
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները ընդունած էին Ստեփանակերտը ռմբակոծելու մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին կատարած յայտարարութիւնը եւ պատրաստուած նման զարգացման պարագային հակահարուած տալու:
Այս մասին Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի եւ «Մետիաթոն» ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
«Որդեգրած ենք այդ յայտարարութիւնը եւ անյապաղ պատրաստուած ենք նման զարգացման: Անոնց նպատակները կասկածի տակ դնել կը նշանակէ, որ մենք կը շարունակենք մնալ մոլորած վիճակի մէջ: Դպրոցին մէջ սպաննուած մեր երեխան, մեր գլխատուած տղաներուն մարմինները, իրենց բնակարանին մէջ գնդակահարուած մեր 90-ամեայ ծնողները եւ միւս վայրագութիւնները կը փաստեն, որ անոնք անգամ մը եւս պիտի գան գլխատելու մեզ բոլորս, յօշոտելու մեր նախնիներուն գերեզմանները, բռնաբարելու մեր կիներն ու քոյրերը: Հետեւաբար, կը կարծեմ, թէ մենք պարտաւոր ենք համարժէք որակումներ տալու անոնց գործողութիւններուն, մեր հետագայ բոլոր նախաձեռնութիւնները իրականացնելու այդ դաժան ճշմարտութենէն մեկնելով», յայտարարած է Բակօ Սահակեան:
Ան դիտել տուած է, որ այդ յայտարարութենէն ետք ինք հրաման տուած է կրակային դիրքերուն վրայ տեղադրել մեր զենիթահրթիռային համակարգերը, համազարկային կրակի հակազդեցիկ համակարգերը, հրթիռային համակարգերը, որոնց կարգին` հեռահար կարողականութեամբ հրթիռային համակարգերը:
«Եթէ Ազրպէյճան դիմէ նման քայլի, անյապաղ կրակ պիտի բանանք, եւ այդ պատասխանը, նման զարգացման պարագային, պիտի ըլլայ համարժէք», հաստատած է նախագահ Բակօ Սահակեան:
Նախագահը նաեւ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հողերու յանձնում պիտի չըլլայ: «Ես տեղեակ եմ հողերու վերադարձին առնչուած քննարկումներուն, մեկնաբանութիւններուն մասին, կը փափաքէի, որ դադրեցնենք անհիմն քննարկումները», խորհուրդ տուած է ան:
Նախագահը յորդորած է Հայաստանի եւ Արցախի տեսակէտներուն եւ մօտեցումներուն միջեւ հակասութիւններ գտնելու աշխատանք չտանելու: «Անհրաժեշտ է դադրիլ Հայաստանի եւ Արցախի տեսակէտներուն միջեւ հակասութիւններ փնտռելէ: Նման բան չի կրնար ըլլալ: Մենք գործ ունինք համազգային արժէք ու տարողութիւն ներկայացնող խնդիրի հետ, չենք կրնար հակասութիւններ ունենալ: Մենք կը կատարենք հետեւողական աշխատանքներ, եւ այս պահու դրութեամբ տակաւին չենք ստացած Ազրպէյճանի կողմէ առաջին եւ հիմնական պատասխանը` անոնք կ՛ընդունի՞ն մեր անկախութիւնը, թէ՞ ոչ: Եթէ ոչ, ապա այն, ինչ որ կը քննարկուի, այն, ինչի մասին կը խօսուի, ոչինչ են», ըսած է ան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը նաեւ կարեւոր նկատած է, որ միջազգային հանրութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ Ազրպէյճանի նկատմամբ իր վերաբերումը: «Այն, ինչ որ տեղ գտած է Ազրպէյճանի իրականութեան մէջ, ոչ նուազ վտանգաւոր է, քան այն, ինչ որ մենք կը տեսնենք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, յատկապէս ծայրայեղականներու, ահաբեկիչներու կապուած», ըսած է ան:
Բակօ Սահակեան նշած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք միջազգային հանրութեան արձագանգը ոչ մէկ ձեւով բաւարար կը նկատուի, դիպուկ գնահատականներ չեն տրուած, այլ միայն երկու կողմերուն կոչեր ուղղուած են:
Անոր համաձայն, Արցախ պիտի փորձէ այնպէս ընել, որ բանակցային հոլովոյթին սկսելու պարագային ներգրաւուի իբրեւ լիարժէք կողմ, որովհետեւ առանց Արցախի մասնակցութեան կարելի չէ այս տագնապին լուծում գտնել:
Բակօ Սահակեան նշած է, որ հակառակ այն կեցուածքին, թէ իրենց համար խանգարուած ձեւաչափով բանակցութիւնները նախընտրելի են զինուորական գործողութիւններէն, բայց եւ այնպէս ասիկա չի նշանակեր, թէ իրենք կը հրաժարին իրենց դիրքորոշումէն: Ան ներկայիս հաւանական չէ նկատած բանակցային հոլովոյթի վերսկսումը, որովհետեւ Ազրպէյճանի գործելաոճը բանակցային սեղան վերադառնալու ոչ մէկ ակնարկութեան տեղ կու տայ:


