Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան. «Փոխզիջումներու Մասին Խօսիլը Պարտուողականութիւն Է»

Օգոստոս 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Shavarsh_81816

18 օգոստոսին գումարուած կառավարութեան նիստէն ետք ղարաբաղեան տագնապին առնչուող տարբեր առանցքներու մասին լրագրողներուն հետ զրուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Ան հաստատած է, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն ընթացքին փոխզիջումներու մասին խօսիլը պարտուողականութիւն է` աւելցնելով, որ Հայաստանի որեւէ պաշտօնեայ իրաւունք չունի խօսելու լուծման մասին, որովհետեւ այդ հարցերը Լեռնային Ղարաբաղի իրաւասութեան ներքեւ կը գտնուին:

«Ես կը կարծեմ, որ փոխզիջումներու, նմանատիպ հարցերու շուրջ խօսիլը պարտուողականութիւն է, որովհետեւ մինչեւ այսօր ես Պաքուէն չեմ լսած որեւէ յայտարարութիւն զիջման մասին: Երբ Պաքուն խօսի զիջումներու մասին, այն ժամանակ կարելի է խօսիլ փոխզիջումներու  մասին: Քանի դեռ այնտեղ չեն խօսիր, ինքնին նոյնիսկ այդպիսի հարցեր բարձրացնելը կը կարծեմ, ճիշդ չէ, առնուազն ճիշդ չէ», ըսած է Քոչարեան` աւելցնելով. «Այլ բան է, որ բանակցային հոլովոյթին մասին խօսելով հայկական կողմերը կ՛ըսեն, որ այո՛, փոխզիջումներու պատրաստ ենք, ընդհանուր: Բայց քանի որեւէ յայտարարութիւն չկայ Ազրպէյճանի կողմէ, աւելի՛ն` քանի դեռ այդտեղէն աւելի կը կարծրանան դիրքերը, ապա հայկական կողմերուն խօսիլ ինչ որ զիջումներու մասին, ինծի կը թուի, անիմաստ է»:

Ան շեշտած է, որ Հայաստան իրաւասու չէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութեան մասին խօսելու. «Ինծի համար կամ Հայաստանի ոեւէ պաշտօնեայի համար չկայ փոխզիջում կամ զիջում հասկացողութիւն, որովհետեւ այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին հարցին լուծման, հիմնականին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւասութիւններուն մէջ են: Այսինքն, Հայաստանի որեւէ պաշտօնեայ նոյնիսկ իրաւունք չունի անոր մասին խօսելու: Այլ բան, որ այսօր ստեղծուած իրավիճակին մէջ քանի դեռ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լիարժէք ձեւով չի մասնակցիր բանակցային հոլովոյթին, չընդհատելու համար այդ հոլովոյթը` Հայաստանը կը մասնակցի, բայց Հայաստանը իրաւասու չէ խօսելու Լեռնային Ղարաբաղի փոխարէն թէ՛ անոր կարգավիճակին, թէ՛ անոր  տարածքային ամբողջականութեան մասին»:

Քոչարեան դիտել տուած է, որ ներկայիս բանակցութիւնները տեղքայլի մէջ են` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը իր մէջ կ՛ենթադրէ յառաջ ընթանալու համար փոխզիջումներու պատրաստակամութիւն ցուցաբերել: «Քանի կողմերէն մէկը երբեք չէ յայտարարած, թէ ի՛նչ զիջումներու պատրաստ է, ապա յստակացնել, խօսիլ հայկական կողմի զիջումներուն մասին, ատիկա ուղղակի մարտավարական եւ ռազմավարական կոպիտ սխալ է», նշած է Քոչարեան:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ հայկական կողմին նպատակը ի՞նչ է` Շաւարշ Քոչարեան ըսած է, որ հայկական կողմերու դիրքորոշումը յստակ է` Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ: «Մեր նպատակը շատ յստակ է. Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ, պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ պետութեան անվտանգութիւնը: Այդ երկու հարցադրումը յստակ դրուած է եւ անոր մասին բազմիցս ըսուած է: Ինչ կը վերաբերի մանրամասնութիւններուն, ինչպէս անոր հասնիլ, ատիկա արդէն այլ խնդիր է, ինչ որ պայմանաւորուած է նաեւ այդ կողմին դիրքորոշումով, իսկ բանակցային այդ կողմին դիրքորոշումը շատ կարծր է, եւ այս պարագային մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ անիմաստ է», դիտել տուած է Քոչարեան:

Ըստ փոխնախարարին, թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած, այլ խօսուած է զինադադարի դրութեան ամրապնդման մասին:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարին այն յայտարարութեան , թէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ տարածքները յանձնելու դրական խթաններ կան` Քոչարեան հաստատած է, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ միջամտութիւն ցարդ միշտ ալ վնասած է ու պիտի շարունակէ վնասել հոլովոյթին: «Եթէ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ  քարտուղարը կը խօսի տարածքներու մասին, աւելի լաւ է, որ խօսի Կիպրոսի մասին, որ անոնք գրաւած են», յայտնած է ան:

 

Նախորդը

Նախարար Մկրտչեան Կրթական Համակարգին Մէջ Բարեփոխումներու Կը Նախաձեռնէ

Յաջորդը

Մինասեան. «Քաղաքացիները Առանց Միջնորդի Պիտի Կարենան Ներմուծում Ու Արտահանում Իրականացնել»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?