Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան. «Անցեալին Վերադարձ Պիտի Չըլլայ»

April 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago_42916

Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին  եւ «Մետիաթոն» ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան բացառած է տարածքներ վերադարձնելու կարելիութիւնը: «Անցեալին վերադարձ պիտի չըլլայ, այդ կարգին, նաեւ` հողերու հետ կապուած: Լիազօրութիւնները, ներկայ վիճակին հետ կապուած, հողերու հետ կապուած, վերապահուած է միայն ու միայն ժողովուրդին: Անհրաժեշտ է դադրեցնել` հակասութիւններ փնտռել Հայաստանի եւ Արցախի տեսակէտներուն միջեւ», ըսած է նախագահը:

Ան պատմած է, որ 1-2 ապրիլի գիշերը ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ շարժի մասին որոշ տեղեկութիւններ ստացուած են, եւ ինք ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ քննարկած է իրավիճակը: «Մենք հասած ենք այն եզրակացութեան, որ ատիկա կրնայ անոնց կողմէ իրականացուող գործողութիւններէն մէկը ըլլալ, պզտիկ շեշտադրումով, որ կրնայ տարբերիլ նախորդ գիշերներու գործողութիւններու ծաւալներու առումով: Այդպէս աւարտած ենք մեր քննարկումը, ցտեսութիւն ըսելով` մեկնած ենք տուն, իբրեւ հանգստանալու…»:

Այդ քննարկումէն որոշ ժամանակ անց, ըստ Ղարաբաղի նախագահին, Ազրպէյճան սկսած է աննախընթաց զինուորական գործողութիւններու, եւ ինքը հրամայած է կասեցնել գրոհը ու ոչնչացնել հակառակորդին կենդանի ուժն ու միջոցները:

Հարցազրոյցին ընթացքին ան անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի հետ հաւանական բանակցութիւններուն եւ անոնց մէջ Ղարաբաղի ներգրաւման: «Ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր, մենք պիտի փորձենք ազդել հաւանական բանակցային գործընթաց սկսելու պարագային, որպէսզի Արցախը ըլլայ այդ գործընթացի լիարժէք կողմ: Այս պահու դրութեամբ, մենք չենք տեսներ այդպիսի կարելիութիւն, որովհետեւ այն, ինչ որ կը կատարէ Ազրպէյճանը, որեւէ կերպով ցոյց չի տար, որ մօտ ապագային մենք պիտի վերադառնանք բանակցային սեղան», դիտել տուած է Սահակեան:

 

Նախորդը

Շաւարշ Քոչարեան. «Հայկական Կողմերը Դէմ Չեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Փուլային Լուծման»

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.