Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը Խոշտանգելու Դէպքին` «Այս Դէպքը Ուղղակի Հարուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պետականութեան» Ըսաւ Բակօ Սահակեան

June 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago_60716

6 յունիսի առաւօտեան Ստեփանակերտի մօտ գտնուող Խնածաղ գիւղին մէջ 20 հոգիի կողմէ խոշտանգումի ենթարկուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավար, «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութեան նախագահ Հայկ Խանումեան:

Պատգամաւոր Հայկ Խանումեանի հետ տեղի ունեցած դէպքին անդրադարձած է Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան` զանիկա անընդունելի որակելով եւ կոչ ուղղելով զերծ մնալու չհիմնաւորուած գնահատականներէ եւ մեկնաբանութիւններէ, քանի տակաւին չկան հետաքննութեան վերջնական արդիւնքները:

«Խստօրէն կը դատապարտեմ բռնութեան որեւէ դրսեւորում մարդու եւ քաղաքացիի դէմ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորին, քաղաքական գործիչին հանդէպ բռնութեան կիրարկումը լրացուցիչ մտահոգութեան տեղ կու տայ», ըսուած է Սահակեանի յայտարարութեան մէջ:

«Այս դէպքը ուղղակի հարուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականութեան, ժողովրդավարութեան եւ մեր կողմէ որդեգրուած արժէքներուն: Ես մնայուն կապի մէջ եմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն հետ, կը հետապնդեմ հետաքննութեան զարգացումները: Գործընթացը կը գտնուի  իմ անմիջական վերահսկողութեանս տակ, եւ կը վստահեցնեմ, որ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ անհրաժեշտ միջոցներ կը  ձեռնարկուին դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու համար», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը` Խանումեանին շուտափոյթ առողջութիւն մաղթելով:

 

 

Նախորդը

«Ես Անձամբ Պիտի Շարունակեմ Հանդէս Գալ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Սկսելու Օգտին» Կ՛ըսէ Մերքել

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Միութեան Հեղինակութիւնը Կ՛անցնի Իր Աշխարհագրական Սահմաններէն Շատ Հեռու»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.