Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Յանձնարարած Է Մշակել Եւ Ներկայացնել Սահմանադրութեան Նախագիծը

August 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago_81716

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբի անդամներուն հետ: Քննարկուեցան սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Իր խօսքին մէջ Բակօ Սահակեան շեշտեց, որ սահմանադրական բարեփոխումները կը վերաբերին մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդլայնման ու ամրապնդման, դատական իշխանութեան եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգերու կատարելագործման, անմիջական ժողովրդավարութեան հաստատութեան հետեւողական զարգացման:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ կազմաւորումէն ի վեր յանձնախումբը կատարած է ծաւալուն աշխատանք ու բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպած է հանրային քննարկումներ, հաշուի առնուած է սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերող թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ թէ՛ տարբեր զարգացած երկիրներու փորձառութիւնը, եւ իբրեւ արդիւնք ներկայացուած է առաջարկ, որուն հիմքը նախագահական կառավարման համակարգն է:

«Հաշուի առնելով յանձնախումբին տեսակէտը, քաղաքական ուժերու  մեծամասնութեան դիրքորոշումը, մեր տեղեկացուած ըլլալը  բնակչութեան մեծամասնութեան կարծիքին, որ արտայայտուած է նաեւ վերջերս տեղի ունեցած ընկերային հարցախոյզներուն շնորհիւ` ես կ՛ընդունիմ առաջարկուող տարբերակը եւ համաձայնութիւնս կու տամ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին եւ կը յանձնարարեմ յանձնախումբին` մշակել ու սահմանուած ժամկէտով  ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը», ընդգծեց երկրին ղեկավարը:

Հանդիպումին մասնակցեցան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Դէմ Է Արցախի Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հայեցակարգը Կ՛առաջարկէ Գերնախագահական Կառավարման Ձեւ

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան Բարձր Գնահատած Է Պիելոռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հետ Համագործակցութեան Մակարդակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.