Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 30 օգոստոսին մասնակցած է Ստեփանակերտի մէջ նոր մարզադահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է «Սահմանամերձ համայնքներու զարգացում» հիմնադրամին` այս նախագիծը իրականացնելու համար եւ կարեւոր նկատած է մայրաքաղաքին եւ հանրապետութեան մէջ մարզադաշտերու ցանցին ընդարձակումը` նշելով, որ այդ հոլովոյթը պիտի ըլլայ շարունակական:
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: