Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մաքրոնի Խորհրդականը

November 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի քաղաքական խորհրդատու Անն Քլեր Լը Ժանտրը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:

Նախագահ Աուն նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակին կ՛արգիլէ Լիթանի գետէն հարաւ մինչեւ միջազգային սահման տեղակայուիլ, լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումը, թշնամական արարքներու շարունակումը եւ նոյեմբեր 2024 թուականին յայտարարուած համաձայնութիւնը չգործադրելն է»:

Աուն շեշտեց, որ բանակին բարոյական զօրակցութիւնը բաւարար չէ, որ ան իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կատարէ, այլ կարիքը ունի սարքերու եւ զինուորական մեքենաներու, զորս կը նախատեսուի ապահովել բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովի միջոցով, որուն գումարման համար Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ համակարգումով կ՛աշխատի Ֆրանսայի նախագահը:

Ան զարմանք յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ կ՛որդեգրեն Իսրայէլի այն պնդումը, թէ Լիբանան չէ գործադրած նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութեան հիմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ կ՛անտեսեն Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները:

Նախագահը ողջունեց 2026 թուականի սկիզբը ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումէն ետք լիբանանեան բանակին հետ համակարգումով կայունութեան պահպանման եւրոպական որեւէ մասնակցութիւն:

Պատասխանելով Մաքրոնի խորհրդականի լուսաբանական հարցումին` Աուն ըսաւ, որ շաբաթներ առաջ իր յայտարարած բանակցութեան ընտրանքը բաւարար է ամբողջ Լիբանանի եւ հարաւային շրջանին մէջ կայունութեան վերականգնման, որովհետեւ յարձակումի շարունակութիւնը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ, շարք մը պետութիւններու մէջ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ բանակցութիւնը պատերազմներու տեւական եւ այլընտրանք չունեցող լուծումը եղած է:

Ան նշեց, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը այն կողմերէն մէկն է, որ կրնայ այդպիսի բանակցութիւն հովանաւորել:

Ֆրանսայի նախագահի քաղաքական խորհրդականը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք պիտի տանի հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման եւ լիբանանեան փափաքին համաձայն «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքի կեանքի կոչման համար:

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին` «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Ալիեւ. «Թրամփի Վերընտրութենէն Ետք Պաքու-Ուաշինկթըն Յարաբերութիւնները Նոր Փուլ Մուտք Գործած Են»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.