Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին

June 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Geman-Ambassador_60716

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեանի եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն Վահրամ Էմմիեանի եւ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի,  այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Մարթին Հութի հետ:

Յ. Բագրատունի ՀՅԴ-ի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով գնահատեց Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրման քայլը` զայն նկատելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակ մը:

Յ. Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ այլ երկիրներու խորհրդարաններ եւս հետեւին Պունտեսթակի օրինակին եւ կը ճանչնան անհերքելի պատմական փաստը: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման` այդպիսով նպաստելով շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման:

Գերմանիոյ դեսպանը իր կարգին ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման թայմինկին կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը: Ան ըսաւ, որ այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, երբ գաղթականներու ճգնաժամի լուծման համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խիստ կարեւոր են, Պունտեսթակը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ այդ հարցին մէջ Գերմանիոյ ունեցած դերակատարութիւնը մատնանշող բանաձեւը` այդպիսով ընդգծելով պատմութեան հետ առերեսուելու կարեւորութիւնն ու անխուսափելիութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին դեսպան Հիւթ յայտնեց, թէ գոհ է, որ այսպիսի պատմական պահու մը ընթացքին կը վարէ հայահոծ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի պաշտօնը եւ լիբանանահայութեան գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտող բազմաթիւ նամակներն ու դրուատական կեցուածքներուն մասին զեկուցումները կը փոխանցէ Պերլին:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Միութեան Հեղինակութիւնը Կ՛անցնի Իր Աշխարհագրական Սահմաններէն Շատ Հեռու»

Յաջորդը

Ռիօ-2016. Ժիւտոյի Միջազգային Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Խաղերուն Մասնակցող Մարզիկներուն Պաշտօնական Ցանկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.