8 մայիսին Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ: Այս առիթով նախանցեալ օր յայտարարուեցաւ «Պէյրութցիներու ցանկ» համախոհական ցանկը, որ կը համախմբէ Պէյրութի մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուղղութիւնները` պահելով հաւասարակշռութիւնը Պէյրութը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն միջեւ: Համախոհական սոյն ցանկը կը գլխաւորէ Ժամալ Իթանի:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս ցանկին մէջ առաջադրած է Յակոբ Թերզեանի եւ տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի թեկնածութիւնները: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն կենսագրական հակիրճ գիծերը:
Կենսագրական Գիծեր` Յակոբ Թերզեանի

Յակոբ Մարտիրոս Թերզեան 1966 թուականի ծնունդ է եւ լիբանանահայ գաղութի գործունեայ ականաւոր դէմքերէն:
Տէր եւ տնօրէնն է «Համփի» հագուստեղէնի առեւտրական ընկերութեան:
Հիմնադիրն է եւ 2007-էն ի վեր կը ղեկավարէ «Համփի 1921» («Hampy 1921 sal») ճարտարարուեստական եւ առեւտրական ընկերութեան:
2004-էն ի վեր անդամ է «Զարգացման եւ ներդրումներու արաբական միջազգային» վկայեալ ելեւմտական միջնորդութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդին:
2001-2005 անդամ` Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի կալուածոց յանձնախումբին:
2007-2010 անդամ` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գործադիր խորհուրդին:
2011-2013 անդամ եղած է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Քաղաքական ժողովին:
Անդամ է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Կենսագրական Գիծեր` Տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի

Տոքթ. Սահակ Յարութիւն Քէշիշեան 1963 թուականի ծնունդ է, ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ: Մասնագէտ բժիշկ` սիրտի եւ երակներու հիւանդութեանց:
Բժշկական մարզին մէջ վարած է բազմաթիւ պաշտօններ, ինչպէս` Լիբանանեւքանատական հիւանդանոցի սիրտի բաժանմունքի տնօրէն, Տահր Պաշեքի պետական հիւանդանոցի բժշկական բաժանմունքի տնօրէն: Անդամ է բժշկական մէկէ աւելի միութեանց եւ մարմիններու, ինչպէս` Լիբանանցի սրտի մասնագէտ բժիշկներու միութեան եւ Եւրոպացի սրտի մասնագէտ բժիշկներու միութեան: Ստանձնած է զանազան պատասխանատուութիւններ եւ վարած է զանազան պաշտօններ, ինչպէս` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն խորհուրդի նախկին նախագահ, Տահր Պաշեքի պետական հիւանդանոցի բժշկական խորհուրդի նախկին նախագահ եւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան նախկին գանձապահ:
Հմուտ է հայերէնի, արաբերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի:


