Կապանի մէջ 2 հոկտեմբերին քաղաքապետի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Թեկնածուներու շարքին է ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Արթուր Աթայեան: Անոր ընտրական գրասենեակի պատասխանատու Սասուն Մանուկեան կարծիք յայտնեց, որ ՀՅԴ թեկնածուն յաղթող թեկնածու է, վստահաբար, մրցակիցները չեն թերագնահատուիր, անդրադառնալով այն փաստին, որ նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին Աթայեան դարձեալ առաջադրուած էր, սակայն իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց:
«Անցեալ ընտրութիւններուն Արթուր Աթայեան ինքնաառաջադրուած էր, եւ երբ ընտրական գործընթացներուն իրավիճակը խորացաւ, ան որոշեց ընդհանուր մթնոլորտը չշիկացնելու համար դուրս գալ ընտրապայքարէն: Այսօր, սակայն, Արթուր Աթայեան կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն է. ՀՅԴ-ի որոշումով առաջադրուած է: Կուսակցութիւնը վճռական է ու մինչեւ վերջ ընտրական գործընթացին պիտի մասնակցի», նշեց Մանուկեան:
«Այն ժամանակ իրավիճակը յոյս չէր ներշնչեր, որ կարելի է ինչ որ բան փոխել, հիմա` այս 4 տարուան ընթացքին, շատ բան փոխուած է, համակարգը փոխուած է, փոփոխութեան ենթարկուած սահմանադրութիւնն ալ կարելիութիւն կու տայ ինքնուրոյն գործելու եւ իրավիճակ փոխելու: Դաշնակցութիւնը ունի բաւարար միջոցներ ընտրական տեղամասերուն մէջ, օրէնքի տառին համապատասխան, ընտրութիւն կազմակերպելու, եւ կը կարծեմ` օրինական արդիւնքները ամրագրելու պարագային մենք պիտի յաղթենք, որքան ալ փորձ կատարուի ինչ-ինչ ճամբաներով ճնշումներ գործադրելու պետական եւ համայնքային ենթակայութեան աշխատողներուն նկատմամբ», շարունակեց Սասուն Մանուկեան:
Սասուն Մանուկեանի կարծիքով` ինչքան ալ փորձեն համայնքային աշխատողները ճնշել, անոնք գիտեն, որ Արթուր Աթայեան «քատրային ջարդ պիտի չիրականացնէ»:
«Համայնքային հասարակ աշխատողը գիտէ, որ իրեն աշխատանքէն ազատում չի սպառնար, այսինքն` Արթուր Աթայեան ընտրուելու պարագային քատրային ջարդ պիտի չիրականացուի», ըսաւ Մանուկեան:
Ինչ կը վերաբերի աւագանիի անդամներուն, Մանուկեան նշեց, որ 15 տեղի համար պիտի պայքարին 6-7 տասնեակ թեկնածուներ: