Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ. Նախարարներ Օհանեան Եւ Շոյկու Քննարկած Են Զինուորական Համագործակցութեան Հարցեր

August 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Seyran_81616

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ 16  օգոստոսին տեղի ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկույի երկկողմանի հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի զինուորական սարքերու վերաբերող համագործակցութեան առնչուած հարցեր: Նախարարները արձանագրած են, որ երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունի  փոխադարձ գործակցութեան բարձր մակարդակ, ինչպէս նաեւ նախանշած են համագործակցութեան հետագայ ուղիները:

Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող լայնածաւալ մարդասիրական գործողութիւնները: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը աջակցութիւն յայտնած է Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան ջանքերուն:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու միացեալ զօրքերու (ուժերու) խմբաւորման շահերէն բխող շողարձակ նիւթերու, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան մարզին մէջ իրավիճակի բացայայտման եւ գնահատման փոխադարձ գործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:

Ռուսիա Եւ Ազրպէյճան Զգալիօրէն Պիտի Ընդարձակեն
Ռազմավարական Գործակցութիւնը

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին, Ռուսիա եւ Ազրպէյճան կը նախատեսեն «զգալիօրէն ընդարձակել  ռազմաճարտարագիտական համագործակցութիւնը»:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան անդամ չէ ՀԱՊԿ-ին, վերջերս երկու երկիրներուն միջեւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութիւնը արագօրէն սկսած է զարգանալ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու անակնկալ այցելութեամբ Պաքու հասած էր 14 օգոստոսին:

Պաքուի մէջ Շոյկուն ընդունած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ ընդգծած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին, ի շարս այլոց` քննարկած է երկու երկիրներու ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Ալիեւ պնդած է, որ ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու այսօրուան բարձր մակարդակին շնորհիւ կարելի է լուծել բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ` շրջանային ապահովութեան առնչուող հարցեր:

Պաքուի մէջ 15 օգոստոսին տեղի ունեցած է Շոյկուի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հանդիպումը: Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարներու քննարկումներուն հիմնական նիւթը եղած է համագործակցութիւնը սպառազինութեան մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղիները:

Յատկանշական է, որ 12 օգոստոսին կարճատեւ աշխատանքային այցելութեամբ եւ Շոյկուի հրաւէրով Մոսկուա կը գտնուէր Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը, սակայն այդ այցելութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած:

Ռուս-ազրպէյճանական զինուորական համագործակցութեան մասին որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է Շոյկուի հետ Պաքու այցելած Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնով` փոխանցելով, թէ Մոսկուա յառաջխաղացք կ՛ակնկալէ Կասպեան շրջանին մէջ ապահովական համակարգ ստեղծելու գծով:

Այս շրջանին մէջ կ՛իյնան Ազրպէյճանը, Թուրքմենիստանը, Իրանը, Ղազախստանն ու Ռուսիան:

Անթոնով նաեւ յայտարարած է, որ զինուորական հարցերու շուրջ ռուս-ազրպէյճանական երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ աշնան, Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ռուս-ազրպէյճանական միջկառավարական հերթական նիստին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիա եւ Ազրպէյճան կը պատրաստուին սեպտեմբերին նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու: Կը նախատեսուի, որ այս նոր համաձայնագիրին շնորհիւ, Ազրպէյճանի մէջ բացուի զինուորական ուղղաթիռներ արտադրող ռուսական ընկերութեան սպասարկման կեդրոն մը:

Փութին անցեալ շաբաթ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած էր, թէ Ազրպէյճանի նման հարուստ երկիր մը կրնայ զէնք գնել որեւէ երկրէ:

15 օգոստոսին Ռուսիա ռազմափորձերու սկսած էր Կասպից ծովուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Սահակեան. «Պատրաստ Ենք Փոխզիջումներու, Եթէ Անոնք Չեն Խաթարեր Մեր Երկրին Անվտանգութիւնը»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ֆրանսայի Խորհրդարանի Կայքին Կարեւոր Ձեւակերպումը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.