Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թուրքմենական Եւ Քրտական Գործօնները Ռուս-Թրքական Ժամանակաւոր Մերձեցման Լոյսին Տակ

Օգոստոս 23, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Agnarg_82316

Սուրիական պատերազմի խճանկարը կը թուի, որ աւելի բարդ մեկնաբանելի համապատկեր կը պարզէ: Հալէպի շրջանի նախ կառավարական ուժերու կողմէ շրջափակումը, ապա զինեալ խմբաւորումներու կողմէ այդ շրջափակումին ճեղքումն ու շրջանին հակառակ ուղղութեամբ իրողական շրջափակումը եւ աւելի ուշ դարձեալ կառավարական ուժերուն կողմէ Հալէպի ապաշրջափակումը ենթադրել կու տան, որ ուժերու հիմնական որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած տակաւին. շրջափակում-ապաշրջափակում այս պարանաձգութիւնը, որ իւրովի գոյավիճակի (սթաթիւս քօ) համազօր գործընթաց էր, կը յամենայ տակաւին ընդհանուր առումով:

Մինչ, հասկնալի եւ տրամաբանական ակնկալութիւնը այն էր, որ ռուս-թրքական մերձեցումը գետնի վրայ իր զինուորական արձագանգը պիտի գտնէր առնուազն կայուն զինադուլի կամ թայմ աութի մը առաջնորդելով երկրին մէջ շարունակուող պատերազմը:

Կառավարական ուժեր-զինեալ խմբաւորումներ ընդհանուր բախումներէն զատ երկու ցուցանշային իմաստ ունեցող կէտեր կրնային անմիջական հետեւանքի համոզում փոխանցել ընդհանուր ուղղութեան: Առաջինը Անգարայի կողմէ թէկուզ պատրուակային իմաստով օգտագործուող թուրքմեններու գործօնն էր: Չմոռնանք, որ ռուսական զինուորական օդանաւը թրքական հակաօդային ուժերուն կողմէ ջախջախուած էր հիմնականին մէջ թուրքմենական դիրքեր ռմբակոծելու ի պատասխան, թէեւ Անգարան կը շարունակէր կրկնել, որ ռուսական օդանաւը հատած էր Թուրքիոյ օդային տարածքը:

Ռուս-թրքական մերձեցման նախօրեակին եւ որռշ ժամանակէ ի վեր թուրքմեններու դիրքերուն վրայ ռուսական օդուժի յարձակումները դադրած էին արդէն: Ռուսական օդանաւին վար առնուիլը թրքական բանակի հակաօդային բաժինին կողմէ նաեւ ազդարարութիւն էր, որ Մոսկուան դադրեցնէ իր ազգակիցներուն վրայ իրականացուող յարձակումները: Հակառակ ստեղծուած միջպետական տագնապին, Անգարայի ուղերձը կը թուի, որ տեղ հասած էր: Իսկ հիմա, որ մերձեցումը ծայր առած է, կ՛ակնկալուի, որ Մոսկուան մոռացութեան տայ թուրքմեններու գործօնը որոշ ժամանակի համար, ինչպէս իր ջախջախուած օդանաւի հարցը: Ընդգծենք, որոշ ժամանակի համար:

Երկրորդ ցուցանշային գործօնը քրտականն է, որ շատ աւելի բարդ կացութիւն կը պարզէ: Հասաքէի մէջ քիւրտ-սուրիական բախումները չեն տարուիր ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Ճշդենք նաեւ, որ առաջին անգամը չէ, որ քրտական զինեալ կազմակերպութիւններ բախումներ կ՛ունենային սուրիական կառավարական ուժերու դէմ: Այդ բախումները պարագայական էին եւ ընդհանուր առմամբ շատ աւելի բուռն էին իսլամական խմբաւորումներու դէմ: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերը իրենցմէ դուրս որեւէ ուժի սահմանը հատող ներկայութիւն կը նկատէին ոտնձգութիւն իրենց ինքնավարութեան: Այս տրամաբանութեան մէջ աւելի համոզիչ կը դիտարկուին քիւրտ-արաբ վերջին բախումները: Մինչ Հալէպի շրջանի քիւրտերը կը շարունակէին իրենց բախումները իսլամական խմբաւորումներուն դէմ:

Քիւրտերուն դիրքորոշումներն ու բախումները հեռակառավարուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն: Գուցէ պատահական չէր, որ Փենթակոնը Հասաքէի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերէն ետք զգուշացուցած էր սուրիական բանակը Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր դաշնակից ուժերու մօտակայքը զինուորական գործողութիւններ կատարելէ: Թէեւ դաշնակից ուժեր ըսելով Ուաշինկթըն կ՛ակնարկէր Միջազգային դաշինքի ուժերուն, այսուհանդերձ Հասաքէի դէպքերուն առիթով կատարուած այս զգուշացումը պարզ կը դարձնէր, որ այդ ուժերուն մէջ կը ներառուի նաեւ քրտական ուժը: Ուաշինկթըն աւելի հեռու կ՛երթար ըսելու համար, որ եթէ սուրիական ուժերը շարունակեն ռմբակոծել քրտական շրջանները, ապա ամերիկեան օդուժը պիտի պաշտպանէ ցամաքային ուժերը: Աւելի՛ն. ամերիկեան օդուժը թոյլ չէ տուած, որ սուրիական օդուժը հատէ Հասաքէի օդային տարածքը: Հասաքէն արդէն ամերիկացիներուն համար Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան մաս չկազմող հիւսիսային Սուրիոյ կամ ինքնավար Քիւրտիստանի շրջանն է, որուն օդը եւս արտօնուած չէ հատել ոչ քրտական կամ այս պարագային Միացեալ Նահանգներուն կողմէ հովանաւորուած Միջազգային դաշինքի անդամ որեւէ ուժի:

Ինչպէս որ ռուսերուն արտօնուած չէր ռմբակոծել թուրքմենական տարածքներ եւ չհատել Թուրքիոյ օդային սահմանը, այնպէս նաեւ արտօնուած չէ սուրիական ուժերուն հատել Քիւրտիստանի օդային տարածքը:

Բայց խնդիրը աւելի սուր եւ նշանակալի իմաստ ունի այս պարագային: Ուաշինկթըն փաստօրէն Սուրիոյ անդամահատումին կամ մասնատման համազօր պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ. Հաւանաբար այս ուղերձին է, որ կը հակազդէ Անգարայի վարիչը, երբ ցուցադրական զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ պաշտօնական բանբերներու ճամբով շրջադարձ կը կատարէ յայտարարելու համար, որ նախագահ Ասատ ահաբեկիչներ չէ ուղարկած Թուրքիա:

Սուրիոյ մասնատումի քրտական երեսը կամ հիւսիսային Սուրիան Անգարայի մղձաւանջն է: Անոր մէջ Անգարան կը տեսնէ նաեւ Թուրքիոյ մասնատման սպառնալիքը դարձեալ քրտական գործօնին աշխուժացումով եւ մանաւանդ Ուաշինկթընի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի ցուցաբերած զօրակցութեամբ:

Իրար հակակշռող ուժերու կամ զինուորական գետնի վրայ քայլ-հակաքայլ պարանաձգուող այս գործընթացները մտածել կու տան, որ ռուս-թրքական մերձեցումը գետնի վրայ շատ տեղաշարժներ ապահովելու առաձգականութիւն չունի: Իսկ թուրքմեններու գործօնը շատ հեռու է քրտականին ներկայացուցած ազդեցիկութեան հետ բաղդատուելէ:

«Ա.»

Նախորդը

«Աղմկելէ Հեռու Կատարուած Լուռ Եւ Հանդարտ Աշխատանքը Աւելի Արդիւնաւէտ Կրնայ Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ռիօ-2016 Ողիմպիական Խաղերու Մետալներուն Վերջնական Դասաւորումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?