Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Առանց Քաղաքներու Անուանանշումներուն

Ակնարկ. Առանց Քաղաքներու Անուանանշումներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան, իշխանութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեանի փոխանցած խօսքին հետեւեալ բաժինը պէտք է առնել լուսարձակի տակ «Մենք որեւէ մէկին թոյլ չենք տալու, որ քայքայի մեր պետութեան հիմքերը: Զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանում հարցեր չեն լուծուելու: Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի` Սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ մէկը չփորձի Մերձաւոր Արեւելքից ներմուծել Հայաստան: Թող...

Արման Թաթոյեան Այցելած Է «Դատապարտեալներու  Հիւանդանոց» Եւ Հանդիպում Ունեցած  Պաւել Եւ Արամ Մանուկեաններուն Հետ

Արման Թաթոյեան Այցելած Է «Դատապարտեալներու Հիւանդանոց» Եւ Հանդիպում Ունեցած Պաւել Եւ Արամ Մանուկեաններուն Հետ

Երէկ առաւօտեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան այցելած է «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» եւ հանդիպում ունեցած Պաւել եւ Արամ Մանուկեաններուն հետ: Թաթոյեան զրուցած է անոնց հետ, ուսումնասիրած անոնց կեցութեան պայմանները, իրաւունքներու ապահովման եւ բժշկական խնամքի կազմակերպման վիճակը: Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, քրէակատարողական հիմնարկի վարչակազմի եւ բժշկական անձնակազմի վերաբերմունքին առնչութեամբ Պաւել եւ Արամ Մանուկեանները բողոքներ չեն ներկայացուցած: Նոյն...

Քնեսեթի Մէկ Յանձնախումբը  Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Քնեսեթի Մէկ Յանձնախումբը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ Եաքոպ Մարկի յայտարարեց. «Յանձնախումբը կը ճանչնայ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Մարկի յանձնախումբի ժողովին ընթացքին նշեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը մեր բարոյական պարտաւորութիւնն է»: Ան ցաւ յայտնեց, որ Իսրայէլ «չի ճանչնար այս հաւաքական սպանդը»:

Երկխօսութեան Եռօրեայ Նիստերուն  Մեկնարկը Կատարուեցաւ` Խաղաղ  Մթնոլորտի Մէջ Եւ Նոյն Խոչընդոտներով

Երկխօսութեան Եռօրեայ Նիստերուն Մեկնարկը Կատարուեցաւ` Խաղաղ Մթնոլորտի Մէջ Եւ Նոյն Խոչընդոտներով

Երէկ կէսօրին Այն Թինէ հիւրընկալեց Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ այս անգամ եռօրեայ տեւողութիւն պիտի ունենայ: Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, իսկ անոր մասնակցեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ`...

Ակնարկ.  Վնասի Վերահսկողութիւն

Ակնարկ. Վնասի Վերահսկողութիւն

Էրեբունիի գործողութիւնն ու անոր հետեւած Խորենացիի եւ Սարի թաղի դէպքերը պիտի շարունակեն ունենալ իրենց իրաւական, քաղաքական, ընդհանրապէս հասարակական հետեւանքները: Եւ ինչպէս իւրաքանչիւր ցաւոտ կամ լրջօրէն վնասուած իրականութիւն, իրավիճակի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ են վնասի վերահսկողութեան (Damage control) գործողութիւններու շարք մը: Ընդ որում ոչ միայն պետութենէն, այլ նաեւ հասարակութենէն ակնկալուած: Իսկ այստեղ առարկայականութիւնը, որ ընդհանրապէս իրադարձութիւնները ճիշդ գնահատելու ամէնէն ազդեցիկ եղանակն է,...

Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ  Հանդիպման Ընթացքին. «Հասած Է Եզրակացութիւններ Կատարելու Ժամանակը.  Այս Փուլին Մեր Նպատակը Նաեւ Ազգային  Համաձայնութեան Իշխանութիւն Ձեւաւորելն Է»  Յայտարարեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Հասած Է Եզրակացութիւններ Կատարելու Ժամանակը. Այս Փուլին Մեր Նպատակը Նաեւ Ազգային Համաձայնութեան Իշխանութիւն Ձեւաւորելն Է» Յայտարարեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան

«Անընդունելի իրավիճակը աւարտած է, սակայն ամբողջական հանգուցալուծման համար տակաւին կանուխ է», երէկ նախագահի նստավայրին մէջ հասարակութեան տարբեր շերտերու  ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` մեկնաբանելով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին վրայ  զինեալներու խումբի կատարած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: «Նախ եւ առաջ պէտք է իրականացուի մանրազնին հետաքննութիւն, համակողմանի եւ անաչառ քննութիւն, բաց դատավարութիւն: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է...

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի  Տարածքի Զաւթման Պատճառով Ձերբակալուած Է 47 Անձ

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Զաւթման Պատճառով Ձերբակալուած Է 47 Անձ

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի զաւթման առիթով 17 յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ Քրէական օրէնսգիրքի 219 (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութիւն, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելը) եւ 235 (ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, օգտագործելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) յօդուածներու յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած է...

Նախարար Նալբանդեան Թիֆլիսի Մէջ  Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Նախարար Նալբանդեան Թիֆլիսի Մէջ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

  Պաշտօնական այցելութեամբ 1 օգոստոսին Վրաստան այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հետ: Ճանելիծէ նշած է, որ դրացի երկրին արտաքին գործոց նախարարին տուած այցելութիւնը նշանակալի իրադարձութիւն է, առիթ է շարունակելու երկխօսութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Նալբանդեան իր կարգին նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Վրաստանի...

Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ  Հանդիպում` ԶՈՄ-ականներու  Եւ Պատանեկան Միութեան Սաներու Հետ

Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում` ԶՈՄ-ականներու Եւ Պատանեկան Միութեան Սաներու Հետ

Արցախի ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ 30 յուլիսին հիւրընկալուած են Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ եւ Իրանի Նոր Ջուղայի ՀՅԴ «Թադեւոս Թադեւոսեան» պատանեկան միութեան սաները: Անոնք ընդունուած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ժիրայր Շահիջանեանի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին...

Խմբագրական.  Լիբանանեան` Այո՛, Բայց Նաեւ Շրջանային-Միջազգային (Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Լիբանանեան` Այո՛, Բայց Նաեւ Շրջանային-Միջազգային (Բանակի Օրուան Առիթով)

Շատ յայտարարուած, գրուած ու խօսուած է այն մասին, որ լիբանանեան բանակը մայրիներու երկրին անգերազանցելի այն հաստատութիւնն է, որ իրօք կը ներկայացնէ ամբողջ երկրին եւ ժողովուրդին խորհրդանիշը: Այնտեղ միջհամայնքային համակեցութիւնը ամէնէն վառ օրինակներով բացատրուած է եւ ձեւ ու մարմին ստացած: Փաստօրէն միեւնոյն զօրակայաններուն, զինուորական դպրոցներուն, ճակատներուն թէ խրամատներուն մէջ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներու երիտասարդները կ՛ապրին, կը մասնագիտանան, կը պատերազմին եւ ի...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը Յուլիսի 29-ի Դէպքերի Մասին

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Յուլիսի 29-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ այն, ինչը բացառելուն ուղղուած էին բազմաթիւ քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւնների, անհատների` երկրի ու ժողովրդի ճակատագրով մտահոգ մարդկանց խօսքն ու գործը: Ցաւօք, ողջամտութեան ու հանդուրժողականութեան կոչերն ու յորդորները, խնդրի խաղաղ, բոլոր կողմերին եւ ամենակարեւորը` հասարակութեան ամենալայն զանգուածին բաւարարող լուծմանը բերող ջանքերը առայժմ ցանկալի արդիւնքի չեն հասել, երկխօսութեան փխրուն գործընթացը խանգարուեց: Մէկ կողմից հանրահաւաքի ու...

Ռուստամեան. «Որեւէ Հաշուեյարդար  Պէտք Չէ Կատարուի Այդ Անձերուն Նկատմամբ»

Ռուստամեան. «Որեւէ Հաշուեյարդար Պէտք Չէ Կատարուի Այդ Անձերուն Նկատմամբ»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Երկիր Մետիա»-ի խնդրանքով մեկնաբանած է ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած, իսկ 31 յուլիսին անձնատուր եղած զինեալներուն յանձնուելու որոշումը, ինչպէս նաեւ այս բոլորին լոյսին տակ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը: «Մենք կ՛ողջունենք զինեալ խումբի անդամներուն յանձնուելու որոշումը, քանի որ ատիկա միակ ուղին էր նոր զոհերէ խուսափելու եւ արիւնահեղութիւնը բացառելու: Եւ, բնականաբար, մեր հիմնական հարցը այն էր,...

«Սասնայ Ծռեր» Զինուած Խումբի Անդամները  Վար Դրին Զէնքը Եւ Յանձնուեցան Իշխանութիւններուն

«Սասնայ Ծռեր» Զինուած Խումբի Անդամները Վար Դրին Զէնքը Եւ Յանձնուեցան Իշխանութիւններուն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ 17 յուլիսէն Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» զինուած խմբաւորման անդամները վար դրած են զէնքը եւ յանձնուած  իշխանութիւններուն: «Սոյն թուականի 30 եւ 31 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքի ազատագրման ուղղուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը  աւարտած է», ըսուած է ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է,...

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Յաղթական Այցելութիւնը Քեսապ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Օրը` հինգշաբթի, 28 յուլիս 2016: Յետմիջօրէի ժամը 3:00: Նստած հեռատեսիլին դիմաց` կը սպասեմ, որ ժամը 5:00 հասնի, որպէսզի Քեսապի հնամենի, վերանորոգ Ս. Աստուածածին հոյակերտ եկեղեցւոյ առջեւ դիմաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառը: Ասիկա վեհափառ հօր երկրորդ այցելութիւնն է Քեսապ: Առաջինը` 2010-ին, Գարատուրան գիւղի նորակերտ, քառաշէն Ս. Աստուածածին (երկրորդ) եկեղեցւոյ օծման արարողութեան համար: Երեք օրեր քեսապահայութիւնը պատւուեցաւ անոր այցելութեամբ,...

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններ, որ սկսած էր Լաթաքիայէն, շարունակուեցաւ Յուլիս 29ին Քեսապ այցելութեամբ, ուր կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին, իսկ վեհափառը իր հովուական պատգամը ամբողջովին նուիրեց Քեսապի պատմական ու պահանջատիրական պայքարի կարեւորութեան, անցած...

Լարուած Վիճակ` Խորենացի Փողոցին  Եւ Սարի Թաղ Շրջանին Մէջ

Լարուած Վիճակ` Խորենացի Փողոցին Եւ Սարի Թաղ Շրջանին Մէջ

29 յուլիսի երեկոյեան լարուած վիճակ տիրեց Երեւանի Սարի թաղ կոչուող շրջանին մէջ: Նախ փոքր բախում եղաւ, այնուհետեւ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ արգիլուած է հոն հաւաք կատարելը: Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան հաւաքի կազմակերպիչներէն Արմէն Մարտիրոսեանը յորդորեց անօրինական հաւաքը տեղափոխելու այլ վայր մը: Տեսնելով, որ Արմէն Մարտիրոսեան չի համոզուիր, փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեան միացաւ զրոյցին եւ հաւաքուածներուն հրամայեց հեռանալ: Ըստ ոստիկանութեան, այդ հատուածին մէջ...

Տարածքային Զարգացման Ռազմավարութեամբ  Կը Նախատեսուի Մարզերուն Մէջ Ստեղծել  50-60 Հազար Նոր Աշխատատեղեր

Տարածքային Զարգացման Ռազմավարութեամբ Կը Նախատեսուի Մարզերուն Մէջ Ստեղծել 50-60 Հազար Նոր Աշխատատեղեր

29 յուլիսին կառավարութեան կողմէ հաստատուեցաւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի ներկայացուցած 2016-2025 թուականներու տարածքային զարգացման ռազմավարութիւնը: Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ նախքան կառավարութեան ներկայացնելը, ռազմավարութեան փաստաթուղթը քանի մը փուլերով քննարկման ենթարկուած է նախարարութեան հասարակական խորհուրդին, ապա Հանրային խորհուրդին մէջ, իսկ քննարկումներուն մասնակցած են Եւրոպական Միութեան դեսպանները եւ համապատասխան մարզի մասնագէտները: 2016-2025 թուականներուն տարածքային զարգացման ռազմավարութիւնը  կը ներառէ տարածքներու...

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման  Առնչութեամբ Եգիպտոսի Խորհրդարանէն  Դրական Նշաններ Կու Գան»  Կ՛ըսէ Արմէն Մազլումեան

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առնչութեամբ Եգիպտոսի Խորհրդարանէն Դրական Նշաններ Կու Գան» Կ՛ըսէ Արմէն Մազլումեան

Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչութեամբ Եգիպտոսի խորհրդարանէն դրական նշաններ կու գան: «Տարիներէ ի վեր մեր կողմէ աշխատանք կը տարուի, Հայոց ցեղասպանութեան իրական պատկերը կը ներկայացնենք հասարակութեան տարբեր շրջանակներուն` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ գիտական: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետ կապուած, ընդհանուր առմամբ,...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ`  12-րդ Տարին Ըլլալով «Դէպի Երկիր» Գործուղումը  Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` 12-րդ Տարին Ըլլալով «Դէպի Երկիր» Գործուղումը Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումը այս տարի յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով ընթացք առաւ Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Բերձոր շրջաններուն մէջ` խորագիր ունենալով յաջորդաբար «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է»: Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ աշխատանքները սկսած են արդէն, եւ շրջաններուն մէջ կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն: Ճամբարները ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, որ կը բաղկանայ պատմական, ազգային, մշակութային, ընկերային...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը յառաջիկայ երկամեակին համար յառաջացուց Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդը (Նախադատ ատեան), որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները.- - Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքէզեան - Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան - Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ.Կարապետեան - Զօր. Փանոս Մանճեան - Տիկին Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան - Տիար...

Page 685 of 796 1 … 684 685 686 … 796

Արխիւներ