Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Ժամանակն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Յստակ Քայլերու Ձեռնարկէ, Որպէսզի Կարգի Հրաւիրէ Ազրպէյճանը»

Ապրիլ 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_42716

27 ապրիլի Ազգային ժողովի նիստին Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հարցուցած է, թէ ի՛նչ են խաղաղութեան- բանակցային հեռանկարները` նկատի առնելով, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը կը շարունակէ կրակել` օգտագործելով ծանր զինամթերք:

Էդուարդ Նալբանդեան դիտել տուած է, որ բանակցային հոլովոյթին հեռանկարները կապուած են անոր, որ նախ եւ առաջ վերացուին այն հետեւանքները, որոնք արձանագրուեցան Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած նախայարձակ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն պատճառով:

«Այսօր միջազգային հանրութեան եւ եռանախագահող երկիրներու` Հայաստանի հետ միասին ջանքերը ուղղուած են այդ հետեւանքներու վերացման, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ բացառուի կրկնութիւնը այն բոլորին, ինչ որ տեղի ունեցաւ ապրիլի սկիզբը, եւ ճիշդ այդ մասին ըսած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը իր այցելութեան ընթացքին», յայտնած է ան:

Նախարարը ըսի-ըսաւ նկատած է այն յայտարարութիւնները, թէ նախարար Սերկէյ Լաւրով իրեն հետ բերած է բանակցութիւններ վարելու թղթածրար մը: Ան նաեւ սին նկատած է Ազրպէյճանի այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստան դուրս կու գայ բանակցային գործընթացէն:

«Ազրպէյճանի կողմէ կ՛երեւի իրենց ցանկութիւնն է ներկայացնել, թէ Հայաստանը դուրս կու գայ բանակցային գործընթացէն: Ատիկա սուտ է, Հայաստանը միշտ կողմ եղած է բանակցութիւններուն, միայն խաղաղ ճամբով տագնապի լուծման: Հայաստանը չէ, որ հրաժարած է  հանդիպումներէն, եթէ ինչ որ հանդիպումներ տեղի չեն ունեցած կամ յետաձգուած են, ատիկա եղած է Ազրպէյճանի պատճառով», ըսած է նախարարը` շեշտելով, որ վերջին անգամ նման դէպք պատահած է Ուաշինկթընի մէջ, երբ ազրպէյճանցիները մերժած են հանդիպում ունենալ նոյնիսկ եռանախագահներուն հետ:

Արտաքին գործոց նախարարը նկատել տուած է, որ ապարդիւն փորձեր կը կատարուին հարցականի տակ դնելու եռակողմանի զինադադարի ուժի մէջ գտնուիլը: «Փորձեր կատարուեցան դիւանագիտական քուլիսներու մէջ, եւ համապատասխան արձագանգ եղաւ եռանախագահներուն կողմէ», ըսած է ան` նշելով, որ  եռանախագահները ըսած են այն, ինչ որ  Հայաստան կ՛ըսէ` թէ եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրները, որոնք կնքուած են 94-95-ին, ուժի մէջ են եւ պէտք է իրականացուին ասոնց դրոյթները:

«Ինչպէս կ՛ըսեն գող` սիրտը դող», ըսած է նախարարը` շեշտելով, որ  առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան այդպէս կ՛ընէ: Անոր համաձայն, յայտնի է, որ ազրպէյճանական կողմը, երբ պատասխանելու բան չունի, կը յայտարարէ, որ տեղեակ չէ:

Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ Ազրպէյճան կը ձեւացնէ, որ իբրեւ թէ տեղեակ չէ, որ Արցախի դէմ սանձազերծած է այդ լայնածաւալ գործողութիւնները եւ տեղեակ չէ, թէ որքա՛ն զոհ տուած է այդ արկածախնդրութեան իբրեւ հետեւանք, նաեւ` թէ ի՛նչ կը նշանակէ այն առաջարկը, որ կը վերաբերի զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման:

«Ես կը կարծեմ, որ այդ անտեղեակներուն համար կրնանք յիշեցնել, որ տեղեկութիւն չունենալը  զիրենք զերծ չի կացուցեր պատասխանատուութենէն: Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը յստակ քայլերու ձեռնարկէ, որպէսզի կարգի հրաւիրէ Ազրպէյճանը եւ զայն վերադարձնէ կառուցողական դաշտ: Այդ ժամանակ կարելիութիւն կ՛ըլլայ նաեւ բանակցային գործընթացը շարունակելու», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Մասին` «Առաջնահերթ Խնդիրը Յարձակումի Նոր Բռնկում Չարտօնելն Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Օհանեան Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?