Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեխիոյ Նախագահը` Հայաստանի Մէջ. Զեման Կը Կրկնէ Չեխիոյ Խորհրդարանին Դիմելու Գծով Նախապէս Կատարած Իր Յայտարարութիւնը

June 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

che-1_60816

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պետական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Չեխիոյ  նախագահ Միլոշ Զեման, որ 8 յունիսին  նախագահ Սարգսեանի հետ ունեցած է հայ-չեխական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ, որոնց աւարտին անոնք տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս:

Նախ նախագահները ունեցած են դռնփակ նիստ, որմէ ետք տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ: Բանակցութիւններու աւարտին նախագահներ Սարգսեանն ու Զեմանը այս այցելութեան առիթով ստորագրած են «Յուշագիր` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ»:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է արցախեան տագնապին նկատմամբ Չեխիոյ կեցուածքին, Չեխիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ հայ-չեխական յարաբերութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան Չեխիոյ իր պաշտօնակիցին փոխանցած է իր մտահոգութիւնը վերջին օրերուն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անհաւասարակշիռ վարքագիծին վերաբերեալ` դիտել տալով, որ վերջինիս նշանները կարծես առկայ չեն եղած Վիեննայի մէջ: «Մասնաւորապէս, «Աշխարհի ազրպէյճանցիներուն չորրորդ համաժողով» անունը կրող ձեռնարկին ժամանակ հնչած անոր ելոյթը` Հայաստան պետութեան մասին շնական որակումներով, անձնական վիրաւորանքներով երկրի նախագահին հանդէպ, որուն հետ, ի միջի այլոց, օրեր անց ինք կը պատրաստուի հարցեր քննարկել, պատմութիւնը զաւեշտի վերածած ինչ որ միտքերով: Ես յոյս ունիմ, որ ասիկա ժամանակաւոր խնդիր է, տղայութիւն է եւ արագ կ՛անցնի, քանի որ մենք լրջօրէն պիտի աշխատինք, պարտաւորութիւն ունինք յառաջիկային համար: Եւ յոյս ունիմ, որ ասիկա Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները վիժեցնելուն միտուած գիտակցուած վարքագիծ չէ», նշած է Հայաստանի նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չեխիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր դիրքորոշման համահունչ կեցուածք որդեգրելուն եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, ինք ու Չեխիոյ իր պաշտօնակիցը կարեւոր նկատած են Վիեննայի մէջ, ինչպէս նաեւ նախապէս ձեռքբերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը` դիտել տալով, որ այդ քայլերու անշեղ իրագործումը այն նուազագոյն շեմն է, որ կարելիութիւն կու տայ ճամբայ հարթելու դէպի կառուցողական, եւ որ կարեւորագոյնն է, արդիւնքի միտող բանակցութիւններ:

Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման իր կարգին յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրնան խաղաղութեան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ: «Ես վերջերս այցելեցի Ազրպէյճան, եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս կը մնայ նոյնը` անկախ անկէ, թէ ո՛ր երկրին մէջ կը գտնուիմ: Ես երկու նախագահներուն յիշեցուցած եմ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ օրինակը, երբ այդ երկիրները իրարու հետ երկար տարիներ պատերազմներ մղած են, բայց աւարտին երկու նախագահները կրցած են կնքել համաձայնագիր եւ աւարտել պատերազմական գործողութիւնները: Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը փայլուն անձնաւորութիւններ են, եւ կրնան հետեւիլ այդ օրինակին եւ խաղաղութիւն կնքել», նշած է Զեման: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի նախագահին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն առաջարկած է հանդիպում կազմակերպել Չեխիոյ մէջ` նկատի առնելով այն, որ 2002-ին եւ 2005-ին նման նախաձեռնութիւն արդէն եղած է:

Նախագահ Զեման նաեւ անդրադարձած է Չեխիոյ խորհրդարանին` Գերմանիոյ խորհրդարանի օրինակին հետեւելու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու հարցով: «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս յայտնած եմ 2014-ին` Հայաստանի նախագահ Սարգսեանի Չեխիա տուած այցելութեան ընթացքին: Նացիական Գերմանիոյ յաղթանակի պարագային իմ ժողովուրդս եւս կրնար նման տառապանքներ կրել, պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ: Ես գիտեմ, որ Ցեղասպանութիւնը դատապարտած են Եւրոպական Միութեան 10 երկիրներ, ոչ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն կարելի է նշել Ռուսիան եւ Քանատան: Իբրեւ այս յայտարարութեան յաջորդող քայլ, ես պիտի դիմեմ Չեխիոյ խորհրդարանին, որպէսզի անոնք հետեւին Գերմանիոյ օրինակին եւ հանդէս գան նման յայտարարութեամբ», յայտնած է Զեման:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ու Չեխիոյ միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական կապերուն. Չեխիոյ նախագահը դիտել տուած է, որ այս յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ պէտք է աշխատին ո՛չ միայն քաղաքական գործիչները, այլ նաեւ գործարարները: Ան երկկողմանի առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները անբաւարար նկատած է եւ նշած, որ այս մարզը բարելաւելու համար իրեն հետ բերած է չեխ յաջողած գործարարներ: Զեմանի համաձայն, Չեխիան Հայաստանին կրնայ առաջարկել աւանդական նկատուող, ինչպէս նաեւ նոր արտադրուած ապրանքներ: «Ես կը սիրեմ այն կարգախօսը, որ կ՛ըսէ, թէ հաճելի է խնձոր սպառելը, բայց շատ աւելի լաւ է տնկել խնձորի ծառ: Մեր ներդրումը նման է խոր արմատներով ծառին, որ բարեկամութեան արմատներ պէտք է նետէ հիման վրայ փոխշահաւէտ ռազմավարութեան, զոր կարելի չէ պատահական ընտրութիւններով ընդհատել: Պէտք է մշակել եւ գործադրել երկարաժամկէտ տնտեսական համագործակցութիւն», շեշտած է Զեման:

che-2_60816

Նոյն օրը առաւօտեան Չեխիոյ նախագահը այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած  մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Չեխիոյ նախագահը նաեւ եղեւնի տնկած է յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ, ինչպէս նաեւ գրառում կատարած թանգարան-հիմնարկի պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ: Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի համաձայն, «Խորին յարգանքով` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին» գրած է Չեխիոյ նախագահը եւ ըսած, որ ոչ իսկ վայրկեան մը վարանած է իր գրութեան մէջ Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելու:

Չեխիոյ Երեսփոխաններուն Աւելի Քան 90 Առ Հարիւրը
Կը Զօրակցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

Չեխիոյ «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ չեխական մամուլը երեսփոխաններու մօտ կատարած է հարցախոյզ մը, որուն մասնակից երեսփոխաններուն 90 առ հարիւրէն աւելին զօրակցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Հարցախոյզին մասնակցած են թէ՛ իշխող, թէ՛ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն: Անոնք ըսած են, որ 1915-ին կատարուածը ցեղասպանութիւն է, եւ պէտք է այդ մէկը ընդունուի», ըսած է ան:

«Կը կարծեմ, որ տեսնելով հասարակական կարծիքի բուռն արձագանգը, Չեխիոյ նախագահի, ինչպէս նաեւ միւս քաղաքական ուժերու աջակցութիւնը, ամէն պարագայի յառաջընթաց պիտի ըլլայ», նշած է ան` աւելցնելով, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը` Փրակայի Տոմինիք Տուքա արքեպիսկոպոսը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովներէն է. կաթողիկէ եկեղեցին կ՛աջակցի երկրի հայ համայնքին:

Նախորդը

Պելճիքայի Մէջ. Բակօ Սահակեան. «ՀՅԴ Հայ Դատի Շնորհիւ Բազմաթիւ Կարեւոր Հարցեր Կը Ստանան Արդիւնաւէտ Լուծում»

Յաջորդը

Թոթթի 25-րդ Տարեշրջանն Ըլլալով Մաս Պիտի Կազմէ Ա. Էս. Ռոմայի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.