Սեպտեմբերը տօնական եւ յոբելենական է հայկական զոյգ պետութիւններուն համար: Մինչ 21 սեպտեմբերին պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակը, ամսուան սկիզբը կ՛ամբողջանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման քառորդ դարը: 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը, որ արդէն 10 դեկտեմբերին ամրագրուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէով:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, «Յանուն Արցախի անկախութեան եւ միասնութեան» կարգախօսին ներքեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, 2 սեպտեմբերին Օփերայի դահլիճին մէջ պիտի կազմակերպէ զօրակցական հաւաք, որուն ընթացքին քաղաքական պատգամներու հետ միասին պիտի ըլլայ ազգային-յեղափոխական երգերու համերգային ծրագիր: