
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ 26 ապրիլին, օրուան ընթացքին, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած մնայուն ռմբակոծումները շարունակուած են նաեւ 26-27 լուսցող գիշերը: Ազրպէյճանական զինուժը իր տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ բոլոր հրետանային զինատեսակներէն, որոնց կարգին` ականանետերէ, թնդանօթներէ ու ՄՄ- 21 (Կրատ) կայանքներէ ղարաբաղեան դիրքերուն եւ խաղաղ բնակավայրերուն վրայ արձակած է աւելի քան 550 արկ: Աւելի սաստիկ ռմբակոծումներ արձանագրուած են շփման գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ: Ռմբակոծուած են Մարտակերտ, Ներքին Հոռաթաղ եւ այլ խաղաղ բնակավայրեր:
Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Կամաւոր Խաչատրեան 27 ապրիլին «Արմէնփրես» մամլոյ սրահին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմը ունեցած է 3 վիրաւոր: «Երեք վիրաւորի վիճակը կը գնահատուի ծանր: Ատիկա չի նշանակեր, որ կեանքին վտանգ կը սպառնայ, պարզապէս վիրաւորուելու աստիճանը այդպիսին է», ըսած է Կ. Խաչատրեան:
Ան յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերը պիտի ձեւաւորեն ռազմաբժշկութեան ապահովման սեփական նախատիպ: Կ. Խաչատրեանի համաձայն, ապրիլի սկիզբի զինուորական գործողութիւնները ստիպեցին վերատեսութեան ենթարկել որոշ մօտեցումներ: Ան յայտնած է, որ ասիկա երբեք չի նշանակեր, որ եղած մօտեցումները արդիւնաւէտ չեն, պարզապէս անոնք կը կատարելագործուին: Խօսելով պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին կատարուած աշխատանքին մասին` Կամաւոր Խաչատրեան լուսարձակի տակ առած է հայկական կողմի ռազմական բժիշկներուն հերոսութիւնները:
Կամաւոր Խաչատրեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հիւանդանոցները ապահովուած են թէ՛ բժշկական անձնակազմով, եւ թէ՛ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներով` հաստատելով, որ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին կարելի եղած է որակաւորուած բուժում կազմակերպել Մարտակերտի հիւանդանոցին մէջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ այդ հիւանդանոցը յագեցած է բժշկական սարքաւորումներով: Ըստ Խաչատրեանի, բոլոր վիրաւորները բուժում կը ստանան Հայաստանի ու Արցախի մէջ, իսկ եթէ ըլլան դէպքեր, որ անհրաժեշտութիւն զգացուի վիրաւորները տեղափոխել այլ երկիրներ, ապա պետութիւնը ատիկա պիտի կազմակերպէ: Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ պատերազմական օրերուն այլ երկիրներէ հայ բժիշկներ եկած են Հայաստան, Կամաւոր Խաչատրեան նշած է, որ ատիկա երբեք չի նշանակեր, որ Հայաստան բժիշկներու պակաս ունի:


