Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան. «Հայկական Կողմերը Դէմ Չեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Փուլային Լուծման»

Ապրիլ 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

shavarsh_42916

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան` պատասխանելով «Նիուզ»-ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի փուլային լուծման, ըսած է, որ հայկական կողմերը դէմ չեն փուլային լուծման: Ան աւելցուցած է, որ այս ծիրին մէջ Ազրպէյճան նախ եւ առաջ պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, պէտք է վերադարձնէ իր կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքները եւ բանակցութիւններու սկսի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմաններու յստակեցման շուրջ:

Մինչ այդ, ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 29 ապրիլին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց կարգին անդրադարձած է Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած փուլային լուծման. «Ռուսիոյ ներկայացուցած առաջարկը մեզի համար ալ հետաքրքրական է: Մեզի կ՛առաջարկուի տագնապի փուլային լուծում: Անվտանգութեան տեսանկիւնէ կարեւոր է, որ հայկական բանակը քաշուի: Հայկական բանակը պիտի լքէ ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքները», ըսած է ան:

Մամետեարովի համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ Ռուսիոյ աշխուժութիւնը նման է սառցալերան: Նախարարը ըսած է, թէ բոլորը կը տեսնեն սառէ լերան գագաթը միայն, սակայն կայ նաեւ ստորին մասը: «Տակաւին կանուխ է մանրամասնութիւններ բացայայտելու: Անոնք քանի մը հետաքրքրական գաղափարներ ներկայացուցած են: Անոնք բոլորը նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ են», ըսած է ան:

Նախարարը նաեւ անդրադարձած է 12 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցչութեան կողմէ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան յղուած բողոքագիրին: «1994-1995-ին ձեռք բերուեցան զինադադարի համաձայնագիրները: Երբ ապրիլին խախտեցաւ զինադադարի դրութիւնը, Ազրպէյճան յայտարարեց, որ Հայաստան հարցականի տակ կը դնէ այդ համաձայնագիրները: Ռուսական կողմն ու համանախագահները մեզի յայտնեցին, որ ամբողջովին կը սատարեն 1994-1995 թուականներուն ձեռք բերուած համաձայնագիրներուն: Ինչպէս գիտէք, կրակի դադրեցման դրութեան նոր փուլը համաձայնեցուած է Մոսկուայի հետ: Մենք եւս կը կարծենք, թէ զինադադարի դրութեան ամրապնդումը կարեւոր հարց է, տագնապը կարելի չէ լուծել զինուորական ճամբով: Մենք միշտ կ՛ըսենք, որ կողմ ենք խաղաղ լուծման, բայց պէտք է արդիւնք ըլլայ: Այդ չի նշանակեր, որ մենք 25 տարի եւս պէտք է բանակցինք: Մենք կ՛ըսենք, որ ինչ ճամբով ալ ըլլայ, պէտք է յառաջ շարժինք», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

Մամետեարով Կը Ծրագրէ Մայիսին Հանդիպիլ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան. «Անցեալին Վերադարձ Պիտի Չըլլայ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?