Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մոսկուա: Պատուիրակութիւնը շաբաթ, 13 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ 30 յուլիսէն 12 օգոստոս տեղի ունեցած «Միջազգային բանակային խաղեր-2016» մրցումներու եզրափակիչ փուլին եւ փակման հանդիսաւոր արարողութեան: