Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւնները Ճիշդ Ուղղութեամբ Կ՛ընթանան

Ապրիլ 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_42816

Երէկ, Ազգային ժողովի հերթական քառօրեայ նիստին ընթացքին Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քննարկման ժամանակ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեանի խօսքով` ՀՅԴ-ի գնահատումով` իսկապէս կը կատարուին ընտրական համակարգի աննախադէպ եւ արմատական փոփոխութիւններ: Բայց ամէն ինչ կը գնահատուի ոչ թէ զգացմունքներով, այլ համեմատութեան մէջ: Եւ համեմատութիւնը ճշգրիտ ու լիարժէք իրականացնելու համար անհրաժեշտ է երեք հիմնական ուղղութիւններով գնահատել, թէ ներդրուող ընտրական համակարգը ինչպէ՛ս կը լուծէ այդ համակարգին մէջ տարիներէ ի վեր կուտակուած եւ չլուծուած հիմնական հարցերը` ընտրական կեղծիքներուն դէմ դնելու, ընտրապայքարներու մէջ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու եւ ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւն հաստատելու խնդիրները:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, լուրջ եւ խորքային հիմքեր կը ստեղծուին ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար:

Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց գլխաւոր փաստերը` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ձեւաւորէ Ազգային ժողովը` երեք հինգերորդի մեծամասնութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան, պատգամաւորը նշեց, որ անիկա կ՛իրականացուի երկու` ընտրական ու կառավարման համակարգերու միջոցով: Աշխարհի մէջ գործող բոլոր տեսակի համամասնական ընտրակարգերը կը խթանեն կուսակցական համակարգերու կայացումը, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական համակարգի կայացումը, որ մենք երբեք չենք ունեցած:

«Մեծամասնութեան կայունութիւնը կը լուծէ քաղաքական տագնապներէ խուսափելու եւ անվտանգութեան խնդիրներ, որովհետեւ խորհրդարանական համակարգերը այդ հարցերը ունին, ունին տագնապներ  յառաջացնելու հարցեր: Փոքրամասնութեան կայունութեան միջոցով կը լուծուի իշխանութեան հակակշիռ ըլլալու  խնդիրը», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով կ՛ունենանք ոչ թէ մեռելային կայունութիւն, այլ ժողովրդավարական կայունութիւն:

Ըստ պատգամաւորին, Դաշնակցութիւնը վստահ է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն այդ փոփոխութիւնները կիրարկելով կրնանք ունենալ վստահելի եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ:

 

 

Նախորդը

Զինադադարի Խախտումներ. Հակառակորդը Արձակած Է Աւելի Քան 240 Արկ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?