Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրթութիւնը Պէտք Է Հաւասար Ըլլայ Բոլորին Համար» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

August 31, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_83016

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, օգոստոսեան խորհրդակցութեան ծիրին մէջ, կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ դպրոցներու տնօրէններուն հետ: 30 օգոստոսին խորհրդակցութիւն կատարուած է Երեւանի հիմնական դպրոցներու տնօրէններուն հետ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը նշած է, որ այս հանդիպումներուն հիմնական նպատակը այն է, որ անձամբ տեղեակ ըլլայ իւրաքանչիւր դպրոցի դիմաց ծառացած խնդիրներուն մասին: Խօսելով, մասնաւորաբար, մարզային այցելութիւններուն մասին` նախարարը նշած է, որ  իւրաքանչիւր մարզ իր իւրայատկութիւնները ունի, եւ կան մարզեր, որոնք դպրոցներու նիւթականի ապահովման առնչուող բաւական մեծ հարցեր կը դիմագրաւեն: Այդ պատճառով ալ, ըստ նախարարին, իրենք կը մտածեն դպրոցներու ֆինանսաւորման ձեւը թարմացնելու մասին,  քանի որ Հայաստանի մէջ կարելի չէ մէկ բանաձեւով բոլոր դպրոցներուն նիւթական հարցերը լուծել:

«Բացի ատկէ, շատ մեծ խնդիր է փոքր կառոյց ունեցող դպրոցներուն  հարցը, քանի որ երկկառոյց, եռակառոյց կրթութեան ձեւաչափը կ՛ազդէ կրթութեան որակին վրայ: Պէտք է հասկնանք, թէ այդտեղ ի՛նչ պէտք է ընենք: Ըստ էութեան, հարցին լուծումը տակաւին չունինք: Մեր դպրոցներուն զգալի հատուածը 100-է քիչ աշակերտներ ունի, եւ այդ երեխաները մեղաւոր չեն, որ, ըսենք, 3000 մեթր բարձրութեան վրայ կ՛ապրին: Մեքենական լուծում չենք կրնար առաջարկել, այսինքն` փակել դպրոցը եւ բոլորը փոխադրակառքով տեղափոխել մէկ այլ դպրոց չենք կրնար` ճամբաներ չկան, ձմրան ընթացքին ճամբաները վատ վիճակի մէջ կ՛ըլլան: Մենք պարտաւոր ենք նոր ձեւեր մշակելու, եւ հիմա համաշխարհային փորձը կ՛ուսումնասիրենք, քանի որ Քանատայի եւ  Ռուսիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ նոյնպէս կան նման դպրոցներ», ըսած է նախարարը:

Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ գործող 1430 դպրոցներէն 800-էն աւելին ունին մինչեւ 300 աշակերտ: Աւելի մեծ ու ընդարձակ դպրոցներն ու դասարանները, Մկրտչեանի համաձայն, սորվելու մղում կու տան, բայց հոն կրնայ կրթութեան որակը բաւարար չըլլալ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞ն դպրոցներ, որոնք, այնուամենայնիւ, առաջին դասարանցիներ պիտի չունենան` նախարարը ցաւով նշած է, թէ կան: «Վերջնական պատկերը տակաւին յստակ չէ, բայց քանի մը տարի է` ունինք նման հարցեր: Օրինակ` Զանգեզուրի լեռնային շրջաններուն մէջ կան դպրոցներ, որոնք պիտի չունենան առաջին դասարանցիներ», ըսած է Մկրտչեան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Շրջանի Համագործակցութեան Երկիրներու Ժողովին

Յաջորդը

Խմբագրական. Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Օրինակով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.