Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պուրճ Համուտի Մէջ` Առանց Ցուցադրական Արարքներու

Օգոստոս 20, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agnarg_82016

Պուրճ Համուտի մէջ թափուող աղբերու հարցին գծով մամլոյ ասուլիսներ, պատասխան յայտարարութիւններ եւ կողմնակի ելոյթներ կը շարունակեն գրաւել լրատուամիջոցներու եւ բնականաբար յատկապէս Մեթնի ժողովուրդին ուշադրութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցուցադրած զգայնութիւնը այս խնդիրին նկատմամբ իր բացատրութիւնները ունի եւ այս պարագային կը թուի, որ քարոզչաքաղաքական գլխաւոր թիրախը Մեթնի ժողովուրդն է. միջավայր մը, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան գործունէութեան առանցքային բաժինն է:

Այս զգայնութեան ցուցադրութիւնը չսահմանափակուեցաւ մամլոյ ասուլիսներով, հանդիպումներով եւ յայտարարութիւններով: Հետեւեցան քաղաքական քայլեր` կառավարութենէ հրաժարումներ եւ ցուցական աքթեր` երիտասարդական բողոքներով աղբաթափման գործի արգելակման փորձեր:

Այս նախադրեալները, որոնց շարքին յատկապէս կառավարութենէ հրաժարումի իրականութիւնը, մտածել կու տան, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր քաղաքական ներկայ գործունէութեան հիմնական առաջադրանքին վերածած է աղբերու թղթածրարը:

Այլապէս համալիբանանեան տարողութեամբ շատ աւելի սուր խնդիրներ, քրիստոնեաներու իրաւունքներու ոտնահարման երեւոյթներ, ահագնացած վիճակի մէջ ներկայացող եւ երկիրը դէպի կաթուածահար վիճակի տանող անել կացութիւններու եւ հրաժարականներու կրնային առաջնորդել ո՛չ միայն Փաղանգաւոր կուսակցութեան, այլ նաեւ տարբեր շրջանակներու նախարարներ, պետական պաշտօն ունեցող այլ անձնաւորութիւններ:

Ճիշդ է եւ պէտք է նկատի ունենանք, որ բարձրացուած նիւթերն ու առաջադրանքները` կենսոլորտ, առողջապահութիւն, Մեթնի բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերուող նախանձախնդրութիւն կամ աղբաթափման համակարգի ապակեդրոնացում, ժողովրդահաճոյ առաջադրանքներ են, որոնք առաջադրող կողմին համար կ՛ապահովեն ժողովրդականութիւն:

Երբ այս նիւթերուն առընթեր կ՛աւելնան նաեւ պաշտօններէ հրաժարումի աքթերը, այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ ժողովուրդին վերաբերող խնդիրները գերադաս են տուեալ կուսակցութեան ստանձնած պաշտօններէն:

Միաժամանակ սակայն պէտք է ունենալ նաեւ որոշ հարցումներու պատասխաններ, թէ նոյն այդ հրաժարողները ի՞նչ կեցուածք որդեգրեցին, երբ ամբողջ Լիբանանին համար կենսոլորտային աղէտի վերածուած թղթածրարին հանգուցալուծման եւ փակուղիէ դուրս գալուն համար կ՛ընտրուէր այս տարբերակը, կամ այլընտրանքային ի՞նչ առաջարկ կը ներկայացնէին, որ պիտի ըլլար նուազ վատառողջապահական, նուազ աղէտային: Յիշեցման կարգով, ծրագիրին կողմ քուէարկած էին:

Կարելի չէ ժխտել, որ կայացած պայմանաւորուածութիւնը առանց խախտումներու, առանց շեղումներու եւ իր բացարձակին մէջ համաձայնուած  սահմաններու մէջ կ՛ընթանայ: Այդ շեղումներուն սրբագրութիւնը, գործընթացները պայմանաւորուածութիւններու սահմաններ վերադարձնելու պահանջները չեն նշանակեր, որ չեն տարուիր այդ աշխատանքները առանց աղմուկի, առանց ամպագորգոռ յայտարարութիւններու, քաղաքականօրէն նաեւ սպառնական ի պահանջել հարկին եղանակներով կը տարուին երկրի այս օրուան պայմաններու նկատառումով ամենաբարձր մակարդակով` ուղղակի վարչապետին հետ:

Ամբողջ երկրին սպառնացող աղբահանման թղթածրարի հանգուցալուծումը եւ ատոր համար երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք կայացած համաձայնութիւնները գործնականացնելը, այդ գործնականացման ընթացքին նախատեսուած շեղումներն ու խախտումները սրբագրելը երկարաշունչ, հետեւողական, լուսարձակներէ հեռու տարուող քաղաքական, բնապահպանական բնոյթի աշխատանք կը պահանջէ, քան` մամլոյ ասուլիսային, յայտարարողական, ցուցադրական:

Այլապէս, երբ շեղումներն ու բացթողումները սրբագրելու ճիգերը չարդիւնաւորուին եւ կայացած պայմանաւորուածութիւնները յարգելու միտումներ ի սպառ բացակային, բոլորը կ՛իմանան, որ Մեթնի մէջ եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի, ա՛յլ ուժ կայ, որ իր միջոցներով կասեցուցած կ՛ըլլայ աղբաթափումի երեւոյթը, առանց ցուցադրութեան, առանց մամլոյ ասուլիս տալու, առանց արգելակման կիսատ-  պռատ հանդէսի:

«Ա.»

Նախորդը

Ողիմպիական Ոսկին Եւ Միւս Ժանգը

Յաջորդը

Աղջկանց Պասքեթպոլի Վոլիպոլի Եւ Հենտպոլի Աւարտական Մրցումները Յստակացան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?