Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի, Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»

November 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք իր ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Շարհի Սպիտակ տուն այցելութիւնը պատմական է, եւ այս շաբաթը Միջին Արեւելքի պատմութեան ու Սուրիոյ մեկուսացումէն դէպի գործընկերութիւն նկատառելի փոփոխութեան մէջ շրջադարձի վճռական կէտ է: Մեծ պատիւը ունէի Շարհին դէպի Սպիտակ տուն ընկերակցելու, երբ ան 1946 թուականին երկրի անկախութենէն ի վեր դարձաւ սուրիացի առաջին նախագահը, որ երկիր կ՛այցելէ»:

«Թրամփ 13 մայիսին յայտարարեց, որ ամերիկեան բոլոր պատժամիջոցները պիտի վերցնէ Սուրիոյ առիթ ընծայելու համար: Այս շաբաթ գումարուած բարեկամական եւ առարկայական ժողովի ընթացքին նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու նախագահ Շարհը իրենց հասարակաց համոզումը յայտնեցին, թէ ժամանակն է պոյքոթը հաղորդակցութեամբ փոխարինելու եւ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին վերանորոգման իսկական առիթ ընծայելու: Ես, փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի, յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի, պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթի եւ Սպիտակ տան անձնակազմի ղեկավար Սիւզի Ուէյլզի հետ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ տեսանք Սուրիոյ նախագահ Շարհի նախագահ Թրամփին դիմաց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին միանալու յանձնառութիւնը ստանձնելը, ինչ որ պատմական շրջագիծ մըն է, որ Սուրիան ահաբեկչութեան աղբիւրէն կը վերածուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործընկերոջ առ ի յանձնառութիւն վերաշինութեան, գործակցութեան եւ ամբողջ շրջանի կայունութեան նպաստումին»:

«Դամասկոսը այժմ մեզի պիտի օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի, Համասի, Հըզպալլայի եւ այլ ահաբեկչական ցանցերու մնացորդներու դիմակայման ու կազմաքանդման, եւ խաղաղութեան հաստատման ձգտող միջազգային ջանքերուն յանձնառու գործընկեր մը պիտի ըլլայ», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ եռակողմ առանցքային նիստի ընթացքին ամերիկեան-թրքական-սուրիական շրջագիծի մէջ յաջորդ փուլը ուրուագծեցինք` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը համարկելու սուրիական տնտեսական, պաշտպանական ու քաղաքային նոր կառոյցին մէջ, վերասահմանելու Թուրքիա-Սուրիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները եւ ամրապնդելու համաձայնութիւնը, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարին կ՛աջակցի, ինչպէս նաեւ քննարկեցինք լիբանանեան սահմանին առնչուող տարբեր խնդիրները:

«Թուրքիոյ անխոնջ դերակատարութիւնը յատուկ գնահատանքի արժանի է, որովհետեւ անիկա կը վկայէ լուռ եւ կայուն դիւանագիտութեան մասին, որ կամուրջներ կը կառուցէ հոն, ուր ժամանակ մը պատեր կանգնած էին», ըսաւ Պարրաք:

«Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ընդլայնուած դաշինքը, որ կ՛աջակցէր սուրիական ազգային պետութեան` իր բոլոր ցեղային, կրօնական եւ մշակութային բաղադրիչներով շրջան վերադարձին, կախարդական դեղի պէս էր: Միջին Արեւելքը իր բնութեամբ կենդանի խճանկար է, շրջան մը, որ կազմուած է անթիւ մշակոյթներէ, կրօններէ, ցեղախումբերէ եւ աւանդութիւններէ: Սուրիան անոր մէջ կը կանգնի իբրեւ խճանկարի մը մէջ խճանկար մը` հողատարածք, ուր նոյն հողին վրայ դարեր շարունակ ապրած են տարբեր ժողովուրդներ եւ կրօններ, նոյն փոթորիկներէն տառապած, եւ այժմ նոյն խաղաղութեան կը ձգտին: Այս շերտերու նուրբ փոխազդեցութեան մէջ թաքնուած է շրջանը վերակենդանացնելու թէ՛ մարտահրաւէրը, թէ՛ խոստումը», նշեց ամերիկացի յատուկ պատուիրակը:

«Թրամփի ղեկավարութիւնը կը հաստատէ նոր հաւասարակշռութիւն մը, որ հիմնուած է «նախ անվտանգութիւնը, ապա բարգաւաճումը» սկզբունքին վրայ` ապագայ մը, որ կը սահմանուի ոչ թէ անցեալի ստուերներով ու սարսափներով, այլ նոր, վերաիմաստաւորուած ապագայի խոստումներով եւ յոյսերով:

«Թէ նախկին հակառակորդները կրնան եռանդուն դաշնակիցներ դառնալ պատմութեան կամ այս շրջանին համար, նորութիւն չէ: Նորութիւնն ու իւրայատուկը այն է, որ ատիկա կ՛իրագործուի ինքնին շրջանային պետութիւններու կողմէ` փոխան արեւմտեան գաղութատիրութիւններու եւ ցուցմունքները: Ճամբան հեզասահ պիտի չըլլայ: Համարկումը հոլովոյթ է եւ ոչ թէ դէպք մը, եւ մէկ մարդու տեսլականը այժմ բոլորը կը բաժնեկցին, եւ կրնայ իրականութեան վերածուիլ: Ասիկա վկայութիւն է բոլոր այն խումբերուն մասին, որոնք բոլոր ազգերու խումբերն են, որոնք այս շինութիւնները միացած պահող շաղախն են:

«Սուրիոյ իսկապէս առիթ ընծայելու» յաջորդ քայլը «Սիզըր» օրէնքը չեղարկելն է:

«Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղենք եւ կը յորդորենք այս պատմական քայլը կատարելու: Մենք շատ բանէ անցած ենք, սակայն հիմա անհրաժեշտ է մէկ հզօր վերջնական խթան` Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը լիազօրելու վերագործարկելու իր տնտեսական շարժիչը եւ սուրիացի ժողովուրդին ու անոր շրջանային դրացիներուն արտօնելու ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ բարգաւաճելու», եզրափակեց Պարրաք:

Նախորդը

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց

Յաջորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Հայաստանում Նախատեսուած «Աղօթքի Նախաճաշի» Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.