Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Տէր Մինասեանի Մահուան 65-Ամեակի Նշում

Յունիս 4, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եթէ Այսօր Հայաստան Կայ, Կարելի Է
Ստուգապէս Ըսել, Որ Մենք Ատիկա Կը Պարտինք
Արամի, Ռուբէնի Նման Մարդոց»

Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

IMG_9540

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 3 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի մահուան 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Պաղտասարեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ազգային –  ազատագրական պայքարին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցած Ռուբէն Տէր Մինասեան եղած է հայ զինուորական ու քաղաքական միտք, նուիրեալ մարտիկ, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան երրորդ ռազմական նախարար եւ դաշնակցական ղեկավար, եղած է անձ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ յեղափոխութեան եւ Դաշնակցութեան ծրագիրներուն ու գաղափարներուն իրականացման:

IMG_9461

Ան դիտել տուաւ, որ հեռատես մասնագէտ Ռուբէն Տէր Մինասեանի շնորհիւ շատ մը արհաւիրքներ տեղի չունեցան, իսկ 1918-1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր ունեցած ներդրումին շնորհիւ ամրապնդուեցաւ հայկական պետականութեան գաղափարը` շեշտելով, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ Ռուբէն տիրական ներկայութիւն պիտի ըլլայ նաեւ իբրեւ գրիչի զինուոր` իր  «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» աշխատութեամբ:

Ռուբէնի մահէն 65 տարիներ ետք մերօրեայ կեանքին անդրադառնալով` Մ. Պաղտասարեան ըսաւ, որ տակաւին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ չեն յաղթահարուած, բազմաթիւ ծրագիրներ տակաւին չեն ամբողջացած, հայրենի հողը ամբողջութեամբ չէ ազատագրուած, հայերը հաւաքաբար հայրենիքին մէջ չեն համախմբուած եւ ամբողջական Հայաստանը տակաւին չէ կերտուած:

«Այո՛, Ռուբէնը չտեսաւ Արցախեան ազատագրական պայքարը, չտեսաւ Հայաստանի վերանկախացումը: Մենք տեսանք: Վաղը, եթէ մենք չտեսնենք Վանի, Մուշի եւ Սասունի ազատագրումը, ապա մենք գալիք սերունդներուն պէտք է փոխանցենք կտակը, որպէսզի գործը շարունակուի: Ռուբէններու հոգիները հանգիստ կը ննջեն, երբ կիսատ չէ մնացած սրբազան գործը, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր հայ ունի իր պարտականութիւնը:

«Պիտի յաղթենք, որովհետեւ մեր դատը արդար է եւ մեր հողերը պապենական են: Յաղթելու համար պէտք է ըլլանք միակամ, ամուր, պատրաստ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն դէմ կանգնելու, գործնական, նուիրեալ, ծառայասէր, մէկ եւ ամբողջական բառով դաշնակցական:

«Յարգա՛նք Ռուբէնին եւ իր նման յեղափոխական նուիրեալներուն, պարծա՛նք ռուբէնները գործի դաշտ առաջնորդած Դաշնակցութեան եւ պատի՛ւ հայ ազգին», եզրափակեց Մարալ Պաղտասարեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Հրակ Մամիկոնեան եւ Նաթալի Մարտիրոսեան ասմունքեցին Ա. Ահարոնեանի «Էյ ջան հայրենիք»-ը: Անկէ ետք Կարօ Քէլէշեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, երգեց «Պարզիր աղբիւր»-ը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց եւ իր խօսքին մէջ հանգամանօրէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի կենսագրականին,  նկարագրային ուրոյն գիծերուն, գործին ու նուիրումին անդրադարձաւ Տիգրան Ճինպաշեան:  Ան լուսարձակի տակ առաւ Ռուբէնի մօտ «դէպի Երկիր» անցնելու մնայուն ձգտումը, որ անոր մէջ առկայ էր փոքր տարիքէն` դիտել տալով, որ 1903-ի աւարտին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի յանձնարարութեամբ Ռուբէն կը ղրկուի Կարս, ուր քաղաքի յեղափոխական հնոցին մէջ կը թրծուի եւ Ռուբէն կը յղկուի: Բանախօսը մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Ռուբէնի կեանքի հանգրուաններուն, հայոց պատմութեան մէջ իրենց դրոշմը ունեցած անձնաւորութիւններուն հետ գործակցութեան, փաշա տիտղոսին տիրանալուն: Ան անդրադարձաւ 1909-ին` իբրեւ հասուն կուսակցական Վառնայի Ընդհանուր ժողովին մասնակցութեան, անկէ ետք Ռուբէն կ՛անցնի Պոլիս, ապա Կովկաս ու Կարս, ուր փոխադրուած էր իր ընտանիքը, հոնկէ կը մեկնի Ժընեւ` կիսատ մնացած ուսումը շարունակելու համար, սակայն հազիւ ուսումը ստացած կրկին կը վերադառնայ Երկիր, ուր 1913-ի աշնան կը մասնակցի ՀՅԴ-ի 7-րդ Ընդհանուր ժողովին, որմէ ետք կը նշանակուի Տարօնի հայկական վարժարաններու տեսուչ: 1915-ի աշնան Ռուբէն իր խումբին վրայ տարբեր ճակատներու վրայ մարտեր մղելէ ետք կը միանայ Կոմսի խումբին:

IMG_9487

Տիգրան Ճինպաշեան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Ռուբէնի կեանքը այլ նկարագիր կը ստանայ, Ալաշկերտէն կ՛երթայ Կովկաս, Թիֆլիս, ուր որոշ շրջան մը հոգեկան վատ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն ինքզինք վերագտնելէ ետք կը նշանակուի Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, կ՛աշխատի քաղաքական գործին մէջ, սակայն նկատի ունենալով մասնագիտութեամբ բանակային ըլլալը, նաեւ զինուորական խորհուրդի  պատասխանատուն կ՛ըլլայ: «Այս Ազգային խորհուրդն է, որ զանազան վերիվայրումներէ եւ կռիւներէ ետք պիտի հռչակէ Հայաստանի անկախութիւնը, որմէ ետք Ռուբէն պիտի երթայ Երեւան, պիտի վերագտնէ Կարսէն  արդէն իր վաղեմի ընկերը` Արամը, պիտի ընտրուի երեսփոխան, խորհրդարանի զինուորական յանձնախումբի պատասխանատուն է»: Բանախօսը, Ռուբէնի վկայութիւններուն հիման վրայ հաստատեց, որ այդ հանգրուանին Հայաստան բնակուած էր թուրք թաթարներով, որոնք երկրին բնակչութեան 40 առ հարիւրը կը ներկայացնէին: Այդ շրջանին Ռուբէն շատ էական գործ կը կատարէ` մաքրագործումը Հայաստանին թուրք թաթար բնակչութենէն, զայն հայացնելով: «Եթէ այսօր Հայաստան կայ, կարելի է ստուգապէս ըսել, որ մենք ատիկա կը պարտինք Արամի, Ռուբէնի նման մարդոց, որոնք մտիկ չընելով տրամաբանութիւն կոչուած ձայնին, քաղաքական մտածողութեան ականջ չտալով, Հայաստանը Հայաստան դարձուցին», հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան:

Ապա Հայաստանէն դուրս Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ունենայ թափառականի կեանք` Զանգեզուրէն Թաւրիզ, Փարիզ, Գահիրէ, Պաղեստին, Պէյրութ, ապա կրկին Փարիզ: Այս շրջանին զբաղած է կազմակերպական կեանքով, սակայն ասկէ աւելի «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ լոյս կ՛ընծայէ իր յուշերը` «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, որոնք տարիներ շարունակ տպագրուեցան ու վերածուեցան հատորներու: «Այդ հատորները չափազանց կարեւոր են, որովհետեւ անոնց մէջ ինք ոչ միայն իր կեանքն ու յուշերը կը նկարագրէ, այլ տուեալ վայրերուն աշխարհագրական առանձնայատկութիւնները, հայոց աշխարհի բնութիւնը, գոյութիւն ունեցող դէպքերը եւ այլն: Հայոց պատմութեան այդ ժամանակաշրջանին համար բառացիկ հարուստ աղբիւր է ատիկա», հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան` աւելցնելով, որ Ռուբէն լոյս ընծայած է նաեւ այլ գործեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արժէք է:

Բանախօսը հաստատեց, որ Ռուբէն եղաւ այն մտաւորականներէն, որ ներշնչումի աղբիւր եղած է ուրիշներու: Ան դիտել տուաւ, որ Ռուբէն կապուած էր հայ գիւղացիութեան, որովհետեւ վստահութիւն չունէր քաղաքին մէջ բնակողներուն նկատմամբ, այլ գիւղն է հայկական պապենականութեան կորիզը, հայ ժողովուրդի առաքինութիւններուն արտայայտութեան վայրը: Ռուբէնը ժողովրդական մարդ չէր, ճառեր չէր խօսեր, այլ գործի մարդ էր, նոյնիսկ ուզած է, որ մահը ըլլայ առանց փող ու թմբուկի:

Իր խօսքը եզրափակելով` Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, որ եթէ Ռուբէն այսօր ապրած ըլլար,  պիտի ըսէր, որ պէտք է զինուիլ, որովհետեւ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն:

IMG_9515IMG_9464Բանախօսութեան յաջորդեց նուագ, զոր կատարեցին ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Սագօ Եագուպեան (շուի) եւ Արամ Տաղլեան (տհոլ):

Աւարտին Վիգէն Տիշչէքէնեան ներկայացուց Ռուբէն Տէր Մինասեանի մահուան  65-ամեակին առիթով «Ռուբէն» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ յօրինուած Ռուբէնի նուիրուած երգը, որուն բառերուն հեղինակն է Աշոտ Բագրատունին, իսկ երաժշտութիւնը մշակած է Րաֆֆի Տիշչէքէնեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»-ով:

IMG_9537Լուսանկարները՝ ՌՈՊԷՐ ՊՈՅԱՃԵԱՆի

 

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 117. Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «2015-Հայ Վիճակը Յետհայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ-Վերլուծում Մը» Գիրքին Ներկայացումը

Յաջորդը

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?