Լիբանանի մէջ քաղաքական կեանքը մէկ կողմէ կը յատկանշուի պետական հաստատութիւններու աշխատանքներու վերակազմակերպման փորձերով եւ ընդհանրապէս դէպի բնականոն հուն վերադարձով, միւս կողմէ Իսրայէլի կողմէ կատարուող ռազմական գործողութիւններով:
Այս երկրորդ ուղղութիւնը աւելի ընդհանուր պատկերի տեսանելիութիւն կ՛ենթադրէ: Շրջանային առումով Դամասկոս կը խօսի Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններու գործընթացի նախապատրաստական հանգրուան թեւակոխելու եւ ուղիղ բանակցութիւններ վարելու մասին, Կազայի մէջ համաձայնութեան 2-րդ փուլի անցումի մասին կը յայտարարեն, եւ հուսիները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զինադուլի: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ անաւարտ մնացած բաժինը Լիբանանն է` զէնքի մենաշնորհի առաջադրանքը կատարելու առումով:
Ահա այստեղ յոռետեսական կանխատեսումները կը շատնան: Քարոզչական ամբողջ մեքենայ մը կը բանի համոզելու համար հանրային կարծիքը, որ եթէ Հըզպալլան մերժէ զէնքը յանձնել, ապա կ՛արդարանան Իսրայէլի աւելի արմատական գործողութիւններու դիմելու հիմնաւորումները: Հարցականի տակ չ՛առնուիր, թէ ինչո՛ւ հրադադարը կը խախտի միակողմանիօրէն: Ռազմական բոլոր միտումները համոզել կու տան, որ Հըզպալլայի զինաթափումը միջոց է ընդհանրապէս Իսրայէլի առաջադրած անվտանգութեան գօտին ձեւաւորելու: Խնդիրը ոչ միայն հարաւային որոշ աշխարհագրութեան ապառազմականացումն է, այլ ընդհանրապէս անբնակելի գօտիի կայացումը: Ժողովուրդի վերադարձը բացառելու պետական քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի Թել Աւիւի կողմէ, իր սահմանամերձ տարածքները անմարդաբնակ տեսնելու յստակ նպատակով:
Ժողովուրդ կը նշանակէ Իսրայէլի համար վտանգ, որ որեւէ ատեն կրնայ դիմադրութեան դիմել, երբ երկրի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու դիմուի: Հետեւաբար անմարդաբնակ գօտին առաջադրանք է: Այդ պատճառով ալ ժողովուրդի վերադարձը բացառելու բոլոր միջոցներուն կը ձեռնարկէ Իսրայէլը:
Պուլկարիա կատարած այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն կարեւոր մէկ բաժինը անպայման լուսարձակի տակ պէտք է առնել: Միտքը այն է, որ Լիբանան բարեկամ պետութիւններէն օգնութիւն խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի յարգէ համաձայնութիւնը, սակայն մինչեւ հիմա դրական արդիւնքի չհասանք:
Դրական արդիւնքի չհասնիլը կամ հրադադարի խախտումները անտեսելը յատուկ քաղաքականութիւն է: Իսրայէլի ոտնձգութիւնները զսպելու կամ կասեցնելու պահը չէ հասունցած տակաւին: Կազայի մէջ հրադադար հաստատելէն առաջ ոչ մէկ իրողական միջամտութեան քայլի դիմուեցաւ արգելակելու համար ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը: Իսրայէլ անարգել գործեց, մինչեւ որ հասունցաւ պահը հրադադարի:
Իրադրութիւնները այնպէս են, որ ո՛չ Հըզպալլայի զինաթափումը, ո՛չ ալ հարաւի որոշ շրջաններու ապառազմականացումն է Իսրայէլի նպատակը: Ընդհանրապէս իր սահմանամերձ տարածքները անմարդաբնակ դարձնելու քաղաքականութեամբ կը բացատրուի բնակելի որեւէ կեցավայր հաստատելու փորձերը հրթիռակոծումներով արմատախիլ ընելու հակադարձութիւնը:
Կազայի համար պահի հասունացման 0 ժամը 20 կէտնոց ամերիկեան փաստաթուղթի հրապարակումն էր: Լիբանանի պարագային կայ այդ փաստաթուղթը: ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւն է. ի տարբերութիւն ամերիկեան փաստաթուղթին, այս մէկը միջազգային է, որուն կէտերը չեն գործադրուիր եւ որուն յղում չի կատարուիր: Նախ եւ առաջ Իսրայէլի կողմէ:
«Ա.»


