ԺԱԳ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ազատագրական արիւնոտ պայքարէ, բազում զոհողութիւններէ ետք արցախահայութիւնը նուաճեց ազատ ու անկախ ապրելու իր իրաւունքը: Այդ իրաւունքին ձեռքբերման շնորհիւ հայկական իրականութեան մէջ ստեղծուեցաւ երկրորդ հայկական պետութիւնը` գուրգուրանքի առարկայ ամբողջ հայ ազգի զաւակներուն կողմէ, ո՛ւր ալ ապրին անոնք: 25 տարիներ անցած են արդէն այդ թուականէն: Մօտ երեք տարի շարունակ ղարաբաղեան պայքարը Մայր Հայաստանի հետ «Միացման» կարգախօսով մղելէ եւ այդ շրջագիծին մէջ բոլոր միջոցները սպառելէ ետք, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ ազրպէյճանական հետզհետէ թափ ստացող հակահայ մոլուցքին դէմ յանդիման գտնուելէ եւ պատերազմական յարձակողապաշտութիւնը դիմագրաւելէ ետք պահը հասած էր պայքարի ձեւին մէջ մարտավարական փոփոխութիւն կատարելու եւ այն ժամանակ գործող խորհրդային օրէնքներուն ու ազգային ինքնորոշման սկզբունքներուն հիման վրայ յայտարարելու անկախութիւն:
Ինքնորոշման իրաւունքին ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը եկաւ սրբագրելու խորհրդային իշխանութեան սկզբնական ժամանակաշրջանին գործուած սխալը` հայկական Արցախը Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան մաս դարձնելու առումով: Այսօր` 25 տարի ետք, արդէն ազատ ու անկախ Արցախի մէջ հասակ առած է նոր սերունդ մը, որ չի կրնար երեւակայել մէկ վայրկեան իսկ ապրիլ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, թէկուզ եւ ամէնէն լայն ինքնավարութեան կարգավիճակի ներքեւ: Հանրապետութեան առաջին տարիներու պատերազմական վիճակը, կատարուած բազմապիսի զոհողութիւնները բաւարար գրաւականներ էին, որպէսզի ազգային հոգեփոխութիւնը կատարուի արցախահայութեան մէջ, եւ անոր միջոցով` ամբողջ հայութեան մէջ: Դարձանք յաղթական ժողովուրդ մը, որ պիտի լծուէր իր երկրորդ պետականութեան կերտման համբերատար եւ յամառ աշխատանքին, որ անսայթաք կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Պատերազմող Պետութիւն`
Պատերազմող Ժողովուրդով
Հայութեան դէմ Ազրպէյճանի վարած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը սկիզբէն ալ պարտադրեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ըլլայ պատերազմող երկիր` միշտ պատրաստ պաշտպանելու իր ժողովուրդը, հայրենի տարածքը: Պատահական չէ երբեք, որ այս իմաստով ալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը կը կրէ «պաշտպանութեան բանակ» բնորոշումը: Որովհետեւ այն սպառնալիքը, որ կ՛ուղղուի Ազրպէյճանի կողմէ հայկական ներկայութեան դէմ, կարիքը ունի համարժէք հակազդեցութեան: Այս համարժէք հակազդեցութիւնն ալ մնայուն կերպով շօշափելի կը դառնայ այն պահերուն, երբ Ազրպէյճան որեւէ արկածախնդրական քայլի կը դիմէ արցախահայութեան դէմ:
Ազրպէյճանական մնայուն յարձակողապաշտութիւնը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ ո՛չ միայն Արցախը ըլլայ պատերազմող-ինքնապաշտպանուող պետութիւն, այլ նաեւ ամբողջ արցախահայութիւնը ըլլայ պատերազմող ու արժանապատիւ ժողովուրդ, որ կը գիտակցի ազատ եւ անկախ ապրելու կարեւորութեան: Պատերազմող, հերոսածին ժողովուրդ ըլլալու յատկանիշը իր ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնը ունեցաւ այս տարուան ապրիլ ամսուն Ազրպէյճանի շղթայազերծած քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ արցախահայ գրեթէ բոլոր տղամարդիկը կամաւորագրուեցան հայրենի եզերքը պաշտպանելու համար նախայարձակներէն: Արցախահայութեան այս պատասխանատու մօտեցումը իր կարգին վարակիչ խթան հանդիսացաւ, որ հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ հայորդիները իրենք եւս կամաւորագրուին, հայկական աշխարհին մէջ կատարուի հսկայական համազգային զօրաշարժ Արցախի Հանրապետութեան զօրակցելու իմաստով:
Արցախի Հանրապետութեան
Հիմնադրութեան Ակունքներուն Մէջ
Հայկական իրականութեան մէջ դժուար է գտնել մէկ ուրիշ կազմակերպութիւն, որ ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ իր անջնջելի հետքը ձգած ըլլայ այնքան, որքան Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Եւ եթէ որոշակիօրէն պետականաշինութեան մասին պիտի խօսինք, ապա չենք կրնար երբեք ուրանալ պատմական այն իրականութիւնը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը գտնուի ակունքներուն մէջ ե՛ւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան, ե՛ւ մերօրեայ ժամանակներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան ու կերտման:
Եթէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը հայ ազգը կը պարտի դաշնակցական մեծանուն գործիչ Արամ Մանուկեանին, ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը հիմնականօրէն կը պարտի հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին եղերաբախտ նախագահ, դաշնակցական Արթուր Մկրտչեանին, որ աննախադէպ դերակատարութիւն ունեցած է հանրապետութեան հիմերը դնելու աշխատանքին մէջ: Բացի ասկէ, սակայն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը տարբեր պայմաններու մէջ չզլացաւ ամէնէն տարբեր միջոցներով նպաստելու պետականակերտման աշխատանքին եւ արցախահայութեան ինքնորոշման պայքարին` մեկնելով գաղափարական այն համոզումէն, որ արցախեան պայքարի յաջող ելքը առանցքային նշանակութիւն ունի Հայ դատի պայքարին առումով:
Արցախի Տարածքային
Ամբողջականութեան Ամրագրում
Ըսինք արդէն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը չզլացաւ ամէնէն տարբեր միջոցներով նպաստելու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան` ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն ղեկավարումէն սկսեալ մինչեւ հանրապետութեան օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններուն մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն, Դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերուն միջոցով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանք, եւ վերջին` քառօրեայ պատերազմին ընթացքին կազմակերպութեան ամբողջ ներուժի տրամադրում` յանուն Արցախի հողին եւ ժողովուրդին պաշտպանութեան սուրբ գործին:
Հիմա, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, ղարաբաղեան հարցը թեւակոխած է բանակցային բաւական բարդ ժամանակաշրջան, որուն ծիրին մէջ կը խօսուի նաեւ ազատագրուած տարածքներու յանձնումի հաւանական բեմագրութիւններու մասին: Անկախ այն իրողութենէն, որ ազատագրուած այս շրջաններուն հողերը շաղախուած են հայոց արեամբ, եւ մեկնելով այս իրողութենէն, որեւէ ձեւով պէտք չէ խնդրոյ առարկայ դարձնել անոնց հայապատկանելիութիւնը: Կայ նաեւ ուրիշ իրականութիւն, զոր պէտք չէ անտեսել, այն, որ սկզբնապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մաս կազմած տարածքներ բռնագրաւուած կը մնան Ազրպէյճանի կողմէ, խօսքը Շահումեանի մասին է, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններու կարգ մը տարածքներու:
Այս իմաստով ալ կարեւոր կը նկատուի վերջերս ՀՅԴ Արցախի կառոյցին կատարած քննարկումը Արցախի մէջ` սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգին գծով: Քննարկումի իբրեւ արդիւնք հրապարակուած տեսակէտներուն մէջ կը շեշտուէր անհրաժեշտութիւնը նոր սահմանադրութեան մէջ «առաւել յստակ ամրապնդելու եւ ամրագրելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան (ներկայ բռնագրաւուած տարածքներով) դրոյթը»: Միւս կողմէ, այսօր ՀՅ Դաշնակցութիւնը Երեւանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեայ տարեդարձը պիտի նշէ զօրակցական հաւաքով, որուն ընթացքին կը նախատեսուի, որ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս իր սկզբունքային դիրքորոշումները ներկայացնէ բանակցային հոլովոյթին եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման յառաջիկայ փուլերուն նկատմամբ:
Ահաւասիկ բազում զոհողութիւններով պսակուած 25-ամեայ երթ մը կ՛ամբողջանայ այսօր: Երթ մը, որուն տրամաբանական եզրայանգումը պիտի ըլլայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, հայապատկանելիութիւնը, անոր` վերստին Ազրպէյճանի մաս կազմումի ամբողջական բացառումը: