ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ընկերներով կանգնած ենք Շուշիի նեղ թաղերէն մէկուն մէջ` սպասելով, որ մեր վարորդին ինքնաշարժին անիւին նորոգութիւնը աւարտի, եւ մենք վայելենք հարազատութիւնը Շուշիին, մեր թոքերը լեցնենք բիւրեղ ու թանկագին օդովը Արցախին, մեր յաւերժ ծարաւ աչքերը փորձենք յագեցնել գեղեցկութեամբ արցախեան բնութեան, անվախօրէն զգանք մեր սրտերուն տրոփիւնը` անցնելով Ստեփանակերտի փողոցներէն, ականատես ըլլալով զարգացող եւ բարգաւաճող, իբրեւ անկախ պետութիւն ապրող ու արարող մեր յաղթանակած երկրին առօրեային, բնակիչներու եռուզեռին, մանուկներուն ազատ խաղին…
Յանկարծ կը բացուի մեր ետին գտնուող դուռը, ու նեղ անցքէն դուրս կը սպրդի կոկիկ ու օրինաւոր կոչուելով բոլոր տուեալներով օժտուած տղեկ մը` ձեռքին իրենց պարտէզէն քաղուած գունաւոր ծաղիկներու անուշիկ փունջ մը: Ամօթխած ու քիչ մը վախով կը նայի մեզի` իրեն համար անծանօթներուս, եւ քիչ մը հեռու կը կանգնի նայուածքը մեր վրայ պահելով: Կարմիր այտերով փոքրիկ արցախցի տղեկին երեւումը իսկական ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի ու կը շտապենք անոր հետ զրուցելու ձեւեր գտնելու:
-Ի՞նչ է անունդ,- կը հարցնեմ զուարթ շեշտով` արցախցի մանուկի մը հանդիպած ըլլալու իրականութենէն ծնունդ առած մեծ սիրով:
Նոյնքան խանդավառ չէ տղեկը, որուն աչքերը, սակայն, լեցուն են ինքնավստահութեամբ: Ան լուռ ու անմեղ կը շարունակէ դիտել մեզ, ինչպէս` օտարականներու:
Ճիշդ էր մանուկը` մենք իրեն համար օտարներ էինք իսկական, առաջին անգամն ըլլալով կը տեսնէր մեզ: Ան ծնած էր հարազատ հողին վրայ, կ՛ապրէր հայու բնական կեանքով, ինք եւ նոյնիսկ երէց արցախցիները պիտի չկարենային զգալ այն, ինչ որ կը զգայինք չորսս` Արցախի հողին վրայ կանգնած ըլլալով իրականացած երազի մը գիրկը օրօրուող սփիւռքահայերս, մենք` մանկութեան մեր տարիներէն Հայաստանով եւ Արցախով շնչած ու սնած, անոնց «հանդիպելու» տենչով ապրած երիտասարդներս: Բնական էր, որ ո՛չ մանուկը, եւ ո՛չ ալ անոր ծնողքը կարենային թափանցել մեր էութեան խորքը եւ գիտակցիլ, թէ արցախցիի մը հանդիպիլը որքան մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ կարօտագին մեր սրտերուն, ա՛լ ուր մնաց` անմեղ ու կարմրուկ այտերով այդ տղուն…
Բոլորս կը փորձենք մտերմութիւն հաստատել ծաղիկները ուժգին սեղմած տղեկին հետ, գրաւել անոր սիրտը, ժպիտ մը քաղել անոր դէմքէն, խօսք մը անոր շրթներէն…
Դուռը աւելի լայն կը բացուի, եւ կ՛երեւի երիտասարդ կին մը, որ մեղմօրէն կը բարեւէ մեզ, ապա կը մօտենայ տղեկին, որ շուտով կը բռնէ անոր ձեռքը` հանգստութիւն եւ ապահովութիւն զգալու բացայայտ արտայայտութեամբ:
Մեր հարցումը այս անգամ կ՛ուղղենք կնոջ` բողոքելու նման ըսելով, որ ան մերժեց մեզի հետ զրուցել:
– Զաւա՛կս, իրենք ալ մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, իրենք ալ հայ են, իրենց հայրերն ու եղբայրներն ալ կռուած են մեզի համար, մեր երկրին համար…
Ինչպէ՞ս համոզուէր մանուկը նման իրականութեան մը, ինչպէ՞ս ըմբռնէր այն, որ Հայաստանէն եւ Արցախէն բացի` հայեր կ՛ապրին նաեւ հեռաւոր երկիրներու մէջ, ուր հողը հարազատ չէ, ջուրը հայկական ակերէն չի բխիր, երկինքը Եռագոյնին կապոյտը չէ, հայկական գմբէթները ամէնուրեք չեն ողջուներ քեզ, ուր որքան ալ ապրիս ու արմատ նետես, արմատները կը մնան թոյլ, իսկ տեղացիներուն համար դուն կը մնաս օտար: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, հեռաւոր երկիրներու մէջ այդ հայերը մնայուն փափաքն ունին Հայաստանէն բուռ մը հող ունենալու, հայրենի պուլպուլակներէն յագեցնելու իրենց մնայուն ծարաւը, ապրելու հայրենի երկնքի հովանիին տակ ու գմբէթներուն օրհնութեամբ առաջնորդուելու:
– Իրենք այլեւս մեր հարեւաննե՞րը պիտի ըլլան,- ցած ձայնով մօրը կը հարցնէ տղեկը:
Մայրը կը ժպտի, իսկ մեր ժպիտները կ՛անհետանան` մտահոգ մտածումներու գիրկը նետելով մեզ, անկատար թուացող տենչերուն առթած վիշտով պարուրելու մեր հոգիները: Մանուկը խօսեցնելու մեր ճիգերը արդիւնաւորուած էին, լսուեցաւ անոր ձայնը, հնչեցին անոր բառերը` իբրեւ մարտահրաւէր մեզի, իբրեւ կոչ թերեւս` անոր հարեւանները ըլլալու, անմահացնելու արցախեան հերոսական հողին վրայ մեր զգացած հարազատութեան ու ապահովութեան զգացումը…
Ֆիզիքապէս կը հեռանան մեզմէ մայր ու որդի` նահատակի մը անունը կրող մանկապարտէզի ճամբան բռնելով, իսկ մեզ կը ձգեն շփոթած ու մտածկոտ, տղեկին հարցումը կը շարունակէ կրկնուիլ մեր մտքերուն մէջ, թակել մեր սրտերուն դռները եւ իբրեւ անկոչ ու սիրելի հիւր կը բազմի մեր հոգիներուն խորը` անկէ ետք դուրս չգալու համար:
***
Արցախի մէջ սովորական երեւոյթ է ազատամարտիկի զաւակի, ծնողքի ու հարազատի հանդիպիլը: Իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը, սրտին խորը պահած է կսկիծ ու ցաւ, սակայն դէմքին` հաստատակամութեան արտայայտութիւն: Որքան ալ փորձես պեղել հոգիները եւ թափանցել ներս, տիրականը կը մնայ կառչածութիւնը 25-ամեայ այդ երկրին, 25 տարիներ առաջ թանկագիններու մեծ զոհողութիւններով ձեռք բերուած այդ հողերուն նկատմամբ սէրը կը մնայ վեր` ամէն տեսակ կորուստէ ու կարօտէ, 25-ամեայ այդ երիտասարդը յաւերժ անկախ ու հայկական պահելու վճռակամութիւնը կը գլէ կ՛անցնի ամէն տեսակի մարտահրաւէր, ամէն տեսակի ես ու իշխող կը դարձնէ մե՛նքը, մե՛րը…
Ու պիտի մնաս անառիկ, Արցա՛խ իմ թանկագին, այնքան ատեն որ հողիդ վրայ կ՛ապրին տղաք, թէկուզ` տակաւին մանուկ, որոնք կը հաւատան, թէ քու սրբազան հողդ է հարազատը, թէ անկէ դուրս դժուար թէ հայկականութիւնը ամբողջական ըլլայ, կը հաւատան, թէ կեանքը կը սկսի քու առաւօտովդ ու իր լրումին կը հասնի քու լեռներէդ քունի անցնող մայրամուտով: Պիտի մնաս անսասան, այնքան ատեն որ մեզի պէս սփիւռքահայերուն մտքին, հոգիին ու սրտին մէջ բազմած ես փառաշուք կերպով եւ հոնկէ երբեք չհեռանալու հաստատակամութեամբ: Կը մնաս անմատչելի, այնքան ատեն որ քեզ իրենց կեանքէն աւելի թանկ նկատող անձնուէր զինուորները սահմաններուդ կը հսկեն տիւ ու գիշեր, կը մնաս, կը հզօրանաս ու կը բարգաւաճիս, այնքան ատեն որ քու հողիդ վրայ ապրողներուն ու քու հողիդ վրայ ըլլալու մնայուն երազը փայփայող սփիւռքահայերուն համար դուն կը մնաս գերագոյն երազ, իսկական վեհութիւն, յաղթանակի խորհրդանիշ եւ ազգային սրբազան դատ:
Լուսանկարները՝ Ասատուր Խանճեանի