Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրթութեան Նախարարը Ընդունած Է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Նոր Նշանակուած Տնօրէնը

August 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

image_1472050950_34549851

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (Եու. Էս. Էյտ.) հայաստանեան առաքելութեան նոր նշանակուած տնօրէն Տեպորա Կրիսըրը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Ռաֆիք Մանսուրը եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան աշխատակիցները:

Լեւոն Մկրտչեան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան  ծաւալած գործունէութիւնը, մասնաւորաբար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան մակարդակը: «Ամերիկեան քանի մը ծրագիրներ կան, որոնք ինծի համար կարեւոր են ինչպէս կրթութեան, այնպէս ալ քաղաքական առումով, խօսքը կը վերաբերի «Խաղաղութեան միաւորում»-ի հետ համագործակցութեան, որուն գաղափարախօսութեան մէջ ամփոփուած է ամերիկացի  ժողովուրդին աւանդական հանդուրժողական եւ բազմաբեւեռ մտածողութիւնը: Վերջերս ծանօթացայ նաեւ «Դասաւանդէ՛ Հայաստան»  կազմակերպութեան գործունէութեան, որուն գաղափարախօսութեան հիմքը եւս ամերիկեան մտածողոթիւնն է: Խորապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ առկայ է նախ եւ առաջ հասարակական մտածողութեան փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը, եւ վստահ եմ, որ այս ուղղութեամբ շատ ծրագիրներ միասին կեանքի կը կոչենք», նշած է Լեւոն Մկրտչեան:

Նախարարը ամերիկացի պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է կրթութեան համակարգի կարեւոր մարտահրաւէրները` մասնաւորապէս առանձնացնելով հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգերու բարեփոխումները: Հանրակրթութեան համակարգին մէջ նախարարը շեշտը դրած է յատկապէս փոքր դպրոցներու պահպանման խնդիրին վրայ` կարեւոր նկատելով փոքր դպրոցներու պահպանման հայեցակարգին մշակումը: Անդրադառնալով բարձրագոյն կրթութեան բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան` նախարարը ընդգծած է այդ հոլովոյթին մէջ կրթութեան որակի ապահովման գործօնը: Ան շեշտը դրած է համալսարանական կրթութեան ինքնավարութեան բարձրացման հարցին վրայ` ընդգծելով կառավարման խիստ կեդրոնացեալ ըլլալու հանգամանքը: Նախարարը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան պարունակին մէջ` փորձելով բեռնաթափել կառավարման կեդրոնացուածութիւնը:

Նախարարը պատուիրակութեան ղեկավարին ուշադրութեան յանձնած է այն հանգամանքը, որ Համաշխարհային դրամատան վարկային ծրագիրները կրթութեան կառուցուածքային խնդիրներու լուծման մեծապէս նպաստելէ ետք պէտք է ուղղուէին բովանդակային խնդիրներու լուծման: Խօսելով կրթութեան համակարգին մէջ ներկայիս Համաշխարհային դրամատան վարկային ծրագիրով իրականացուող հանրապետութեան կարգ մը դպրոցներու նորոգութեան աշխատանքներուն մասին` Լեւոն Մկրտչեան փափաք յայտնած է, որ դրամատան հետագայ վարկային միջոցները ուղղորդուին կրթութեան որակի բարձրացման ծրագիրներուն, որոնք պիտի նպաստեն բարձրագոյն կրթութեան եւ աւագ դպրոցի բովանդակութեան ու որակեալ կրթութեան ապահովման:

Ռաֆիք Մանսուր ընդգծած է, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ ամուր գործընկերութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ, որոնցմէ մէկն ալ այն է, որ կրթութիւնը մարդու իրաւունք է, որ կենսական ու առանցքային դերակատարութիւն ունի անհատի եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման առումով: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն համար երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւս կը շարունակէ մնալ գերակայ խնդիր, ինչ որ կը կիսեն հայաստանցի գործընկերներուն հետ` կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու Հայաստանի կառավարութեան միւս օղակներուն մէջ: Փոխդեսպանը վստահեցուցած է, որ պատրաստ են շարունակելու գործընկերութիւնը այս եւ այլ կարեւոր հարցերու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Ասթանա

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Համաներում Կրնայ Յայտարարուիլ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.