ՀՅԴ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու շրջանային բանակումը, որ իր աշխատանքներուն սկսած էր 22 օգոստոս 2016-ին Կիպրոսի Թրոտոս լեռնաշղթայի բանակավայրերէն մէկուն մէջ, աւարտած է 28 օգոստոսին:
Բանակումին կը մասնակցէին 13 երկիրներէ 65 երիտասարդներ, որոնց մէջ` ՀՅԴ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Բրիտանիոյ, Արցախի, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններու երիտասարդական միութիւններու անդամներ:
Եօթնօրեայ բանակումին ծրագիրը բաւական յագեցած էր` դասախօսութիւններ, քննարկումներ, խմբային աշխատանքներ, մրցումներ, այցելութիւններ, խնճոյք, ժամանց:
Բանակումին ընթացքին մասնակիցները դասախօսութիւններ ունկնդրեցին Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական իրավիճակին, Արցախի տագնապի բանակցային գործընթացի ներկայի փուլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կատարելիք աշխատանքին, Հայաստանի եւ հայութեան առաջնահերթ խնդիրներուն, հանրային կարծիքի ձեւաւորման մէջ ընկերային ցանցերու դերակատարութեան, կիպրահայութեան անցեալին ու ներկային եւ Կիպրոսի մէջ ՀՅԴ ներկայութեան վերաբերեալ:
Դասախօսութիւններէն ետք մասնակիցները, բաժնուելով խումբերու, կատարեցին քննարկումներ եւ արծարծուած նիւթերուն վերաբերեալ իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ներկայացուցին բանակումին վերջին օրը:
Տեղի ունեցան մտային ու մարզական մրցումներ: Յառաջացաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտ:
Կիպրոս գտնուելու առիթը օգտագործելով, մասնակիցները այցելեցին Աֆրոդիտէի ծննդավայր, Պլատրես զբօսաշրջային գիւղ, Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ կեդրոն, ծանօթացան հայ գաղութին:
Բանակումի փակման խօսքով, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին անունով, հանդէս եկաւ Յակոբ Մանուկեան, խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեանը:
Յակոբ Մանուկեան նշեց, որ մէկ տասնեակէ աւելի երկիրներէ 65 երիտասարդներու մասնակցութեամբ բանակումը Կիպրոսի մէջ լուրջ ձեռքբերում է: Ան բարի ճանապարհ մաղթեց մասնակիցներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նմանատիպ ձեռնարկներ կրկին հիւրընկալելու Կիպրոսի մէջ:
Սարգիս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայրենիքը մէկ է, երկրորդը չկայ: Հայութեան ներկայի վիճակը անբնական է, հետեւանք` դառն ճակատագիրի: Ուստի Հայաստան եւ սփիւռք ձեռք ձեռքի տուած պիտի կերտեն հզօր հայրենիք: ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու պարտականութիւնն է ամէն ջանք ի գործ դնել այդ նպատակին հասնելու համար»:
Բանակումի մասնակիցները 28 օգոստոսին մասնակցեցան Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթին:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Կիպրոս, Թրոտոս
29 օգոստոս 2016