Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Արեւմուտքի Համար Հայաստանը Շատ Աւելի Վստահելի Ընկեր Կրնայ Ըլլալ, Քան Թուրքիան

August 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Manoyan_81916

19 օգոստոսին «Մեդիա կենտրոն»-ին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ խօսած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, շրջանին ու Հայաստանի մէջ անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութեան, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ կապերուն մասին:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ձախողած զինուորական յեղաշրջման փորձին` Մանոյեան յայտնած է, որ միւս կողմէ կը յաջողի եւ ընթացքի մէջ է Էրտողանի յեղաշրջման փորձը: «Այս մասին Էրտողան զգուշացուց ինքզինք այդ զինուորական փորձի ժամանակ, երբ ինք վերադարձաւ Պոլիս եւ յայտարարեց. «Կարծես, թէ ասիկա Աստուծոյ ուղարկած բարիքն էր, որ մենք կարենայինք պէտք եղած մաքրագործումը կատարել»… Բերման ենթարկուած է մօտ 60 հազար հոգի, ձերբակալուած` մօտ 20 հազար անձ, այդ պատճառով ալ բանտերուն մէջ տեղ չկայ, եւ դատապարտուածներուն մէկ մասը հիմա պէտք է ազատ արձակեն, որպէսզի տեղ ըլլայ նորերուն համար: Բայց անցնելով ամէն սահման` հիմա սկսած են նաեւ մասնաւորին վրայ աշխատիլ», ըսած է Մանոյեան:

Լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ այս բոլորը արդեօք որքա՞ն ազդեցութիւն պիտի ունենան շրջանի քաղաքականութեան վրայ, Մանոյեան նշած է, որ ատիկա յատկապէս նկատելի է Սուրիոյ առնչուած հարցերուն վրայ, քանի որ թուրքերը արդէն սկսած են խօսիլ այն մասին, որ կարելի չէ առանց Ռուսիոյ պատկերացնել սուրիական հարցին լուծումը: «Այսինքն` կարծես թէ անոնք պատրաստ են Սուրիոյ հարցով իրենց մօտեցումները առնուազն որոշ փոփոխութեան ենթարկելու: Չեմ կարծեր, թէ յատուկ այլ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան շրջանային քաղաքականութեան մէջ: Դրական իմաստով ոչինչ կը փոխուի»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը ի՞նչ  ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ եւ Հայաստան ի՞նչ կրնայ ընել այդ իրավիճակին մէջ` Մանոյեան ըսած է. «Չեմ կիսեր այն տեսակէտը, թէ Թուրքիան զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք աւելի ուժեղ դուրս եկաւ, ճիշդ է, սակայն, որ Էրտողան աւելի ուժեղացաւ: Իսկ ատիկա չ՛ենթադրեր, որ երկիրը ուժեղ է: Հայաստան պիտի ունենայ որոշ կարելիութիւններ Թուրքիոյ` արեւմուտքի հետ վատ յարաբերութիւններու ներկայի փուլին քիչ մը աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալու արեւմուտքին հետ: Համեմատած Թուրքիոյ հետ` Հայաստան շատ աւելի վստահելի ընկեր կրնայ նկատուիլ: Անհրաժեշտ է, որ մենք այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկենք ո՛չ միայն պետական, այլ նաեւ հասարակական- քաղաքական մակարդակի վրայ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին համաձայն, Ռուսիա¬Թուրքիա¬Իրան համագործակցութիւնը խորքային բնոյթ պիտի չունենայ: «Անոնք այսպիսի միասնական կերպար որդեգրած են հիմնականին մէջ արեւմուտքի նկատմամբ կեցուածքի դրսեւորման պատճառով: Չեմ կարծեր, թէ կը հասնին ռազմավարական գործընկերութեան, բայց կ՛ունենան որոշակի գործակցութիւն` առնուազն առեւտրատնտեսական մարզին մէջ: Իսկ ռազմավարականի չեն հասնիր, քանի որ շրջանին մէջ ունին շահերու տարբերութիւններ, անվստահութիւն: Այսօր անոնց միակ համընկնող շահը արեւմուտքի նկատմամբ իրենց կեցուածքն է», նշած է Կ. Մանոյեան:

 

Նախորդը

Մկրտչեան. «Ապրիլեան Դէպքերէն Ետք Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկուի Նաեւ Մասնագիտութիւններու Ցանկը»

Յաջորդը

Ողիմպիական Ոսկին Եւ Միւս Ժանգը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.