Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Համօ Օհանջանեանի Անունը Կրող Մասնաշէնքին
18 յունիսին Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կեդրոնին կողքին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանի անունը կրող երկյարկանի մասնաշէնքին: Մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը սկսաւ կեդրոնի սաներու հայկական պարերու ներքեւ: Մասնաշէնքի բացման արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ Թիֆլիսէն, Ջաւախքի տարբեր շրջաններէն եւ Հայաստանէն: Բացման արարողութեան Ախալքալաքի տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանէն պաշտօնեաներ: Բացման ժապաւէնը...




















