
Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Եւրոպայի օրուան» առիթով 7 յունիսին այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեօթըր Սվիթալսքին, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ամբողջ անձնակազմը եւ ի դէմս անոնց` Եւրոպական Միութեան մեծ ընտանիքը «Եւրոպայի օրուան» առիթով, մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն:
«Աւելի քան վեց տասնամեակ անցած է այն օրէն, երբ Եւրոպայի հիմնադիր հայրերէն Ռոպերթ Շումանը հրապարակեց իր հռչակագիրը, որուն հիման վրայ դրուեցաւ այսօրուան Եւրոպական Միութեան կառուցման հոլովոյթը: Այս կարճ պատմական ժամանակահատուածին մէջ Եւրոպական միասնական ընտանիքի գաղափարը անցած է փորձաքննութենէ, ապացուցած է իր կենսունակութիւնը եւ փաստած ժողովուրդներու միասնաբար ապրելու առաւելութիւնները: Ըստ էութեան, Եւրոպական Միութեան հեղինակութիւնը այսօր կ՛անցնի իր աշխարհագրական սահմաններէն շատ հեռու:
Ուրախ եմ, որ վերջին տարիներուն մեր յարաբերութիւնները, քաղաքական շփումները բաւական աշխուժացած են, աւելի պարբերական դարձած են բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները: Այս այցելութիւնները իրենց մէջ կը պարունակէին բաւական չափով գործնական քայլեր», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Ըստ անոր, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր համապարփակ իրաւական փաստաթուղթին շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան յաջողութեամբ` յոյս յայտնելով, որ ողջամիտ ժամկէտներու ընթացքին փաստաթուղթը ստորագրուած ըլլայ, ինչ որ աւելի պիտի խթանէ առկայ համագործակցութիւնը:
Դեսպան Փեօթըր Սվիթալսքի իր եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` ընդգծելով, որ «Եւրոպայի օրուան» տօնակատարութիւնը Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը կը նկատէ ընդհանուր տօն, եւ որ կ՛ուզէ նշել Հայաստանի եւ ընդարձակ եւրոպական ընտանիքին հետ:
«Գիւմրիէն մինչեւ Կապան, մինչեւ իրանական սահման մենք կը կոչենք եւրոպական դարպասներ եւ մեր լաւագոյն ջանքը ի գործ կը դնենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով: Մենք մեր յարաբերութիւնները կը նկատենք շատ լաւ, աշխուժ կերպով զարգացող, բայց գիտենք, որ ա՛լ աւելի հարստացնելու ու զարգացնելու ներուժ ունինք», յայտնած է դեսպանը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու դեսպանը քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգին, ընթացիկ ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է այդ բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան մնայուն աջակցութեան համար:
Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղղութեամբ երկուստեք գործադրուող ջանքերը աւելի հարստացնեն երկկողմանի օրակարգը եւ նոր մակարդակի բարձրացնեն Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները:


