Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Կանխարգիլուած Է Ռուսիայէն Հայաստան Երկարող Կազի Խողովակաշարի Ականահարման Փորձը

August 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Georgia_82216

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Կրուզիա անլայն»-ը, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները խափանած են Սուկուրամ գիւղին մօտ Ռուսիայէն Հայաստան երկարող կազի խողովակաշարին ականահարման փորձը:

Ձերբակալուած են Վրաստանի 7 քաղաքացիներ, որոնց շարքին` Փոթի քաղաքի պարեկային ոստիկանութեան աշխատակից Լեւան Մամփորիան: Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով:

Լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Վրաստանի անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ձերբակալուածները կը ծրագրէին պայթեցնել Սակուրի գիւղին տարածքէն անցնող կազի խողովակաշարը, որ Ռուսիան կը միացնէ Հայաստանի:

Պարեկային ոստիկանութեան գործող աշխատակիցը ձերբակալուած է պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելուն համար, իսկ ուրիշ անձ մը` յանցագործութեան մասին տեղեկութիւններ ունենալու եւ տեղեակ չպահելու համար:

Յանցաւոր խմբակի անդամները 20 օգոստոսին ուղղուած են Ժինվալի-Շաթիլի մայրուղիի մերձակայ անտառային տարածք` այդտեղէն պայթուցիկներ ձեռք բերելու համար: Սակայն զանոնք վերցնելու պահուն ձերբակալուած են:

Ձերբակալուածներէն մէկուն տան համակարգիչին մէջ յայտնաբերուած է քարտէս, որուն վրայ նշուած են այն վայրերը, ուր անոնք կը ծրագրէին կատարել ականահարումները:

Վրաստանի անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ խմբակի անդամներէն մէկը յաճախ այցելած է Ուքրանիա, սակայն տակաւին տեղեկութիւններ չկան, թէ արդեօք խումբը արտերկրէ՞ն կը ղեկավարուի, թէ՞ ոչ: Ան նաեւ հերքած է այն տեղեկատուութիւնը, թէ խումբի անդամներէն մէկը բարեկամական կապ ունի Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի հետ:

Հետաքննութիւնը կը վարէ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան հակահետախուզութեան բաժանմունքը:

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Վճռած Ենք Սուրիական Եւ Իրաքեան Սահմանը Ձերբազատելու ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներէն»

Յաջորդը

Քրտական Ուժերը Յարձակում Կը Շղթայազերծեն Հասաքէի Մէջ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.