջանը ահաբեկչազերծելու կոչուած դաշինքին մէջ Անգարան ահաբեկչութիւն ձեւակերպումին մէջ նախ եւ առաջ կը հասկնայ քրտական գործօնը: Քիւրտերը չեն դասակարգուած Ուաշինկթընի յայտարարութեամբ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումները դաշինքի ձեւաւորման ընդառաջ, վստահաբար կեդրոնացած են այս հարցին վրայ:

Թուրքիան առ այսօր չունի ամերիկեան արտօնութիւնը եւ իսրայէլեան համաձայնութիւնը քրտական զինեալ ուժերուն դէմ լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկելու: Քրտական զինաթափումները շատ մասնակի են  եւ կը համոզեն, որ քրտական գործօնը իբրեւ խաղաթուղթ տակաւին դեր ունի կատարելիք Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի համար:

Իսրայէլեան եւ թրքական մօտեցումներու հակասութիւնը միայն սուրիական տարածքներու ուղղութեամբ չէ: Կազայի մէջ կայունացման կոչուած միջազգային ուժերուն Անգարան անպայման կ՛ուզէ մաս կազմել: Իսրայէլ, առնուազն յայտարարողական մակարդակով կտրուկ հակադրուած է այս հաւանականութեան: Փոխարէնը կիսապաշտօն ձեւով կ՛առաջադրէ ազրպէյճանական ուժերու մասնակցութիւնը: Ազրպէյճան ունի՞ ինքնուրոյն որոշում կայացնելու եւ Կազա հասնելու կարողականութիւնը: Ամէն ինչ կը համակարգուի Անգարայի հետ , որ պիտի փորձէ չէզոքացնել Անգարա-Պաքու տարանջատում իրականացնելու իսրայէլեան խաղը:

Տնտեսական ուղղութիւնը այս բոլորին Սուրիոյ նկատմամբ որոշուած պատժամիջոցներու վերացումն է: Այս որոշումը եւս փուլ առ փուլ կ՛իրականանայ եւ կախուած է Դամասկոսի առած քայլերէն: Սուրիան տնտեսականօրէն կ՛ապամեկուսանայ, եթէ Դամասկոսի իշխանութիւնները կարենան բաւարարել Ուաշինկթընի պահանջները:

Այս հանգամանքներով ալ տակաւին պարզ չէ դաշինքի կայացումը: Դաշինքի բաղադրիչները անվտանգային հիմնական հարցերու նկատմամբ ունին ուրոյն պատկերացումներ, մօտեցումներ եւ գործողութիւններու ծրագիրներ:

Կազա հասնելիք բազմազգեան ուժերու բաղադրութիւնը կրնայ որոշ լոյս սփռել դաշինքի կայացման կամ անոր հետագայ գործողութիւններուն հաւանականութիւններուն վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 223-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.