Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, յանձնախումբին անդամ երեսփոխանները, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Սատ-Պաուշրիէ-Ժտէյտէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Քեսրուանի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշ, Պէյթ Մերիի քաղաքապետ Ռոյ Ապու Շտիտ, հարաւային Մեթնի քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ Ռեմոն Սամաան, Մեթնի քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր, ինչպէս նաեւ աղբերու մշակման մարզի փորձագէտներ եւ բնապահպաններ:
Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ աղբի տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Շուրջ ժամը 1:45-ին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդվզած լքեց նիստը եւ խորհրդարանէն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ցաւով կը յայտնեմ Քեսրուանի, Մեթնի եւ մասամբ նաեւ Պէյրութի մեր ժողովուրդին, թէ աղբերը փողոցներուն մէջ կուտակուած պիտի մնան, որովհետեւ որոշ ժամանակէ մը ի վեր ականատես կը դառնանք ոմանց կողմէ քաղաքական պատասխանատուութենէ խուսափումին: Անոնք բոլորը մեր սիրելի եւ ազգային միութիւնը մարմնաւորող հարազատ Պուրճ Համուտին վրայ կը բեռցնեն աղբի տագնապին հետեւանքները: Իսկ ով որ չի գիտեր, պէտք է գիտնայ, թէ Պուրճ Համուտը միայն հայկական շրջան մը չէ, այլ` կը պարփակէ բոլոր համայնքները, քաղաքական ուժերը եւ լիբանանեան ու ոչ լիբանանեան շերտերը: Տասնեակ տարիներէ ի վեր այս շրջանին վրայ կը բեռցնեն աղբերուն հետեւանքները, գարշահոտութիւնը, աղբակոյտը եւ կազի ընդունարանները, որոնք կազի ահաւոր հոտերով կ՛ողողեն շրջանը: Նոյնանման հոտեր կու գան նաեւ կազի ընկերութիւններէն, ու ես քիչ ըսեմ` դուք շատ հասկցէք:
«Այսօր կառավարութեան մշակած ծրագիրի գործադրութեան տարբեր փուլեր կ՛առաջարկեն եւ այդ առաջարկները պիտի սկսին գործադրել նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ, անշուշտ հասկացողութիւն ցուցաբերելով աղբակոյտի վերացման գծով` միաժամանակ հաստատելով, որ չեն հանդուրժեր անոր վերացման իբրեւ հետեւանք թաղման վայրեր հաստատել: Ի տես այս կացութեան, մենք կը վերահաստատենք, որ ինը ամիս առաջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան տուած որոշումը լիբանանեան պետութեան եւ կառավարութեան աշխատանքը դիւրացնելն էր` նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը հրաժարելու սեմին էր եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ պատրաստած էր իր հրաժարականը: Այս մտահոգութենէն մեկնելով` մենք միջամտեցինք աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին եւ ուզեցինք մաս կազմել անոր: «Հանդուրժեցինք, մեր ժողովուրդը, կուսակցութիւնը եւ հարեւանները իրենց կարգին հանդուրժեցին բոլոր քաղաքապետութիւններուն փոխարէն, եւ համաձայն գտնուեցանք, որ հանգրուանային այդ ծրագիրը գործադրուի, պայմանաւ որ Պուրճ Համուտի աղբակոյտը վերացուի:
«Հոս յիշեցնեմ, որ 1997-էն ի վեր փակուած աղբակոյտին ոչ ոք անդրադարձած է, իսկ այսօր այդ մասին «հերոսութիւններ» կը վկայենք: Մենք հաստատեցինք, որ աղբակոյտը հանդուրժած ենք, եւ Լիբանանի մէջ առկայ կենսոլորտային չափանիշներով թափօններու թաղման պատասխանատուութիւնը ստանձնած, աղբի մթերման վայրին մէջ երկու ամիս եւ ապա մէկուկէս ամիս տեսակաւորուած աղբ ընդունած ենք, իսկ հիմա անոնք կը խօսին այլ ամիսներու մասին: Նկատեցի, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին նիստին ներկայ բոլոր քաղաքապետները եւ քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահները մէկ կամ երկու տարուան առաջարկներ կը ներկայացնեն, մինչդեռ յարմարագոյն լուծումը մեր պահանջն է, որուն ոչ ոք անդրադարձած է: «Ընդհակառակն` անոնք Պուրճ Համուտի մասին պարզ խօսքերով ըսին. «Գլխուն ճառին թող նայի» եւ ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը:
«Ի պատասխան այս կեցուածքին կ՛ըսեմ` ո՛չ, բաւարար է, իւրաքանչիւր շրջան թող իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ: Մենք այլեւս այլոց պատասխանատուութիւնը կը մերժենք ստանձնել: Այսուհետեւ Պուրճ Համուտի մէջ պիտի չընդունինք թափօններու թաղման վայրը, աղբակոյտը եւ աղբի մթերման վայրը: Երբ կառավարութեան որոշումը իր մանրամասնութիւններով գործադրելու շուրջ համաձայն գտնուին, կը ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնը: Այսուհետեւ Պուրճ Համուտի մէջ ոչ մէկ աղբի կտոր պիտի թափուի: Թող իւրաքանչիւր քաղաքապետութիւն, երեսփոխան եւ երեսփոխանական պլոք ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը»:
Պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ ուղղուած այն հարցումին, թէ աղբի տագնապին լուծման հաւանականութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ դրուած են, Յ. Բագրատունի պատասխանեց. «Հարց տուէք այն երեսփոխաններուն, որոնք տակաւին հանդիպումի մէջ են եւ կը զբօսնուն»:
Նիստին աւարտէն ետք Քանաան յայտնեց, որ քաղաքապետարանները պատրաստ չեն աղբի տագնապը լուծելու` աւելցնելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ աղբակոյտը վերացնելու պահանջը իրաւունք է, եւ ընդգծելով, որ յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին պատկան մարմիններուն հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին` աղբի տագնապին լուծման նպատակով: