Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեխիոյ Նախագահը Իր Երկրի Կառավարութեան Ու Խորհրդարանին Կոչ Պիտի Ուղղէ Գերմանիոյ Օրինակով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

June 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

milos-zeman_60616

Եւրոպական անկախ «Օրեր» ամսագիրի խմբագրութիւնը կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման չեխական «Փարլամենթնի լիսթի» համացանցային թերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ մտադիր է իր երկրի կառավարութեան եւ խորհրդարանին կոչ ուղղելու` գերմանական օրինակին հետեւելու եւ պաշտօնապէս ճանչնալու թուրքերու կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ան ըսած է.«Ես տեսակէտս յայտնած եմ արդէն 2014 թուականին, երբ իմ հրաւէրով Փրակա կը գտնուէր Հայաստանի նախագահը. նշած եմ, որ 1915-ի կոտորածները ցեղասպանութիւն են: Եւ որովհետեւ միւս շաբաթ միասնաբար պիտի մեկնինք Հայաստան, ատիկա ես պիտի կրկնեմ»:

Նշենք, որ Չեխիոյ նախագահը այսօր կը հասնի Երեւան:

«Սակայն պէտք է նաեւ յաջորդ քայլը ընել, եւ ես պէտք է Հայաստանէն վերադառնալէ ետք դիմեմ Չեխիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին` կոչ ուղղելով հետեւելու Գերմանիոյ Պունտեսթակի օրինակին: Սակայն ոչ միայն Գերմանիոյ կամ Ֆրանսայի օրինակին, ուր ցեղասպանութեան ճանաչումը նոյնիսկ օրէնքով ամրագրած են, այլ նաեւ Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Իտալիոյ եւ այլ պետութիւններու, որովհետեւ կը կարծեմ, որ այս բնագաւառին մէջ մենք ետ կը մնանք», ըսած է նախագահ Զեման` նշելով նաեւ, որ Հայաստանէն վերադառնալէ ետք այդ մասին պիտի խօսի Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիւպոմիր Զաորալեքի հետ:

 

Նախորդը

Էրտողան Գերմանիան Կը Մեղադրէ Նամիպիացիներու Ցեղասպանութեան Համար

Յաջորդը

Նախարար Նալբանդեանի Իրան Տուած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին Հաստատուեցաւ Երկկողմանի Յարաբերութեան Ամրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.