Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Ի՛նք Պիտի Վնասէ, Եթէ Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Մակարդակը Իջեցնէ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

June 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated78

3 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հաստատած է, որ 2 յունիսը իսկապէս շատ կարեւոր օր էր:

«Գերմանիոյ նման ազդեցիկ եւրոպական պետութիւն մըն է այսպիսի որոշում տուողը, թէեւ Գերմանիոյ նախագահը տակաւին նախորդ տարի խօսած էր այդ մասին ու ըսած, որ եղածը Ցեղասպանութիւն է: Թուրքիան ամէն ճիգ ու ջանք գործադրեց, որ նման որոշում չտրուի, սակայն, Գերմանիոյ խորհրդարանը համարեայ միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել այդ բանաձեւը», ըսած է Մանոյեան:

Մանոյեանի համաձայն, այդ բանաձեւին մէջ կան  շարք մը կարեւոր շեշտադրումներ: «Կը խօսի Թուրքիոյ այսօրուան սերունդի պատասխանատուութեան մասին եւ ակնարկութիւն կը կատարուի այն մասին, որ այսօրուան Թուրքիան ալ պատասխանատուութեան բաժին ունի: Անդրադարձ կայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, եւ Գերմանիան յանձն կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ եւ իր կառավարութեան յանձնարարած է քայլերու ձեռնարկել», դիտել տուած է Մանոյեան:

Անոր համաձայն, Գերմանիան կարեւոր երեւոյթ մը ցոյց տուաւ այլ պետութիւններու: «Յիշենք, որ  Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը նման որոշում չեն տուած», ընդգծած է ան:

Կիրօ Մանոյեանի բնորոշումով, Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը խուճապահար կեցուածք ունեցողի հակազդեցութիւն է: «Դեսպանը տուն կանչուեցաւ: Թրքական մամուլը նոյնպէս խուճապի մէջ է, գերմաներէն վերնագիրներով նիւթեր կը հրապարակեն այն մասին, թէ Հիթլերի թոռներ զիրենք կը մեղադրեն Ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այս առիթով Եւրոպական յանձնաժողովը Հայաստանին ու Թուրքիոյ կոչ ուղղած է, որ լրջօրէն հետամուտ ըլլան իրենց յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին, ասիկա հիմնականին մէջ պատգամ է  ուղղուած Թուրքիոյ, սակայն այդ երկրի պահուածքը անփոփոխ է: «Թուրքիան կը կրկնէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պիտի չբարելաւուին, այնքան ատեն որ Ղարաբաղի հարցը առկայ է: Կարելի չէ Թուրքիոյ կողմէ  որեւէ դրական բան ակնկալել», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Պունթեստակի կողմէ ընդունուած բանաձեւին յաջորդէ ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի ընդունումը, Մանոյեան ըսած է, թէ Գերմանիոյ կողմէ նման նախաձեռնութիւն ակնկալելէ առաջ պէտք է սպասենք, թէ Ֆրանսայի մէջ ի՛նչ պիտի ըլլայ: Ան աւելցուցած է, որ  եթէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը մնար Գերմանիոյ կառավարութեան որոշումէն կախեալ, այդպէս ալ կը մնար:

Անդրադառնալով Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան նշած է. «Ինչպէս բոլոր նման բանաձեւերու պարագային, Թուրքիան ինչ ալ ընէ, որքան ալ նեղանայ, այդ յարաբերութիւնները կը շարունակուին այնպէս, ինչպէս կան: Եթէ Թուրքիան յարաբերութիւններուն մակարդակը իջեցնէ, այդ պիտի նշանակէ, որ իր շահերուն կը հարուածէ ու կը վնասէ»:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ-Նալբանդեան Հանդիպում

Յաջորդը

Օհանեան. «Հայկական Զինուած Ուժերը Ունին Մարտունակութեան Բարձր Աստիճան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.